«Հայրենիք»ի Խմբագրական. «Աշխարհիկ Սուրբ»ին կտակը

zavarian-artsanԵզակի տիպար մըն է Սիմոն Զաւարեան, որուն կտակը նոյնքան սուրբ եւ մաքուր, որքան իր նկարագիրը:

Եւ այսօր, որքա՜ն տարիները կը թաւալին, այնքան զգալի կը դառնայ նկարագրով համեստ եւ ուղղամիտ ՍՈՒՐԲին ձգած պարապութիւնն ու դատարկութիւնը: Բացակայ է անշահախնդրութիւնը, թափանցիկութիւնը, պարզամտութիւնը, սրբութիւնը եւ պարզապէս նուիրումն ու համեստութիւնը:…Եւ այս բոլորը նոյնքան բծախնդրութեամբ կը կիրարկէր, գործիչի ծածկանունով Անտոնը: Անուն մը, որ բաղդատած «Աշխարհիկ Սուրբ», «Մաքրագոյնը մաքուրներէն», «Դաշնակցութեան խիղճը» եւ այլ տիտղոսներու, շարունակ շուքի մէջ մնաց ու մոռցուեցաւ:

Այսպէս, Զաւարեանի տիպարով է որ նուիրումն ու արդարամտութիւնը գերազանցեցին ու գերադասեցին եսասիրութիւնն ու մենատիրութիւնը եւ դեռ աւելին` փառամոլութիւնն ու աթոռամոլութիւնը:

Եւ դեռ չզմայլի՜լ այս վսեմ գաղափարներու տէր տիպարին ստեղծած տեսիլքին եւ սկզբունքին, հաւանաբար համահաւասար նկատուի նենգամտութեան եւ դեռ աւելին` դաւաճանութեան:

Իր նկարագրին նման, պարզ եղաւ իր մահը, սակայն սաստիկ էր գոյժը: Յանկարծամահ եղաւ Զաւարեան Պոլսոյ մէջ, դէպի Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրատուն ուղղուելու ընթացքին: Ամէնօրեայ իր ճանապարհն էր որ կը կատարէր, երբ անկնկալ սրտի կաթուած մը զինք կանխեց երկու տարի ետք կատարուած զարհուրելի Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ… անշուշտ քանի մը տարի ետք ալ, իր երազած անկախութենէն:

Համատարած սուգի եւ խոր վիշտի տրտմութեան մէջ, անոր անկենդան մարմինը, համազգային թափօրով, Պոլիսէն մինչեւ Թիֆլիս փոխադրուեցաւ եւ հոն ալ հողին յանձնուեցաւ, Խոճիվանքի գերեզմանատան մէջ, գտնալով իր յաւիտենական հանգիստը:

Շարունակ անվհատ պայքար մղած յաչս Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական իրաւուքներուն համար, այս հերոսին դամբանախօսն էր նաեւ Դանիէլ Վարուժան, որ բանաստեղծական իւրայատուկ ոճով մը, ամենայն հարազատութեամբ, հանգուցեալին դագաղին առջեւ արտասանեց իր գեղեցկագոյն քերթուածներէն մէկը` «Առկայծ ճրագ»ը:

Այսօր, «Մաքրագոյնը մաքուրներէն» տիպարին մահուան հարիւրամեակին առթիւ, կարիքը ունինք, անոր յղկած ու թրծած անաչառութեան, արդարութեան, հաւասարութեան եւ անկողմնակալութեան ապրումներուն:

Ի վերջոյ «Աշխարհիկ Սուրբ»ին կտակն է այս ջինջ գաղափարները անյապաղօրէն կիրարկել եւ գործադրել:

Պոսթըն – Մասաչուսէց

hairenikweekly.com

28/10/2013

Տպել Տպել