Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման եւ Արցախի ճանաչման պահանջները հնչեցին Եւրոպական խորհրդարանէն ներս

brussels_panel_ front_16-10-13Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի կազմակերպութեամբ՝ Պրիւքսելի Եւրոպական Խորհրդարանի շէնքէն ներս, 15 Հոկտեմբերի առաւօտեան, բացումը կատարուեցաւ Եւրոպահայութեան Գ. խորհրդաժողովին, որ հիւրընկալուեցաւ Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան (EPP) կողմէ։

Ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Ֆրանսայի հայոց առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեան որպէս ներկայացուցիչ ամենային հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան, Եւրանեսթի մօտ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան։

ԼՂՀ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, փոխ-վարչապետ Արթուր Աղաբէկեան, ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Բաբայեանը։

Ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿի մօտ Վիեննայի մէջ ՀՀ ներկայացուցիչ Արման Կիրակոսեանը, Պելճիքայի մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Վարդան Բարսեղեան, Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, ՆԱԹՕի մօտ ՀՀ դեսպանի ներկայացուցիչ Վարազդատ Պահլավունի։ Ներկայ էր նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի բաժնի պետ Հրաչեայ Ասլանեան։

Ժողովին կը մասնակցէին Եւրոպահայ տասնչորս գաղութներէ ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին Յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան, ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամներ եւ «Ազատ Օր»ի ներկայացուցիչը։

Ժողովը բացուեցաւ ողջոյնի խօսքերովը Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի, Եւրոպայի Ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան Ճոզեֆ Տոյլի, Եւրոպական խորհրդարանի Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ տոքթ. Էլէնի Թէոխարուսի, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի։

«Եւրոպայի անքակտելի մաս կը կազմէ Հայաստանը»
հաստատեցին խորհրդաժողովին ներկայ եղող երեսփոխաններն ու հիւրերը

Բացման խօսքը կատարեց Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, որ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Եւրոպայի Ժողովրդային կուսակցութեան (EPP) եւ յատկապէս նախագահ Ճոզեֆ Տոյլի, խորհրդաժողովը երկրորդ անգամ ըլլալով հիւրընկալելու կապակցութեամբ։ Ան բացատրեց, թէ երէկ Պրիւքսելի Հայ Տան մէջ սկսած խորհրդաժողովը այսօր կը շարունակէ իր աշխատանքները Եւրոպայի ժողովրդավարութեան սիրտ՝ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ։

Ան կարեւորեց Հայաստանի եւ Արցախի պետական ու սփիւռքի կրօնական ու ազգային կեանքի բարձր ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը խորհրդաժողովի երկու նիստերուն, որոնք կարեւորութեամբ անդրադարձան ու վերլուծեցին հայութիւնը յուզող հիմնական հարցերը։ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահը համոզում յայտնեց, թէ քննարկումներու ընթացքին դասախօսներ ու ներկաներ իրազեկ պիտի դառնան հայութիւնը յուզող կարեւոր հարցերու մասին։

Ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին Եւրոպայի Ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան Ճոզեֆ Տոյլ, Եւրոպական խորհրդարանի Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ տոքթ. Էլէնի Թէոխարուս, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր¬Խաչատուրեան, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Արամ Ա. կաթողիկոս։

Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքըbrussels_aram_16-10-13

«Թուրքիան պէտք է վերադարձնէ
հայոց եկեղեցիները իրենց իրաւատիրոջ՝ Հայ ժողովուրդին»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց թուրք պետութեան կողմէ գրաւուած հայոց եկեղեցիները հայ ժողովուրդին վերադարձնելու պահանջքը։ Վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «Հայ դատը սկսած է տարբեր մօտեցում, շեշտաւորում ու առաջնահերթութիւն ստանալ վերջին տարիներու ընթացքին»։ Ան յիշատակեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին եւ Ֆրանսայի խորհրդարանին մօտեցումները, ինչպէս նաեւ տակաւ բազմացող թուրք մտաւորականներու արտայայտութիւնները՝ ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Այս բոլորի լոյսին տակ վեհափառը ըսաւ, թէ «ռազմավարական ու մարտավարական նոր մօտեցումներ հարկ է որդեգրել, նոր զարգացումներու լոյսին տակ»։

