Ակնարկ-Ռումբերը լուծում չեն բերեր

democracy-10-9-2013Սուրիոյ դէմ զինեալ յարձակումի մը որոշումը հրապարակ նետելէ ասդին, նախագահ Օպամա հազուադէպ երկփեղկումի մը պատկերը կը դիմագրաւէ թէ՛ քաղաքական եւ թէ լրատուական-քարոզչական բեմերուն վրայ, Միացեալ Նահանգներէ ներս թէ զինակիցներու շրջանակին մէջ։ Յարձակման ընտրանքը թմբկահարողներուն դիմաց, կայ այդ ընտրանքին ընդդիմացողներու ստուար շարժում մը, որ կլանած է նաեւ փողոցը. ռազմական նոր ճախճախուտէ մը ետ կենալու պահանջը բարձրաձայնող ցոյցեր ու բողոքի արտայայտութիւններ իրարու կþարձագանգեն Լոս Անճելըսէն մինչեւ Ուաշինկթըն եւ եւրոպական քաղաքներ։ «Յարձակի՞լ, թէ՞ չյարձակիլ» հարցումը ստացած է շէյքսփիրեան «ըլլա՞լ, թէ՞ չըլլալ» դասական արտայայտութեան տարողութիւնը։
Բրիտանիոյ խորհրդարանին քիչ մը անակընկալ «ոչ»էն ետք, Օպամայի մեկուսացումը հետզհետէ շեշտուեցաւ, թէեւ Եւրոպայի մէջ թէ ամերիկեան քաղաքագէտներու շրջանակէն ներս, կարգ մը մենակատարներ կը ձայնակցին ռմբակոծումի ընտրանքին։ Մեծ չէ թիւը այն աղբիւրներուն, ուրկէ այս ընտրանքին ջաղացքը դարձնելու համար ջուր կը բերուի, իսկ յառաջ բերուած հիմնաւորումները զերծ չեն ինքնահակասումէ եւ… իրականութիւններէ խզուած ըլլալու վիճակ մատնելէ։

Միւս կողմէ, ակներեւ դարձած է, թէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու գործածութիւնը «կարմիր գիծ» հռչակելու նախագահին ծանօթ յայտարարութիւնը ինքնաթակարթումի ծառայած է, նախագահը դնելով «Էշ նստիլը մէկ յանցանք, իջնելը՝ երկու յանցանք» դրութեան մէջ։ Ու պատճառները բազմաթիւ են. հարցականներ կը մնան, թէ քիմիական զէնք գործածող կողմը իսկապէս Սուրիոյ իշխանութի՞ւնն էր, թէ Սուրիա ներածուած ահաբեկչական խմբակներէն մէկն ու մէկը, արաբական որոշ կողմերու աջակցութեամբ (թերեւս նաեւ պատերազմի ընտրանքին յակողներու ներշնչումով)։ Հարց կը տրուի, թէ ինչո՞ւ Ղաութայի վրայ 21 Օգոստոսի յարձակումի զոհերուն թիւը կը տարուբերի 250էն մինչեւ 1400 կամ աւելի։ (Ի դէպ, զոհերուն թիւը մեծ կամ փոքր ըլլալը չէ որ պիտի բնութագրէ ոճիրին տարողութիւնը. մէկ զոհն անգամ մեծ թիւ է…)։

Այս պայմաններուն մէջ, երբ նախագահ Օպամա Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբերին անգամ մը եւս իր «դատը» ներկայացնէ խորհրդարանականներուն եւ խնդրէ անոնց քուէն, անորոշ է, թէ ան պիտի վայելէ՞ իր նախորդին քաղած պտուղները. չէ մոռցուած, թէ Իրաքի վրայ պուշեան յարձակումի քայլին քուէ տուող բազմաթիւ խորհրդարանականներ աւելի ուշ խոստովանեցան, թէ քուէարկած էին առանց իսկապէս որոշ ճշմարտութիւններու իրազեկ ըլլալու, իսկ ուրիշներու պարագային, ի յայտ եկաւ, որ «ներգրաւուած» էին զինուորական ու քարիւղի ճարտարարուեստի թմբկահարներուն կողմէ (Միացեալ Նահանգներու մէջ կաշառք ստանալը արգիլուած է…)։

Այսօր պատկերը որոշ փոփոխութեամբ կը ներկայանայ եւ շաբաթավերջին, կարգ մը աղբիւրներ հաւաստեցին, թէ Օպամա պիտի չկարենայ ապահովել սպասած քուէները եւ, հետեւաբար, կրնայ յարձակումի որոշումը տալ ինքնագլուխ, պնդելով, որ Ամերիկայի շահերը այդ կը պահանջեն, հոգ չէ թէ ամերիկացներուն մեծ մասը նման քայլի մը մէջ միայն վնաս կը տեսնէ։

