Ակնարկ. Խաղաղասիրական Խաբկանք՝ 100-ամեակի Նախաշեմին

SahmanՈւշագրաւ է եւ միաժամանակ գուցէ ակնկալելի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը։ «2015 թուականին ընդառաջ մեր աշխատանքները կը շարունակուին եւ վերջին փուլին մէջ կը գտնուին։ Մեր պահանջն է, որ հայերը դուրս գան Արցախէն։ Կը սպասենք զարգացման այդ հարցին։ Եթէ իրականացուի, ե՛ւ սահմանը կը բանանք, ե՛ւ երկաթուղին կը գործարկենք, ե՛ւ յարաբերութիւնները կը զարգացնենք։ Սակայն կ՛ուզենք, որ այս բոլորը ընենք Ազրպէյճանի հետ համատեղ»։

Յայտարարութեան առաջին նախադասութիւնը արդէն հայ մարդուն համար մտաբերել կու տայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախօրէին Անգարայի կազմակերպելիք գործողութիւնները։ Խաղաղասիրական բնոյթի, Հայաստանի հետ կապերու բարելաւման միտող, մթնոլորտը հանդարտեցնող խաբկանքի քայլ, որ իբրեւ թէ յարաբերութիւններու բնականոնացում կ՛ենթադրէ եւ այդ պարունակին մէջ Հայաստանի ապաշրջափակումը կ՛ապահովէ։

Թուրք առաջին դիւանագէտը տակաւին այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ այս ուղղութեամբ բանակցութիւններ կը տարուին. եւ ոչ միայն կը տարուին, այլ անոնք կը գտնուին վերջին հանգրուանին մէջ։ Ուր որ է անցակէտը կը բացուի, եւ ամէն ինչ կը բնականոնանայ։ Եթէ… Այս դրական փուչիկը կը պայթի, երբ վերստին գլուխ կը ցցէ նախապայմանային քաղաքականութիւնը։ Խաղաղասիրական այս գործողութիւնը կը յաջողի, եթէ հայերը հեռանան արցախեան տարածքներէն։ Եւ անշուշտ այս նոր զարգացումները տեղի կ՛ունենան միայն Ազրպէյճանի համամտութեամբ։

Այս «պլըֆ»-ը անշուշտ ունի իր շարժառիթային տրամաբանութիւնը։ Որոշ ուղենշային իմաստ փոխանցելէ բացի՝ հարիւրամեակի սեմին Անգարայի ձեռնարկելիք քայլերուն, Տաւութօղլուի այս ուշագրաւ յայտարարութիւնը իր մէջ կը պարփակէ դիտարկելի այլ կէտեր եւս։ Հայաստանի ապաշրջափակումը, երկաթուղիի գործարկումը եւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը պատրաստ թղթածրար է, որ կը գտնուի վերջնական համաձայնութեան փուլին մէջ։ Եթէ մէկ կողմէ յարաբերութիւններու բնականոնացման պատրուակային նախապայմանականութեամբ կը բացատրուի համաձայնութեան վերջնականացման արգելակումը, միւս կողմէ սակայն կը մեկնաբանուի, որ Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը տեղի չ՛ունենար Պաքուի պատճառով։ Այս այն ուղերձն է, որ Անգարան կ՛ուղարկէ այս ձեւով ոչ միայն հայկական կողմին, այլ նաեւ «եղբայր Ազրպէյճան»-ին, Եւրոպական Միութեան եւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին։ Այն բոլորին, որոնք իրմէ կը պահանջեն բանալ անցակէտը։ Միաժամանակ անոր, որ կը պահանջէ չբանալ, մինչեւ որ իր հարցը լուծուի։

Անցակէտի բացման (ան)հաւանականութեան այս բարձրաձայնումը առնչակից կողմերուն խանդավառութիւնը չէ յառաջացուցած։ Նոյնիսկ լրատուական-մեկնաբանական մակարդակի վրայ դիտարժան հրապարակումներու չենք հանդիպած տակաւին ռուսական կամ եւրոպական մամուլին մէջ։ Ոչ միայն չէ խանդավառուած, այլ կը թուի, թէ մտահոգուած է Պաքուն այս հարցով։ Ի՞նչ երաշխիքի հիման վրայ բանակցութիւնները հասած են վերջնական փուլ։ Եթէ հայկական ուժերը չեն հեռացած արցախեան տարածքներէն եւ եթէ այդ ուղղութեամբ Անգարան որեւէ յանձնառութիւն չէ ապահոված, ապա ինչո՞ւ շարունակուած են եւ վերջնական փուլ հասած բանակցութիւնները։

Աւելի ուշ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղար Լեւենթ Կիւմրիւքչիւ. այս յայտարարութեան իբրեւ արձագանգ կը յայտնէր. «Մեր երկիրը բազմիցս ըսած է, որ տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման համար իւրաքանչիւր քայլ բարձր կը գնահատէ, Ազրպէյճանի գրաւումը դադրեցնելուն զուգահեռ»: Իսկ ազրպէյճանական apa.az-ը կը հաստատէր, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն հայ-թրքական սահմանի բացման մասին յայտարարութիւն չէ ըրած:

Միայն այն փաստը, որ նման հերքում մը օրինաչափօրէն պէտք է գար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ ոչ թէ ազրպէյճանական լրատուամիջոցէն, կը խօսի արդէն ազրպէյճանական անհանգստութեան մասին։

Փաստօրէն անհանգստութիւնը ակնյայտ էր։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պարտաւորուէր երկրորդ անգամ յստակացնելու, որ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը սահմանի բացման հաւանականութեան մասին սխալ չեն։
Պաքուի անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը կրնան անտեղի ըլլալ, եթէ կառչած մնանք քաղաքական «պլըֆ»-ի տեսութեան։ Ի վերջոյ Անգարան անցակէտ կը բանայ կամ փակ կը պահէ բացառապէս իր շահերէն մեկնած, թէկուզ առաջադրելով Պաքուի համաձայնութիւնը։ Բայց անտեղի չ՛ըլլար յիշելը քանի մը օր առաջ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լրատուութիւնը, որուն համաձայն, Անգարան կը խուսափէր Ազրպէյճանի կառավարութեան աջակցութեամբ «Խոջալու» այգիին մէջ կառուցուած թանգարանը «Խոջալուի թանգարան» անուանելէ։

Այս բոլորը՝ իրենց կարգին։ Կարեւորը այն է, որ հարիւրամեակի նախաշեմին Անգարան նման «խաղաղասիրական» գործողութիւններ ձեռնարկելու նախանիշը կը ցուցադրէ. ընդհուպ մինչեւ Անգարա-Երեւան արձանագրութիւններու վերակենդանացում։

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել