Հ.Յ.Դ. մասնակցեցաւ Ուաշինկթընի մէջ գումարուած քրտական խորհրդաժողովին

20131029-ARF-BDP (1)ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28-ին, տեղի ունեցաւ «Քրտական Դերը Նոր Միջին Արեւելքի Մէջ» խորագրով խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան քիւրտ քաղաքական գործիչներ` Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Իրանէն եւ Իրաքէն: Անոնց կողքին նաեւ մասնակցեցան տեղացի արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտներ:

Խորհրդաժողովը իր տեսակով առաջինն էր, որ կազմակերպուած էր «Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն» թրքական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու գրասենեակին կողմէ, եւ կայացաւ «National Press Club»ի կեդրոնէն ներս: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ հայկական պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ խորհրդաժողովին եւ քիւրտ քաղաքական գործիչներու հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ հայ-քրտական յարաբերութիւնները խորացնելու միջոցներու շուրջ:

Խորհրդաժողովի յայտագիրը կազմուած էր չորս խորագիրներ քննարկող նիստերէ, որոնք առիթ եղան բազմատեսակ կարծիքներու առողջ փոխանակման: Քննարկուած խորագիրներն էին «Քիւրտերը Փոփոխուող Միջին Արեւելքի Մէջ», «Սուրիոյ Քիւրտերը եւ Ապագայի Իրենց Պատկերացումը», «Էմրալի Խաղաղութեան Գործընթացը. Կարելի՞ է Թուրք-քրտական Յարբաբերութիւնները Վերականգնել» եւ «Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա եւ Քիւրտերը. Դէպի Նոր Պատկերացում»: Մասնակիցներու շարքին էին Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահէտտին Տէմիրթաշ, խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, Իրաքեան Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան Ուաշինկթընի գրասենեակի ներկայացուցիչ Քարուան Զիպարի ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճէյմս Ճէֆրի:

«Մենք կ’ողջունենք Ուաշինկթընի մէջ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կազմակերպած այս առաջին խորհրդաժողովը եւ այն առիթը որ ընծայեց օգտակար երկխօսութեան մը` հայ-քրտական համագործակցութեան, Արեւմտահայաստանի եւ Քիւրտիստանի, եւ աւելի ընդգրկուն` հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական ձգտումներու մասին».- յայտնեց Տէր Խաչատուրեան, անդրադառնալով այս խորհրդաժողովին մասին:

Տպել Տպել