Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական Մարմինին. Ներկայացուեցաւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» 9-րդ Հատորը

pambouk-420x228Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին, երէկ՝ երեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին տեղի ունեցաւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» 9-րդ հատորի ներկայացումը՝ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ քաղաքական, միութենական եւ կրթական ներկայացուցիչներու ու մեծաթիւ ներկաներու։

ՀՅԴ քարոզչական մարմինին անունով Գրիգոր Հաշէօլեան բացումը կատարեց ձեռնարկին՝ ներկայացնելով նշեալ հատորի հիմնական ենթաբաժանումներն ու օրուան բանախօսները։

«ՀՅԴ-ի կեդրոնական արխիւներու ուսումնասիրութեան առաջին լուրջ փորձը կատարած է Սիմոն Վրացեան, որ 1930-ական թուականներէն «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ հրատարակած է ՀՅԴ-ի արխիւային նիւթեր», ըսաւ Հաշէօլեան՝ նշելով, որ ՀՅԴ-ի արխիւային եւ առնչակից նիւթեր լոյս տեսած են նաեւ պարբերաբար ՀՅԴ-ի օրկան «Դրօշակ»-ի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Սիմոն Վրացեանի կողմէ Փարիզի մէջ հրատարակուած «Վէմ» հանդէսին մէջ։

ՀՅԴ 19-րդ Ընդհանուր ժողովին որոշումով, Վրացեանէն ետք ՀՅԴ-ի արխիւներու հրատարակման աշխատանքը ստանձնած է Հրաչ Տասնապետեան, որուն խմբագրութեամբ լոյս տեսած են «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար»-ի առաջին չորս հատորները։ «Այդ աշխատանքը այսօր կը շարունակէ մտաւորական եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան», շարունակեց Հաշէօլեան՝ ընդգծելով, որ հատորը սոսկ նիւթերու հաւաքածոյ չէ, այլ՝ անիկա համալրուած է խմբագիրին հարուստ ծանօթագրութիւններով, նշումներով եւ տողատակի լայն բացատրութիւններով։ «Հատորը ունի գիտական լուրջ նկարագիր, որ կրնայ իբրեւ աղբիւր ծառայել պատմաբաններուն եւ ուսումնասիրողներուն», շեշտեց Հաշէօլեան՝ բարձր գնահատելով Փամպուքեանի գիտահետազօտական բծախնդիր պրպտումները եւ ծածկանուններու գաղտնազերծումի ճիգերը։ «Վարձքդ կատար, ընկեր Երուանդ, եւ յաջողութիւն համբերատար աշխատանքիդ, որ յաւելեալ լոյս պիտի սփռէ ՀՅԴ-ի յեղափոխական, քաղաքական, հասարակական գործունէութեան վրայ՝ խթան հանդիսանալով ներկայ եւ ապագայ պատմագիրներուն, ամբողջական եւ առարկայական գնահատանքը կատարելու ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ առաքելութեան եւ հերոսական գործունէութեան», ընդգծեց Հաշէօլեան։

Բանախօսներէն նախ խօսք առաւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեան, որ աւելի քան կէս ժամ տեւողութեամբ հանգամանօրէն ներկայացուց հատորի հիմնական մասերը, որոնք կը բաժնուին երեք գլուխներու.

Պարսկական սահմանադրութիւնը 1909-1911 եւ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը։

Կովկասն ու ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը։

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնները։

«Աւելի քան 295 փաստաթուղթերով, բովանդակութեան իմաստով այս հատորը արժէքաւոր է ոչ միայն ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան, այլեւ՝ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու հայոց պատմութեան ու Հայաստանի խորհրդային շրջանի պատմագրութեան համար», ընդգծեց փրոