Պոլսոյ Մէջ ՀՅԴ-Քրտամէտ ԽԺԿ Աննախընթաց Հանդիպում

HJD -QyurdԵրեքշաբթի, Նոյեմբեր 12ին, ՀՅԴի եւ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (ԽԺԿ) բարձրաստիճան պատուիրակութեանց միջեւ աննախընթաց հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ: Նաեւ, 1923էն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով է, որ ՀՅԴի պաշտօնական պատուիրակութիւն մը Պոլիս կ՛այցելէ:

Քրտամէտ կուսակցութեան պատ-ուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կուսակցութեան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ ու Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւրը, իսկ ՀԵԴի պատուիրակութիւնը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը, որ նաեւ փոխնախագահն է Ընկերվար միջազգայնականին:

Պոլսոյ հանդիպումը մաս կը կազմէ երկու կուսակցութեանց միջեւ սկսած երկխօսութեան, որոնք կը կեդրոնանան հայ-քրտական գործակցութեան հաւանականութեանց, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Քիւրտիստանի, ինչպէս նաեւ հայ եւ քիւրտ ազգերու ազգային ու ժողովրդավարական իղձերուն վրայ:

Յիշեցնենք, թէ Հոկտեմբեր 29ին, Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած էր Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակը եւ հանդիպում մը ունեցած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան

Տպել Տպել