«Ազդակ»ի Խմբագրական. Հայ Դպրոցէն Ինքնակամ Հեռացումը Արտագաղթի Տարբերակ Է (Հայկական Վարժարաններուն Վերամուտին Առիթով)

dprotcԼիբանանահայ վարժարաններու վերամուտին առիթով հայ դպրոցի, հայեցի կրթութեան, հայակերտման եւ մարդակերտման անառարկելի առաջադրանքներուն մասին յաւուր պատշաճի խօսքեր ըսելը եւ բազմիցս շեշտուած կարեւորութիւններուն մասին գրելու սովորամոլութիւն մը եւ դասականացած եւ աւանդականացած մօտեցումներուն առընթեր գործնական ուղիներու տեսանելիութիւնը օգտակար դեր կրնան ունենալ հարցերու լուծման փուլ թեւակոխելու առումով:

Տագնապը, որ անշուշտ զուտ բացառապէս ուսումնական բնոյթ չունի, հետզհետէ սուր գիծեր կը ստանայ եւ կը սպառնայ գաղութի համապատկերին ճիշդ արտացոլացման: Համագաղութային մակարդակով ներհայեցողութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է միասնաբար այսօրուան դժուարութիւնները քննարկելու եւ անպայմանօրէն միասին լուծումներ առաջարկելու եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք ծաւալելու: Այսօր գաղափարական հովանաւորութիւն ունեցող կրթամշակութային միութիւններն ու յարանուանական պատկանելիութիւն ունեցող ուսումնական հաստատութիւնները, բոլո՛րը, առաւել կամ նուազ չափով կը դիմագրաւեն մասնագիտական մարդուժի, նիւթական, դպրոցավարական, աշակերտութեան թիւի նուազումի եւ այս ոլորտի վերաբերող տարբեր խնդիրներ: Ցուցափեղկային արդիւնքները, պետական քննութիւններուն յաջողած աշակերտներու թիւերու հրապարակումը եւ այդ ճամբով յառաջացած մրցավազքը որեւէ տեղ չեն հասցներ: Մանաւանդ այնպիսի տեղ, որ հայ դպրոցը իբրեւ նպատակ ճշդած է իր առաքելութեան ճամբուն վրայ:

Գաղութներու ղեկավարման տարբեր մարզերու վերաբերեալ նոր ձեւաչափերու, բոլոր շրջանակները ներգրաւելու եւ հարցերուն լուծման ի խնդիր համատեղ աշխատելու գաղափարը դանդաղօրէն կը յանգի համագաղութային տարազով համակարգող մարմիններու կազմութեան: Արագութեան եւ բաց համակարգի այս դարուն եւ անոր ճշդած օրինաչափութիւններուն դիմաց այս առումով դանդաղ է մեր ընթացքը: Միասինը աւելի կարգախօսային է, քան կիրառական իրականութիւն: Միասնականը քիչ առիթներու իրողական է եւ ընդհանրապէս` յայտարարական:
Լիբանանահայ գաղութի վաղուան պատկերն ու դիմագիծը կ՛ուրուագծուի, կը ձեւաւորուի եւ կը կայանայ այսօրուան հայ դպրոցի արտադրած մարդուժով: Որքան ճիշդ ու նպատակուղղուած կ՛ըլլայ այս մարզին մէջ գաղութին կատարած ներդրումը, այնքան արդիւնաւէտ կ՛աշխատի մարդուժի արտադրողականութեան լծուած ուսումնական միջավայրը:

Իսկ լիբանանահայ դպրոցի մարդուժի հայթայթման գրեթէ եզակի իւրայատկութիւնը այսօր ստացած է կրկնակի պարտաւորութիւն: Սուրիահայ գաղութի ստացած հարուածը, այնտեղի մեր դպրոցներուն կրթական տարեշրջան բոլորելու հաւանականութեան խնդրոյ առարկայ դառնալը, գաղութէն հասկնալի պատճառով արձանագրուող արտահոսքը լիբանանահայ դպրոցին վրայ յաւելեալ պատճառներով կը կեդրոնացնեն մարդուժի հայթայթման աղբիւր տեսնողներուն ուշադրութիւնը:

Կրթական ոլորտի բարեփոխումը հետեւաբար, առաջնային օրակարգի պէտք է վերածել: Ազգային նոր կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութիւնը, հայեցի կրթութեան հետ կապուած հարցերը, հայոց պատմութեան դասագիրքերու մշակումը, դպրոցական համապատասխան միջավայրերու ստեղծումը. եւ տակաւին անցնելով արտադասարանային աշխատանքներէն եւ գործունէութենէն (որոնք նոյնքան կարեւոր են` ուսումնական ծրագիրներուն առընթեր) այս գաղութի բոլոր շրջանակներուն համար ահազանգային կարգով պէտք է ստանան առաջնային կարեւորութիւն:
Ուսումնական հարցերով զբաղելու կոչուած համակարգող մարմին մը, բոլորին մասնակցութեամբ, ինքզինք կեանքի պիտի կոչէ եւ այս հարցերու քննարկումը կատարէ փուլ առ փուլ: Փուլային բարեփոխումներու այս գործընթացին մէջ, անպայման հայեցի նիւթերու վերանայման, ծրագիրներու վերամշակման մէջ յատուկ տեղ տրամադրել Հայաստանի այսօրուան հանրապետութեան իրավիճակին, արտաքին քաղաքականութեան, հայ-թուրք յարաբերութիւններուն, Արցախի բանակցութիւններուն եւ միջազգային ճանաչման հետ կապուած տարբեր հանգրուաններուն: Տարբեր խօսքով, այսօրուան հայկական աշխարհին ժամանակակից բոլոր խնդիրներուն: Տեսականին առընթեր գործնականին հնարաւորութիւնները եւս ստեղծելով, յատկապէս դէպի հայրենիք աշակերտական այցելութիւններ կազմակերպելով:

Ցնորային եւ անիրատեսական առաջադրանքներ չեն ասոնք: Համագաղութային մակարդակի համակարգող մարմինը կը յաջողի անպայման Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարութեան եւ համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ հետեւողական համագործակցութեամբ իրականացնել այս բոլորը: Փուլ առ փուլ: Կարեւորը նախաձեռնելն է:

Եւ եթէ այսօր անհրաժեշտութիւն կայ բոլորին մասնակցութեամբ հայրենիքէն արտագաղթի կասեցման աշխատանքներուն նպաստելու, գաղութի մակարդակով ալ կայ բոլորին մասնակցութեամբ հայ դպրոցէն դէպի ոչ հայկական դպրոց արձանագրուող «արտագաղթ»-ին դիմաց ձեռնունայն չմնալու: Ի վերջոյ գաղութի համայնական կեանքէն ինքնակամ հեռացումը արտագաղթի տարբերակ է: Ասիկա բոլորիս խնդիրն է եւ բոլորիս համատեղ աշխատանքը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է:

aztagdaily.com

Տպել Տպել