«Խօսքը Առանց Գործի Մեռեալ Է», Կամ՝ Առաջնորդող Խօսքին Շարունակուող … Արժեզրկումը

(Նուիրուած՝ Սիմոն Զաւարեանի Մահուան 100ամեակին)

Նազարէթ Պէրպէրեան

Նազարէթ Պէրպէրեան

«Մեծամիտ չլինենք մեր ուժերի գնահատման մէջ։ Եթէ մեծ Ռուսիային յաջողուած է հայ կրթուած դասի 3/4ը ռուսացնել 50 տարուայ մէջ, Թուրքիան կը հասնի դրան՝ 100-200 տարուայ մէջ, բայց կը հասնի՛, եթէ մենք մնանք այսօրուայ բառախաղութեան շրջանին մէջ»։
Սիմոն Զաւարեան
(«Ազատամարտ», 20 Հոկտեմբեր – 2 Նոյեմբեր 1913)

Թէեւ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմի կը պատկանի թեւաւոր այն խօսքը, թէ՝ այնքան շատ տարուեցանք գործով, որ խօսիլն ալ մոռցանք, այդուհանդերձ՝ յատկապէս Սիմոն Զաւարեանն է, որ դաշնակցական մտածողութեան մէջ ցանած ու մշակած է սերմերը Խօսքը Գործով պայմանաւորելու գաղափարական աւանդոյթին։
Բարացուցականօրէն, Սիմոն Զաւարեանի «կտակ»ը հանդիսացաւ «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» խորագիրով անոր վերջին յօդուածը։ Այդ տարիներուն Պոլիս հաստատուած եւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ին կանոնաւորաբար աշխատակցող Ս. Զաւարեան, 27 Հոկտեմբեր 1913ի առաւօտեան, ըստ սովորութեան գացած էր խմբագրատուն եւ խմբագրութեան յանձնած էր նոյն խորագիրով՝ «Ազատամարտ»ի մէջ արդէն լոյս տեսած իր յօդուածին երկրորդ մասը։ Այնուհետեւ, տուն վերադարձի ճամբուն վրայ, սրտի կաթուածով յանկարծամահ ինկած էր Դաշնակցութեան Խիղճը մարմնաւորող մեծարժէք Հայը։

Սիմոն Զաւարեանի «կտակ»ը ինչպէս օրին եւ հետագայ տասնամեակներուն, նոյնպէս ալ հարիւր տարի ետք ու մեր օրերուն, ուղղուած է հայ իրականութեան մէջ տիրապետող եւ մինչեւ այսօր շարունակուող‘ ազգային մեր ներուժը ջլատող ներքին ցեցերուն դէմ, կեղծիքի ու մակերեսայնութեան մեծ Չարիքին դէմ։

Իսկ Չարիքը կրնկակոխ հետեւեցաւ Հայաստանի ու հայութեան բոլոր վերիվայրումներուն՝ վերջին հարիւրամեակի ընթացքին մեր ժողովուրդին բաժին հանուած ե՛ւ ահաւոր անկումներուն, ե՛ւ հրաշազօր վերականգնումին ու ոստումներուն։

Հակառակ անոր, որ արմատական ու պատմական տարողութեամբ փոփոխութիւններէ անցան Հայաստանի ու հայութեան հասարակական, ազգային եւ պետական կեանքն ու կենսակերպը, այդուհանդերձ՝ «առանց գործի խօսք»ը շարունակեց տիրական մնալ եւ ներքնապէս խոցել, արգելակել ազգային մեր ինքնահաստատման, հզօրացման ու բազմակողմանի զարգացման երթը։ Շարունակեց իր աւերը գործել ոչ միայն ըստ էութեան՝ կեղծ արժէքներու եւ սուտ կարգախօսներու գերին պահելով զանգուածը մեր ժողովուրդին, այլեւ՝ հարիւր տարի առաջուան իր ախտավարակ դրսեւորումները եւս… վերանորոգելով։

Զաւարեան կարծէք մեր այսօրուան հաշուոյն կ՛ընդվզի, երբ՝

– Ազգի ղեկավարներն ու ջոջերը կը խարանէ՝ իրարու հետ եւ մտերմութեան մէջ թրքերէնով կամ ռուսերէնով, ֆրանսերէնով կամ անգլերէնով հաղորդակցելու ամօթանքով։
– Ցասումով կը դատապարտէ, որ ազգը ղեկավարող ուժերը իրենց զաւակները օտար վարժարաններ կը ղրկեն եւ միայն աղքատներու զաւակներուն յարմար կը նկատեն ազգային դպրոցները։