Վեհափառը անդրադարձաւ միջազգային օրէնքին պարզած թէ՛ դժուարութիւններուն եւ թէ կարելիութիւններուն։ Այս ծիրէն ներս Արամ Ա. ըսաւ, թէ 1948-ին Ցեղասպանութիւնը որպէս օրէնքի սահմանում մուտք գործեց միջազգային օրէնքէն ներս: Ամբողջ ազգ մը ոչնչացնելու Օսմանեան Թուրքիոյ ծրագիրը միջազգային օրէնքի տուեալներով կը նկատուի Ցեղասպանութիւն»։ Մեկնելով այս իրողութենէն Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ «Ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ եւ հետեւաբար ցեղասպանը պէտք է պատժուի եւ հատուցում տայ Ցեղասպանութեան զոհերու յաջորդներուն»։

Խօսելով միջազգային օրէնքի տուեալներուն մասին, Վեհափառը շեշտեց հատուցման առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը. «Հայ ժողովուրդը հսկայ կալուածներ, նիւթական, մշակութային ու հոգեւոր հսկայ հարստութիւն թողած է Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ։ Անոնք Թուրքիոյ սահմանումով «լքուած» կալուածներ չեն կրնար նկատուիլ։ Մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդուեցան, իսկ մնացեալ հայերը պարտադրաբար աքսորուեցան՝ իրենց ետին ձգելով իրենց ինչքերը։ Հետեւաբար այդ կալուածներու եւ ինչքերու իրաւատէրը հայ ժողովուրդն է միջազգային օրէնքներու տուեալներու լոյսին տակ», -ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:

Ան յատկապէս անդրադարձաւ հայոց եկեղեցիներուն ու ըսաւ.- «Յստակ տուեալներու համաձայն շուրջ 2000 եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր ունեցած է հայ ժողովուրդը Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ։ Անոնցմէ ոմանք քանդուած են, ուրիշներ մզկիթի, ախոռի, ճաշարանի, թանգարանի եւ այլ հանրային վայրերու վերածուած։ Միթէ Թուրքիան կրնա՞յ ուրանալ, որ այսօր այլապէս գործածուող եկեղեցիները հայ ժողովուրդի պատկանող եկեղեցիներ եղած են»։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ինչո՞ւ Թուրքիոյ վարչապետը լուռ կը մնայ, երբ իրեն ուղղած մեր նամակին մէջ այս մասին անդրադարձանք։ Ինչո՞ւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը լուռ կը մնայ երկու Վեհափառ Հայրապետներու միացեալ կոչին՝ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, հատուցում տալու Հայ ժողովուրդին ու վերադարձնելու Հայոց եկեղեցիները»։

Վեհափառը եզրափակեց իր խօսքը՝ ըսելով, թէ «Եթէ Թուրքիան նախանձախնդիր է մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ, եթէ Թուրքիան կը հաւատայ կրօններու, մշակոյթներու եւ ազգերու խաղաղ գոյակցութեան, Հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներու նկատմամբ գործնական առաջին քայլ մը կրնայ առնել՝ վերադարձնելով հայոց եկեղեցիները»։

Նախագահ Ճոզեֆ Տոյլի խօսքը

Հայկական սփիւռքի զօրաւոր ներկայութիւնը Եւրոպայի մէջ պէտք է լսելի դառնայ,
որպէսզի Հայաստանը օրինակելի երկիր դառնայ տարածաշրջանէն ներս
իր զարգացմամբ ու յառաջդիմութեամբ

