Էրտողան Անդրադարձած Է Աղթամարի Վերակառուցման Եւ Հայերու Կրօնական Իրաւունքներուն

Erdogan1-300x211Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է եկեղեցաշինութեան վերաբերեալ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի կատարած քննադատութիւններուն:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, որ պէտք է յարգել Թուրքիոյ մէջ բնակող թէ՛ քրիստոնեայ հայերուն, թէ՛ անհաւատներուն իրաւունքները:

Էրտողան Վանի մէջ յայտարարած է. «Մէկը կ՛ըսէ` «մզկիթ պիտի քանդեմ», միւսը կ՛ըսէ` ժողովուրդի հարկերով Աղթամարի եկեղեցին կը վերանորոգեմ: Երբ ես ըսի, որ անհրաժեշտութեան պարագային մզկիթ ալ պիտի քանդենք(ճամբայ կառուցելու համար), ըսի նաեւ, որ ատոր փոխարէն ատոր մօտ աւելի լաւը պիտի կառուցենք:

Ինչ կը վերաբերի Աղթամարի եկեղեցիին, ապա այստեղ հայ քաղաքացիներ ալ կան, չէ՞, անոնց իրաւունքներն ալ պէտք է պաշտպանուին, չէ՞: Մեր երկրին մէջ առեւտուրով զբաղող հայերը հարկ չե՞ն վճարեր: Անոնց կրօնական իրաւունքներն ալ պէտք է յարգուին, պաշտամունք կատարելու կարելիութիւն պէտք է ունենան, եւ ատիկա մեր պարտքն է»:

Տպել Տպել