– Կեղծաւորութեան անարգական սիւնին կը գամէ հանդիսաւոր բեմերէն, ժողովական ատեաններէն եւ մամուլի առաջին էջերէն ազգային, քաղաքական ու քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութեանց մասին բոցաշունչ ճառեր շռայլողները, որոնք շատ խօսելու փոխարէն գործնապէս նախապատրաստութեան որեւէ աշխատանք չեն տանիր եւ, աւելի՛ն, հակառակորդին կամ բռնակալին առաջին իսկ հարուածին դէմ յանդիման՝ կը սկսին համակերպումի եւ իրապաշտութեան դասեր բաշխելու աջ ու ձախ։

– Մակերեսային ու սնափառ արժէքներով սնանելու ազգային պատեհապաշտութեան դէմ կրակ կը ժայթքէ, օրինակ՝ Գիրերու Գիւտին նուիրուած յոբելենական հանդէսներուն մէջ գերակշռող կը տեսնէ լուսարձակներու տակ երեւալու եւ փառաւորուելու հիւանդագին մտայնութիւնը։ Զաւարեան անընդունելի կը նկատէ, որ հանդիսաւոր ելոյթներու այդ շատախօս «ասպետներէն» ոչ ոք գործնապէս ձեռքը գրպանը կը նետէ կամ մատը-մատին կը զարնէ, որպէսզի օգնութեան ձեռք երկարէ կամ հովանաւորէ հայ դպրոցները կամ նորաստեղծ արժէքներով հայ մշակոյթը հարստացնող ու վերաթարմացնող տաղանդները։

Շարքը երկար է եւ տեղը չէ մանրամասնելու, որովհետեւ Հայկական Յեղափոխութեան «ընկերային նազովրեցին» բառերը առանց ծամծմելու արդէն ահազանգ կը հնչեցնէ՝
«Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» կ՛ըսէր որոշապէս քրիստոնէութեան ուսուցիչը 2000 տարի առաջ, բայց նրա «ճարպիկ» հետեւողները աւելի նպատակայարմար գտան մի կողմ ծալլել «գործին» պահանջը եւ զբաղուել ջանք չպահանջող բառախաղութիւններով եւ… մեռցրին քրիստոնէութիւնը»։

Յատկապէս հայրենի իրականութեան մէջ ցմրուր ճաշակեցինք դառնագոյն բաժակը ազգային այդ ինքնախաբէութեան։ Իրաւ արժէքներու փոխարէն՝ կեղծն ու մակերեսայինը օրինակելի ընծայեցինք հասնող սերունդներուն։ Եւ բնաւ պատահական չէ, որ Հայաստանի վերանկախացման 22 տարիներուն ընթացքին, նորահաս մեր սերունդները դարձեալ չկրցան ըստ արժանւոյն ծանօթանալ, հաղորդուիլ եւ փարիլ Զաւարեանի արժէքով մեծութիւններու Գործին ու Աւանդին։

Անշուշտ Սփիւռքը եւս զերծ չմնաց կեղծիքի ու մակերեսայնութեան Չարիքին գործած աւերէն։ Եթէ Զաւարեան իր օրերու հայութեան ապագան վտանգուած կը տեսնէր, որովհետեւ Երկիրի մէջ թէ տարագրութեան ափերուն մեր ժողովուրդին կէսէն մինչեւ երկու երրորդը միայն մայրենիով կը շնչէր ու կը հաղորդակցէր, այսօր արդէն վերապրող հայութեան նոյնիսկ կէսը չի տիրապետեր մայրենիին եւ հայապահպանման ապագան շատ աւելիով մռայլ է։

Դեռ չենք խօսիր Սփիւռքի տարածքին ազգային կազմակերպ մեր կառոյցներուն պահպանման ճակատներուն վրայ արձանագրուած ընկրկումներուն, տեղատուութեան եւ անփառունակ նահանջին մասին։ Թիթեղաշէն բնակարաններու եւ հիւղաւաններու մէջ ապրելով հանդերձ մեր հայրերուն կեանքի կոչած կազմակերպ կռուանները, մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները, մեր թերթերն ու ակումբները շատ բան կորսնցուցած են իրենց երբեմնի քաշողականութենէն, նոյնիսկ եթէ տակաւին այս կամ այն կերպ կը յաջողին պահպանել իրենց կծկուած գոյութիւնը։

Այս բոլոր առումներով Սիմոն Զաւարեան նաեւ ու մանաւանդ մեր օրերուն համար կը պատգամէ՝
«Անհատին առողջ դաստիարակութեան տեսակէտից ամենափոքրիկ գործը մեծամեծ, բայց խօսքի շրջանում միայն մնացած դատողութիւններից բարձր է. կարծեմ հասարակութեան առողջ դաստիարակութեան եւ քաղաքականութեան տեսակէտից եւս միշտ էլ խօսքը միացած պիտի լինի գործին։

«Հակառակ պարագային, խօսքը համարուելու է վնասակար, երեխաներին վայել ինքնախաբէական խաղ միայն»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

http://asbarez.com/

29/10/2013

Տպել Տպել