Ցեղասպանութենէն Ետք Թուրքիան Վերադարձուցած Է Որոշ Եկեղեցական Իրեր. Մենք Կը Պահանջենք Մնացածը

Հարութ Սասունյան

Հարութ Սասունյան

Ասիկա Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 1920ական թուականներուն Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ատեն թալանուած եկեղեցական որոշ իրերու յանձնման մասին տարօրինակ պատմութիւնն է:
Ըստ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած փաստաբան Լութվիկ Գույումճեանի «Հայ Համայնքային Անցուդարձեր. 1927-1950 Թուականներ» գիրքին՝ 1950 թուականին Թուրքիոյ կառավարութիւնը հայոց պատրիարքարանին վերադարձուցած է եկեղեցական իրերով լեցուն 64 մեծ արկղեր: Գույումճեան եղած է պատրիարքարանի ֆինանսական յանձնախումբի անդամ:

Վերադարձուած առարկաներուն մէջ եղած են՝ ադամանդեայ քարերով եւ մարգարիտներով զարդարուած սաղաւարտներ, բուրվառներ, քշոցներ, եպիսկոպոսական-քահանայական թանկագին զգեստներ, շապիկներ, բոլորն ալ՝ ոսկեթել հիւսուած եւ զարդարուած արծաթեայ խաչերով, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ Ապուշեխ եկեղեցւոյ պատարագի գօտին՝ երկու ոսկեայ ձեռքերով ամրացուած եւ վրայի ձեռքը զմրուխտէ, յակինթէ եւ ադամանդեայ թանկագին քարերով ագուցուած, 72 գորգ, որոնք պատկանած են Կեսարիոյ Սուրբ Կարապետ վանքին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Թալասի ու այլ գաւառներու եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ մասունքներ ոսկեայ տուփերու մէջ՝ ծածկուած թանկարժէք քարերով: Մէկ արկղին մէջ եղած են Կոմիտաս վարդապետին զգեստները, անոր ոսկիէ ինքնահոս գրիչը եւ ծիսական արարողութիւններու համար դաշնաւորած երաժշտական անոր արժէքաւոր ձեռագիրները: Գէորգ արք. Արսլանեան իր առաջին տեղապահութեան շրջանին ստորագրած է ստացագիր մը այդ առարկաները իր կողմէ ընդունելու մասին եւ Տրդատ Ա. քհնյ. Պոյաճեանը նշանակած է այդ իրերուն հսկիչը:
Վերադարձուած իրերու ցուցակը, որ նախապատրաստուած էր պատրիարքարանին կողմէ, կը ներառէր «մագաղաթեայ ձեռագիրներ եւ հին գիրքեր: Հնութիւններու մասին օրէնքին համաձայն՝ գիրքերը յանձնուած էին Պոլսոյ թանգարանին»:

Այս բացայայտումները կը յառաջացնեն շարք մը կարեւոր հարցեր: Ի՞նչ եղան եկեղեցւոյ վերադարձուած իրերը: Մեր հետաքննութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ առարկաներէն ոչ մէկը այժմ կը գտնուի հայոց պատրիարքարանի պահպանութեան տակ: Անոնցմէ քանի մը հատը յանձնուած էին հայ հոգեւորականներու, մէկ մասն ալ ուղարկուած էր Էջմիածին: Անոնց մեծամասնութիւնը, սակայն, պարզապէս անհետացած է քանի մը տասնամեակ առաջ, հաւանաբար գողցուած եւ վաճառուած է:

Իր գիրքին մէջ Լ. Գույումճեան կը պատմէ, որ 1920ականներու վերջը, պատրիարքարանի վարչութեան ատենապետը՝ դատաւոր Յարութիւն Մոստիչեանը, ֆինանսական յանձնախումբին յայտնած է, որ ինք լուրջ ապացոյցներ ունի, թէ վերադարձուած արծաթէ կտորներէն քանի մը հատը վաճառուած է Պոլսոյ ոսկերչական շուկային մէջ: Մոստիչեան մեծապատիւ անձնաւորութիւն էր, որ կարեւոր պաշտօններ վարած է Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ: Ֆինանսական յանձնախումբը անմիջապէս կնքած է այն սենեակը, ուր կը պահուէին վերադարձուած ա-ռարկաները: Յաջորդ օրը, Արսլանեան արքեպիսկոպոս կոտրած է կնիքը եւ բաց ձգած է պահեստաւորման սենեակին դուռը: Այնուհետեւ արքեպիսկոպոսը հեռացուցած է յանձնախումբին անդամները:

