ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Այցելութիւնը Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին

ARF_Logo-coloredԵրէկ առաւօտուն Պուրճ Համուտի Հայոց առաջնորդարան այցելեց եւ Լիբանանի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին հետ տեսակցութիւն ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն:

Աւելի քան ժամ մը տեւած ծանօթացման այս հանդիպումը առիթ ծառայեց զրուցելու գաղութին առնչուած զանազան հարցերու մասին:

Կեդրոնական կոմիտէի ընկերները յաջողութիւն մաղթեցին սրբազան հօր` իր ստանձնած նոր առաքելութեան մէջ: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր կարգին հաստատեց գաղութի կեանքին մէջ համագործակցութեան ոգիով համախումբ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել