Կազմակերպուած աշխատանք, Եւրոպահայութեան հզօր ներուժի համախմբում

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի կազմակերպութեամբ
Եւրոպահայութեան երկօրեայ խորհրդաժողով Պրիւքսելի մէջ

logo (1)Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութեանց պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչներու, հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերու եւ եւրոպահայ համայնքներու ու մամլոյ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ՝ այսօր Պրիւքսելի հայ տան մէջ բացումը կը կատարուի Եւրոպահայոց Գ. համագումարին, որ կոչուած է համախմբելու եւրոպահայ ազգային ներուժը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ։

Խորհրդաժողովը կը շարունակուի վաղը Երեքշաբթի օր, Եւրոպական Խորհրդարանի դահլիճէն ներս, ներկայութեամբ նաեւ եւրոերեսփոխաններու եւ եւրոպացի քաղաքական գործիչներու։

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս կուգան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հայոց առաջնորդ Նորվան Զաքարեան որպէս ներկայացուցիչ ամենային հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան։

Նախատեսուած օրակարգերով կը քննարկուին հայութեան եւ յատկապէս եւրոպահայութեան յառաջիկայ մարտահրաւէրներուն կապուած հարցեր։
Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս կազմակերպուող նիստին՝ վերլուծական զեկոյցներով հանդէս կուգան Եւրանեսթի Մարդկային իրաւանց եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու փոխ նախագահ Գնութ Ֆլեքենշթայն, Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնախումբի փոխ նախագահ, Պուլկարիոյ եւրոերեսփոխան Անտրէյ Գովաչեւ, Կիպրոսի Լետրա քոլեճի նախագահ Իոանիս Խարալամպիտիս, ՄԱԿի ներքին արդարադատութեան խորհուրդի անդամ, Մեծն Բրիտանիոյ իրաւաբան Ճէոֆրէյ Ռոպերթսըն, Մինսկի խումբի Ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պերնար Ֆասիէ, Եւրանեսթի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան եւ փրոֆէսէօրներ Իայիր Օրոն (Իսրայէլ), Թէոֆանիս Մալքիտիս (Յունաստան), Վլատիմիր Վարդանեան (Հայաստան) եւ Անրի Թերիօ (ԱՄՆ)։

Եւրոպայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները գիտակցելով հայ ազգային ներուժը համախմբելու ու կազմակերպելու անհրաժեշտութեան, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս ժողովին։ Ներկայ կ”ըլլան Պելճիքայի, Շուէտի, Ֆրանսայի, Հոլլանտայի, Էսթոնիոյ, Իտալիոյ, Պուլկարիոյ, Գերմանիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Սպանիոյ, Ռումանիոյ, Անգլիոյ, Աւստրիոյ համայնքներու աւելի քան հարիւր յիսուն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ու Ռուսաստանէն մասնակիցներ եւ հայկական ու օտար մամուլի ներկայացուցիչներ։ Ժողովին կը մասնակցի նաեւ «Ազատ Օր»ի ներկայացուցիչը։

Երկօրեայ խորհրդաժողովը յագեցած պիտի ըլլայ ներկայ քաղաքական իրավիճակներու մասին զեկուցումներով, Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ ապագայի յաջողութեան գրաւականը հանդիսացող հարցերու քննարկումներով:

Տպել Տպել