Ակնարկ. Բանաձեւային Ճնշամիջոցներու Փորձեր` Անորոշ Քուէարկութիւններով

European-Parliament1Եւրոխորհրդարանի ընդունած (կամ չընդունած` նկատի ունենալով քուէարկութեան հետ կապուած անորոշութիւնները) բանաձեւը` Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման մասին, յայտնապէս հայանպաստ չէ: Բնական է, որ առաջին հակազդեցութեամբ մեկնաբանութիւնները իբրեւ շարժառիթ պիտի ընդունին Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշումը:

Քաղաքական իրադրութիւնները հետզհետէ աւելի համոզիչ կը դարձնեն այն, որ խնդիրը բացարձակօրէն քաղաքական ազդեցութեան գօտիներու վերագծման հետ կապուած է, եւ Հայաստանի թեքում` այս կամ այն կողմը, կ՛արժանանայ քաղաքական ճնշամիջոցներու:

Եթէ դէպի Եւրոպա ընթացող Երեւանի քայլերը ստանան արագակշռոյթ բնոյթ, ապա Մոսկուան կը զինէ Պաքուն եւ յատուկ ջերմութիւն կ՛ապահովէ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ: Երբ Մոսկուայի մէջ Երեւանը իր մտադրութիւնը կը բացայայտէ` մաս կազմելու Մաքսային Միութեան, Եւրոպական խորհրդարանը կը յիշեցնէ Հայաստանի գրաւող կողմ ըլլալն ու ՄԱԿ-ի այն բանաձեւերը, ուր կ՛արծարծուի հայկական ուժերու «ազրպէյճանական տարածքներ»-էն հեռանալու պահանջը: Եւ ճնշամիջոցները այսպէս կը շարունակուին անընդմէջ:

Երեւանը կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը` ստորագրելու ընկերակցութեան փաստաթուղթը, Մաքսային Միութեան ճարտարապետներէն հանդիսացող Պիելոռուսիոյ նախագահը կը շեշտէ, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը Մաքսային Միութեան տեսանելի ժամկէտի մէջ չի տեղաւորուիր:

Քաղաքական ճնշամիջոցներուն միջեւ յայտնուած Երեւանը փորձ կը կատարէ շարունակելու թէ՛-թէ՛-ի արտաքին քաղաքականութիւնը: Միւս կողմէ, Պաքուն կը փորձէ լիարժէքօրէն օգտագործել Եւրոպական Միութեան եւ Մաքսային Միութեան տնտեսական քաղաքական արեւելումներու ճշդումի երկսայրաբանութեան (տիլեմա) մէջ յայտնուած Հայաստանի դէմ առաւելներ ապահովելու իր քաղաքականութիւնը: Այս առաւելները, կը թուի, թէ ո՛չ միայն քաղաքական են, այլ նաեւ` զինուորական: Իջեւանի ուղղութեամբ կատարուած ռազմական ոտնձգութիւնը իր տեսակին մէջ կ՛առանձնանայ: Այս մէկը արձակազէններու ընդհանրացած երեւոյթին մաս չի կազմեր թէ՛ իբրեւ ճակատ, թէ՛ իբրեւ բնոյթ, եւ թէ իբրեւ տարողութիւն: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ստիպուէր ճամբայ փակել` քաղաքացիներու անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւններէ մեկնած: Յիշենք, որ ռուսական «Ռեկնիում» գործակալութիւնը կը խօսէր Պաքուի կողմէ իրականացուած օդային յարձակումին մասին: Հայկական պաշտօնական լրահոսը յարձակումի բնոյթը չէր յստակացներ:

Քաղաքական գետնի վրայ Պաքուն անհրաժեշտութիւնը կրնայ չունենալ նման ժամանակահատուածներու մէջ լոպիիստական ներուժ կեդրոնացնելու: Ճնշամիջոցային քաղաքականութիւնը նման եզրակացութեան կրնար յանգիլ քաղաքական տրամաբանութեամբ: Բայց նախ տեսնենք, թէ ի՞նչ կ՛ըսէ այդ անորոշ քուէարկութեան արդիւնքով հրապարակուած բանաձեւը:

«Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկրի մը կողմէն մէկ այլ մասնակից երկրի տարածքի բռնագրաւումը կը խախտէ Արեւելեան գործընկերութեան հիմնարար սկզբունքներն ու նպատակները: ԱԳ երկիրներու տարածքներուն վրայ հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է աւելի աշխուժ ներգրաւուի հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ: Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է համապատասխանէ ՄԱԿ-ի 1993-ի Ապահովութեան խորհուրդի 4 բանաձեւերուն եւ այն սկզբունքներուն, որոնք ամրագրուած են ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի 2009-ի Աքուիլայի համատեղ յայտարարութեան մէջ»:

Տարածքի բռնագրաւումի մասին հաստատում կատարող բանաձեւը իր առաջին բաժինով չ՛ակնարկեր միայն Արցախին: Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրները, որոնք տարածքային խնդիրներ ունին` Հայաստանը, Վրաստանը, Մոլտովիան եւ Ազրպէյճանն են: Բայց այս նրբութիւնը հիմնական նշանակութիւն չունի, որովհետեւ խնդիրը մասնակիօրէն կը կեդրոնանայ Արցախի վրայ, նոյն բանաձեւին մէջ:

Ճիշդ է, որ երբ տարածքի բռնագրաւում բառակապակցութիւնները կ՛օգտագործուին, կը թուի, որ առաջին հերթին հակահայ բանաձեւ է ներկայացուածը` միակողմանի եւ Ազրպէյճանի շահերը գերադասող: Սակայն պահ մը նոյնիսկ շրջանցելով քուէարկութեան անորոշութեան երեւոյթը, բանաձեւին համաթեքսթը կա՛մ ինքնահակասական է կամ ալ խառն ուղերձներ կը պարփակէ: Անշուշտ ՄԱԿ-ի բանաձեւեր վկայակոչելը կ՛ենթադրէ արծարծել հայկական ուժերու հեռացման պահանջը: Միաժամանակ սակայն Աքուիլան վկայակոչելը կ՛ենթադրէ ուժերու հեռացման պահանջին առընթեր, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը: Ինչ որ նաեւ ա՛յս բանաձեւին մէջ իբրեւ իրաւահաւասար սկզբունք տարածքային ամբողջականութեան, նշուած է:

Օգտագործուած բառապաշարն ու վկայակոչուած բանաձեւերը դիւանագիտական ոլորապտոյտներուն մաս կը կազմեն: Հիմնականը այն է, որ Եւրոխորհրդարանականներ այժմ կարիքը զգացած են Արցախի մասին բանաձեւ որդեգրելու` Արեւելեան գործընկերութեան հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարգախօսին տակ: Շարժառիթն ալ նոյն բանաձեւի նախագիծին մէջ յստակօրէն ընդգծուած է: «Հայաստանը որոշած է միանալ Մաքսային Միութեան, ինչ որ անհամատեղելի է ընկերակցութեան մասին համաձայնագրին հետ»:

Հիմա աւելի պարզ կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ Եւրոխորհրդարանականները յիշած են արցախեան խնդիրը: Քաղաքական նման ճնշամիջոցներու դիմելու վարքագիծի բացայայտում է արձանագրուածը: Պարզ է նոյնքան, որ միայն Մոսկուան չէ, որ ճնշամիջոց կը կիրարկէ Երեւանի վրայ: Եւրոպան, իր ոճով, այս պարագային բանաձեւային ճնշումի փորձով, Երեւանին պատգամներ կը փոխանցէ: Երկու ուղղութիւններուն վրայ ալ ճնշամիջոցներու թիրախը Արցախն է:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել