ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկեր Յակոբ Խաչերեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Էլի Մարունի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամներ Փիեռ Ժալըխ եւ Ժորժ Եազպեք:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները:
aztagdaily.com







