Մոնթրէալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն վերընտրուեցան Յարութ Շիթիլեան եւ Մարի Տէրոս Չավուշեան

Յարութ Շիթիլեան եւ Մարի Տէրոս Չավուշեան

Յարութ Շիթիլեան եւ Մարի Տէրոս Չավուշեան

Գանատայի Քեպէգ նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւնները կայացան Նոյեմբեր 3-ին։ Ընտրութիւններուն մասնակից 6 հայ թեկնածուներէն յաջողութիւն արձանագրեցին երկու թեկնածու։ Ահունցիք Գարթիէվիլի քաղաքապետութեան Պորտօ Գարթիէվիլի ընտրամասի քուէարկողներու 50 տոկոսը քուէարկեց ի նպաստ Յարութիւն Շիթիլեանի, որուն 5 մրցակիցները ստացան մնացեալ 50 տոկոսի քուէները։ Յարութիւն Շիթիլեան Մոնթրէալի վերոնշեալ ընտրամասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած է առաջին անգամ 2009-ին իսկ 2011-ին ընտրուած է Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ, 30 տարեկանին Մոնթրէալի քաղաքի 375 տարուան պատմութեան ամէնէն երիտասարդ քաղաքապետական խորհուրդի նախագահը դառնալով։

Յարութիւն Շիթիլեանի ընտրապայքարին համար աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ շրջանի հայութիւնը։ Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի գրասենեակներուն մէջ, Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) կամաւորներ ամբողջ օրը գործնապէս մասնակից դարձան Յարութ Շիթիլեանի ընտրարշաւին։ Նոյնպէս, ՀԲԸՄ-ի Մոնթրէալի կեդրոնին մէջ կամաւորներ իրենց մասնակցութիւնը բերին ընտրարշաւին։

Յարութ Շիթիլեան Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ, Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի խումբ մը կամաւորներու հետ

Յարութ Շիթիլեան Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ, Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի խումբ մը կամաւորներու հետ

«Հորիզոն»ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին, Յարութ Շիթիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր ընտրապայքարին զօրակցած բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք գերազանցօրէն կատարեցին իրենց առաքելութիւնը ի նպաստ իր ընտրապայքարի յաջողութեան։ Նշենք, որ Յարութ Շիթիլեան 2010-ին, Մոնթրէալի օրուան քաղաքապետ Ժերար Թրամպլէյի հետ այցելած էր Երեւան։

Մոնթրէալի Վիլերէյի Փարք Էքսթէնշըն ընտրատարածքի թեկնածու Մարի Տէրոս տիրանալով քուէարկողներու 44 տոկոսի քուէին վերընտրուեցաւ։ Մարի Տէրոս Չավուշեան Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ է 1998-էն ի վեր։

Ընտրութիւններուն մասնակից հայ թեկնածուներէն Նայիրի Խանճեան, Յասմիկ Պելէլի, Սոնա Լախոյեան եւ Անթուան Հանէշեան յաջողութիւն չարձանագրեցին իրենց ընտրամասերուն մէջ։

horizonweekly.ca
05/11/2013

Տպել Տպել