Ակնարկ. Մարդասիրական Պատասխաններ Քաղաքական Շահարկումներու Դիմաց

KashataghՊաքուն հետեւողականութիւն ցոյց կու տայ Արցախի մէջ կատարուող բնակեցման աշխատանքներուն վրայ միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու իր առաջադրանքի իրականացման փորձերուն մէջ: Երեւոյթը արձանագրուած էր իրաքահայերու Արցախի մէջ հաստատման օրինակներուն դիմաց, այժմ ալ կը շարունակուի սուրիահայ ընտանիքներուն բնակեցման առիթով: Օրին տակաւին Դամասկոսի մէջ կը գործէր ազրպէյճանական դեսպանատունը, երբ Դամասկոսը կը մեղադրուէր իբրեւ տարանցիկ կէտ Իրաքէն Երեւան եւ ապա Արցախ ուղեւորուող եւ հաստատուող իրաքահայ ընտանիքներուն համապատասխան դիւրութիւններ ընձեռելու պատճառով:

Հիմա բողոքառու գրասենեակը ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Պաքուի գրասենեակի ներկայացուցչութիւնն է: ՄԱԿ-ի գրասենեակի պատասխանատուին բացատրութիւնը յայտնապէս չէ գոհացուցած Պաքուն: «Մենք տեղեկութիւն ստացած ենք Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին հայ գաղթականներու բնակեցման վերաբերեալ եւ համապատասխան հաշուետուութիւնները արդէն ուղարկուած են ՄԱԿ-ի ժընեւի կեդրոն ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Սակայն անձամբ կը խորհիմ, որ այս հարցը պէտք է լուծուի առանց ՄԱԿ-ի միջամտութեան, որովհետեւ ՄԱԿ-ը որեւէ առնչութիւն չունի այս հարցին հետ»:

Ուրեմն. նախ պէտք է անմիջապէս նկատել, որ այս կարծիքը եթէ կը հրապարակուի, ամենայն հաւանականութեամբ պաշտօնապէս կ՛ուղարկուի նաեւ ՄԱԿ-ի կեդրոն: Իսկ այս կարծիքին հետ հաշուի կը նստի կեդրոնը` տրուած ըլլալով, որ կարծիքը ներկայացնողը այս հարցերու գերագոյն յանձնակատարն է, որ լիազօրուած է այս աշխատանքները համակարգելու: Ըսուածը պարզապէս այն է, որ ՄԱԿ-ի միջամտութեան որեւէ իրաւական հիմք գոյութիւն չունի. աւելի յստակ ընդգծուած, որ Արցախի մէջ կատարուող բնակեցման աշխատանքները միջազգային օրէնքի խախտում չեն նկատուիր:

Հետաքրքրական է, որ սուրիահայ բառը չ՛օգտագործուիր իբրեւ գաղթականներ բնութագրող բառակապակցութիւն:

Կ՛ըսուի ընդհանրապէս «հայ գաղթականներ»: Պարզ է, որ սուրիահայը շեշտուած է Պաքուի կողմէ եւ կը մեկնաբանուի իբրեւ փորձ հրատապ թեմայի կապելով խնդիրը միջազգային յաւելեալ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու մարտավարական խաղ կատարելով: Պատասխանին մէջ կ՛ընդհանրացուի գաղթականութիւնը եւ այսպիսով նաեւ միանգամընդմիշտ կը յստակացուի, որ հայ ազգաբնակչութեամբ Արցախը բնակեցնելը իրաւական որեւէ արգելքի չի հանդիպիր միջազգային ընտանիքին կողմէ:

Այսքան ՄԱԿ-ի Պաքուի գրասենեակին կողմէ: Հիմա գանք Երեւան-Արցախ եւ այնտեղ տեսնենք քանատացի խորհրդարանական Սթեֆան Տիոնի յայտարարութիւնը դարձեալ Պաքուի ցուցաբերած անհանգստութեան մասին:
Խնդիրը կը վերաբերի Պաքուի սեւ ցուցակին, այսինքն բողոքին օտարերկրեայ այն պաշտօնատարներուն եւ պետական ու հասարակական գործիչներուն դէմ, որոնք կ՛այցելեն Արցախ: Տիոնի բացատրականը հետաքրքրական է եւ կ՛առնչուի ՄԱԿ-ի Պաքուի գրասենեակի պատասխանատուին կատարած յայտարարութեան. ձեւով մը: Տիոն կը յայտնէ, թէ ինք սեւ ցուցակի գոյութենէն տեղեակ չէր, թէ իր նպատակը որեւէ ձեւով Քանատայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութիւն ստեղծելը չէ, եւ կ՛աւելցնէ, թէ ինք եկած է զբաղելու համար սուրիահայ գաղթականներու թղթածրարով: Այցելութեան նպատակի այս բանաձեւումը խորքին մէջ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարին կատարած յայտարարութեան համահունչ է: Արցախի մէջ սուրիահայերու բնակեցումը բնական գործընթաց է եւ որեւէ ձեւով բողոքի տեղի տալու իրաւական հիմք չի պարունակէր իր մէջ: Այսքան պարզ:

Պաքուն խորապէս գիտակից է, որ օրին իրաքահայերու, այսօր սուրիահայերու կողմէ արձանագրուող բնակեցումները ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան մէջ բեկումնային ազդեցութիւն ունենալու հնարաւորութենէն հեռու են: Քաղաքական շահարկումի հերթական փորձն է, որ կը կատարեն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, որոնք սակայն կը հանդիպին իրաւական հիմքի վրայ կառուցուած մարդասիրական պատասխաններու:

«Ա.»
aztagdaily.com

27/09/2013

Տպել Տպել