Խառն պատկերին մէջ, հազիւ կը նշմարուին… 9/11ի մթնոլորտին չարաշահումը, տարբեր խաղքութիւններ քողարկելու եւ ներքին տագնապներ մոռացութեան մատնելու ճիգերը։
* * *
Խորքին մէջ, խորհրդարանը Օպամայի կողքին կանգնի թէ զայն առանձին որոշում տալու վիճակին մատնէ, հարցին էութենէն մեծ բան չի փոխուիր։

Ռմբակոծումի որոշումին գործադրութիւնը պիտի նշանակէ յաւելեալ քանդում, զոհերու թիւի բարձրացում, ապրուստի պայմաններու վատթարացում եւ, մէկ խօսքով՝ տագնապին աւելի եւս ծանրացում, առանց արհամարհելու այն, որ հետզհետէ աւելի մեծ թիւ հաշուող ահաբեկչական խմբակները նոր քաջալերանք պիտի գտնեն։ Ալ չենք խօսիր միւս հաւանականութիւններուն մասին, թէ՝ յարձակում մը ինչպիսի՞ հակադարձութիւն կրնայ գտնել, վառօդը մինչեւ ո՞ւր կրնայ տարածուիլ շրջանին մէջ, կամ՝ միջազգային բեմին վրայ։

Այլ խօսքով, զինեալ միջամտութիւն մը պիտի ունենայ այնպիսի հետեւանքներ, որոնք ճիշդ հա- կառակն են յայտարարուած նպատակներուն տառին ու ոգիին, ոչ մէկ նպաստ պիտի բերեն այն զանգուածներուն, որոնց բարիքին համար իբրեւ թէ պիտի կատարուի ծանօթ միջամտութիւնը։

Եթէ Ուաշինկթընի կարծրամիտները չեն գիտեր այս ճշմարտութիւնները եւ որոշած են առնել յարձակումի քայլը, յանցաւոր են. եթէ չեն գիտեր (այս կասկածը կը բխի այն տպաւորութենէն, որ «պատերազմասէր իմաստունները» կը թուին անջատուած ըլլալ իրականութիւններէն), կրկնակի՛ յանցաւոր են։

Լուծո՞ւմը։ Բայց անոր համար, բաց ականջներ, բաց աչքեր ու մանաւանդ բաց միտքեր անհրաժեշտ են։
Լուծումը՝ ոչ միայն զինուորական որեւէ ընտրանքէ ետ կանգնիլն է, այլ նաեւ հակամարտող կողմերն ալ զէնքէ հեռու պահելն է։

Նո՛յնքան կարեւոր է լսել ժողովուրդին ճիչն ու աղերսանքը, այն ժողովուրդին՝ որ աւելի քան 100,000 զոհ տուած է արդէն, անոր խաւերէն աւելի քան երկու միլիոն հոգի գաղթական դարձած են դրացի երկիրներու մէջ թէ աշխարհով մէկ։

Այն ժողովուրդին՝ որ սարսափով կը դիտէ անորոշ ապագան, կþապրի ոճրագործ խմբաւորումներու նոխազը դառնալու մղձաւանջը, ի տես ոճրային այն արարքներուն ու կողոպուտներուն, որոնք կþուղղուին փոքրամասնութեանց դէմ, իսկ նման ոճիրներէ զերծ չէ որեւէ հատուած, մինչեւ իսկ եթէ մեծամասնութեան աղիւսակին տակ դրուած կը նկատուի։

… Աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ, Լիբանան ապրեցաւ ի՛ր տագնապը։ Տասնամեակ մը առաջ, Իրաքի վիճակուեցաւ տարբերակ մը, որ պայթեցաւ ստապատիր պատճառաբանութիւններով։ «Արաբական Գարուն»ով կլանուած երկիրներուն մէջ, այդ շինծու գարունէն ոչինչ մնացած է։

Եւ ինչպէս որ Լիբանանը ունեցաւ իր Թաէֆը (հոգ չէ թէ կատարելագոյն լուծումը չբերաւ, սակայն գոնէ մահասփիւռ պատերազմը դադրեցուց), Սուրիան ու տագնապահար միւս երկիրներն ալ կը սպասեն իրե՛նց քաղաքական լուծումներուն։

Լուծումները չեն կրնար բերուիլ ամերիկեան կամ այլատեսակ ռումբերով, որքան ալ «խելացի» որակուին այդ հրթիռները։ Իսկ եթէ այս բոլորին մէջ զէնքի արտադրիչները նոր հրթիռներու փորձարկումի դաշտ կը փնտռեն (չէ մոռցուած նաեւ Իրաքի առաջին պատերազմին գործածուած «Փէթրիըթ»ներու պատմութիւնը), սա արդէն պիտի նշանակէ շարունակուող ոճիրներուն ուղղակի մասնակցութիւն…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
azator.gr
8 Սեպտեմբեր

Տպել Տպել