Ճոզեֆ Տոյլ դիտել տուաւ, թէ Հայաստանը կանգնած է խաչմերուկի եզրին եւ պէտք է որոշէ՝ թէ ո՛ր ուղղութեամբ պէտք է յառաջանայ։ Հայաստանը եւրոպական կոչում ունի իմ կարծիքով, ըսաւ Տոյլ՝ աւելցնելով, որ կը կարծենք, թէ Հայաստան կ’ընտրէ եւրոպական ուղին, որ խոստմնալից է իրեն համար։

Ան օրինակ բերաւ Սերպիոյ պարագան՝ նշելով, թէ տասնհինգ տարիներ առաջ պատերազմ եւ ճնշում կար երկրէն ներս։ «Ներկայիս առաջընթաց արձանագրած է երկիրը, ինչ որ ես ինքս կարողացայ հաստատել, իմ կատաած նոր այցելութեան ընթացքին»։ Ան ըսաւ, թէ Եւրոպական ցամաքամասի մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ, պայման՝ որ կþօգնէ երկիրներու տնտեսութիւններու զարգացման։

Ճոզեֆ Տոյլ շեշտեց, թէ «Հայաստանի կոչումն է մնալու ա՛յս կողմը։ Կան անշուշտ բարի դրացիութեան սկզբունքները եւ կարեւոր է լաւ յարաբերութիւններ ունենալ տարածաշրջանէն ներս։ Մենք շատ լաւ կը հասկնանք այդ պարագան։ Նոյն պահուն կը տեսնենք հայկական սփիւռքի զօրաւոր ներկայութիւնը Եւրոպայի մէջ, եւ պէտք է լսելի դառնայ այս ձայնը, որպէսզի Հայաստանը օրինակելի երկիր դառնայ տարածաշրջանէն ներս, իր զարգացմամբ ու յառաջդիմութեամբ», -ըսաւ Տոյլ, որ մեծապէս կարեւորեց նման հաւաքներու կազմակերպման առիթները։

Ան մեկնեցաւ ժողովէն՝ նոր մահացած Վիլֆրետ Մարթենսի յիշատակին տխուր պարտականութիւններու բերմամբ։

Եւրոպական Խորհրդարանի դահլիճէն ներս կայացած նիստերու ընթացքին քննարկուեցան երկու հիմնական օրակարգեր։brussels_pan

Առաջինը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն եւ միջազգային օրէնք», ուր իրենց զեկուցումներով հանդէս եկան փրոֆէսէօրներ Եաիր Օրոն (Իսրայէլէն), Թէոֆանիս Մալքիտիս (Յունաստանէն), Վլատիմիր Վարդանեան (Հայաստանէն), Անրի Թերիօ (ԱՄՆ)։

Երկրորդը՝ «Հարաւային Կովկասի հեռանկարները», ուր իրենց զեկուցումներով հանդէս եկան Եւրանեսթի Մարդկային իրաւանց եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու փոխ-նախագահ Գնութ Ֆլեքենշթային, Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնախումբի փոխ-նախագահ, Պուլկարիոյ եւրոերեսփոխան Անտրէյ Գովաչեւ, Կիրպոսի Լետրա քոլեճի նախագահ Իոանիս Խարալամպիտիս, ՄԱԿի ներքին արդարադատութեան խորհուրդի անդամ, Մեծն Բրիտանիոյ իրաւաբան եւ արքայական պալատի խորհրդատու Ճէօֆրէյ Ռոպերթսըն եւ Մինսկի խումբի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պերնար Ֆասիէ, Եւրանեսթի փոխ-նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան։

Այս երկու օրակարգերու քննարկման ընթացքին օտար երեսփոխանները, քաղաքագէտները եւ մասնագէտները քննարկեցին Հայաստանի եւրոպական համարկման հարցի տարբեր երեսները, ինչպէս եւ Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ յառաջընթացի ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դիմագրաւած իրավիճակներու հարցեր։

azator.gr
15.10.2013

Տպել Տպել