Յատուկ հետաքննչական յանձնախումբը, որոնց մէջ էր պարոն Գույումճեանը, կատարած է մանրակրկիտ որոնում եւ իր արդիւնքները փոխանցած Ընդհանուր ժողովին: Վերջինս մեղադրած է ոչ միայն Մոստիչեանը, այլ նաեւ Արսլանեան արքեպիսկոպոսը՝ վերադարձուած եկեղեցական իրերու առնչութեամբ իրաւախախտումներ կատարելու պատճառաւ: Արսլանեան իր հերթին մեղադրած է Մեսրոպ պատրիարք Նարոյեանը՝ իբրեւ պատասխանատու կորսուած իրերուն համար: Ապա, երբ Նարոյեան պատրիարք յանձնախումբ ստեղծած է մնացեալ եկեղեցական իրերուն ցուցակը թարմացնելու համար, պարզած է, որ գրեթէ ոչինչ մնացած է 64 արկղերու պարունակութենէն, որոնք պատրիարքարանը ստացած էր նախապէս:

Իր գիրքին մէջ Գույումճեան այլ տարօրինակ պատմութիւն մը կը պատմէ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ պատրիարքարանին յանձնուած գորգերուն մասին: 8 Մարտ 1924ին, երկու թուրք՝ Կեսարիոյ մոլլա Խալիլի որդին՝ Հաճի Իսմայիլը եւ Մեհմետը՝ Թալասէն, գրաւոր պահանջագիր ներկայացուցած են Արսլանեան արքեպիսկոպոսին՝ պնդելով, որ գորգերէն ինը հատը կապ չունին հայոց եկեղեցւոյ հետ եւ պէտք է վերադարձուին իրենց: Երբ պատրիարքարանը մերժած է անոնց պահանջը, թուրքերը դատական հայց ներկայացուցած են Արսլանեան արքեպիսկոպոսին դէմ՝ պնդելով, որ ինը գորգերուն արժէքը կը կազմէ օսմանեան 1975 կտոր ոսկի:

26 Յունիս 1924ին փաստաբան Գույումճեան պաշտպանած է պատրիարքարանին շահերը դատարանին մէջ: Զարմանալիօրէն պատրիարքարանը համաձայնած է բաւարարել հայցը՝ երկու թուրքերուն վճարելով 500 կտոր ոսկի: Քանի մը տարի անց, երբ Լ. Գույումճեան հետաքրքրուած է այդ գորգերու տնօրինման մասին, անոր ըսած են, որ պատրիարքարանին մէջ նման գորգեր չկան:

Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ եկեղեցական իրերու վերադարձի մասին այս նոր ձեռք բերուած տեղեկութեան լոյսին տակ, հայոց պատրիարքարանը պէտք է այժմ մանրակրկիտ հետաքննութիւն իրականացնէ իր արխիւներուն մէջ՝ կորսուած առարկաներու մասին իր գրառումները վերանայելու համար:

Շատ կարեւոր է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 64 արկղ վերադարձնելով՝ փաստացի ընդունած էր, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին գողցած է հայոց եկեղեցւոյ ունեցուածքը: Դատական հայց պէտք է ներկայացուի ոչ միայն Պոլսոյ թանգարանին դէմ՝ 1920ական թուականներուն հին գիրքերը ապօրինի ձեւով ստանալու պատճառաւ, այլ՝ ամբողջ Թուրքիոյ թանգարաններուն եւ գրադարաններուն դէմ, որպէսզի հայոց պատրիարքարանին վերադարձուին հազարաւոր հայկական եկեղեցիներէն թալանուած մեծաքանակ կրօնական իրերը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

asbarez.com

31/10/2013

Տպել Տպել