Հայ Եկեղեցւոյ Միութիւնը Շեշտող Պատմական Իրադարձութեամբ Մը. Ս. Էջմիածինի Մէջ Իր Աշխատանքներուն Սկսաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը

Echmiazin_opening (1)Նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ երէկ սկսաւ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովը:

Ժողովին մասնակցելու համար աշխարհի տարբեր ծայրերէն Ս. Էջմիածին ժամանած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր թեմերու առաջնորդները եւ պատուիրակները: Հայ եկեղեցւոյ 75 արքեպիսկոպոսներէն եւ եպիսկոպոսներէն ներկայ էին 62-ը:

Ժողովի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Պէտք է նշել, որ Եպիսկոպոսաց այսպիսի համահաւաք ժողով մը տեղի ունեցած է 600 տարի առաջ:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ողջունեց ներկաները Ս. Էջմիածինի մէջ: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ առաջին անգամն է, որ Եպիսկոպոսաց ժողով կը գումարուի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եպիսկոպոսաց դասի մասնակցութեամբ:

Ժողովի մասնակիցներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց նախագահ Սերժ Սարգսեան` վերյիշելով այն կարեւորագոյն առաքելութիւնը, որ Հայ առաքելական եկեղեցին կատարած է հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար: «Իրապէս դարակազմիկ իրադարձութեան ականատես կը դառնանք: Հանգամանքներու բերումով դարեր շարունակ, մասնաւորաբար վերջին վեց հարիւրամեակներու ընթացքին, կարելի չէ եղած գումարել Հայոց եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց դասի ժողով: Ուրախութեամբ պէտք է արձանագրեմ, որ այժմ կարելիութիւն ստեղծուած է յաղթահարելու այդ հարցը»:

Նախագահ Սարգսեան նաեւ վստահութիւն յայտնեց, որ ժողովը «նոր յառաջընթաց պիտի ազդարարէ հայոց հոգեւոր կեանքին մէջ եւ թոյլ պիտի տայ համայն հայութեան նոր եռանդով ու լիցքով լծուելու ազգային իղձերու իրականացման»:

«Եպիսկոպոսը Աստուծոյ տնտեսն է, կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալը եւ «խնամք կը տանի Եկեղեցւոյ, որ է քաղաք Աստուծոյ», կ՛աւելցնէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի մեծ վարդապետը: Այս պատասխանատուութեամբ Եպիսկոպոսաց սոյն ժողովը պիտի քննարկէ եւ որոշումներ տայ մկրտութեան ծէսի եւ սրբադասման օրակարգային հիմնական հարցերուն վերաբերեալ: Մկրտութեան ծէսի միօրինակութեան ապահովման եւ սրբադասման կանոնի հաստատման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանք իրականացուցած են Ամենայն Հայոց հայրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միացեալ յանձնախումբերը», շեշտեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման հարցին: Նախագահը յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշէմին ամբողջ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր «ոչ»-ը հնչեցնել մարդկութեան դէմ ոճիրներուն: Նախագահը պարտք նկատեց մեր նախնիներուն, մեր անմեղ զոհերուն եւ ամբողջ մարդկութեան նկատմամբ, որպէսզի ապագային կարելի ըլլայ կանխել նոր ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ այս օրերուն Սուրիոյ մէջ կը շարունակուի կործանարար քաղաքացիական պատերազմը, որ դարձաւ սուրիահայ համայնքի ծանրագոյն փորձութիւնը: «Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողը մեր մեծագոյն ցաւն է եւ մեր ամէնօրեայ թիւ մէկ մտահոգութիւնը: Սուրիոյ ժողովուրդը հայերուս համար ամէնէն ծանր պահուն գրկաբաց ընդունեց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածները եւ իր ունեցածը կիսեց մեզի հետ: Մենք կը ցանկանք, որ ստեղծուած իրավիճակին համար ըստ կարելւոյն շուտ քաղաքական լուծում գտնուի եւ դադրի արիւնահեղութիւնը մեր բարեկամ երկրին մէջ»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ ներկայացուց իր պատկերացումը եւ տեսլականը եկեղեցական բարեփոխումներուն մասին: «Ի՞նչ կը հասկնանք «բարեկարգութիւն» ըսելով-սոսկ անցեալի աւանդութեանց վերականգնո՞ւմը, մեր եկեղեցւոյ ծիսական կարգին վերադասաւորո՞ւմը կամ կրճատո՞ւմը, լոկ լեզուի փոփոխութի՞ւնը եւ կամ ծիսական նոր համակարգի մը հաստատո՞ւմը` մեր կեանքին ներկայ դրուածքին պատշաճող:
Մեր հայեցողութեամբ, բարեկագութիւնը ըստ էութեան պէտք է ըմբռնել իբրեւ եկեղեցւոյ կեանքին ու մտածողութեան, վկայութեան եւ առաքելութեան վերարժեւորումը, վերանորոգումը եւ վերակենսաւորումը: Արդարեւ, եկեղեցին կը վերածուի թանգարանի, եթէ չվերանորոգուի», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս (նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքերը ամբողջութեամբ պիտի տանք հետագային):

Մինչեւ 27 սեպտեմբեր ներառեալ շարունակուելիք Եպիսկոպոսաց ժողովի ծրագիր-օրակարգին վրայ նշուած են մասնաւորաբար երկու հարցեր. Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հարցը եւ Ս. մկրտութեան ծիսական կանոնական արարողակարգին առնչուող խորհուրդի ծրարը:

Բացի օրակարգային նշուած հարցերէն, ժողովը պիտի քննարկէ նաեւ հայ եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրները:

aztagdaily.com

Տպել Տպել