ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սլէյման Ֆրենժիէի Եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի

Frangieh-Tashnag-300x199ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ Յովնանեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց Պնաշհի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ եւ Թոնի Ֆրենժիէ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող այլ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Րաֆֆի Աշգարեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեկոյեան այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

aztagdaily.com

Տպել Տպել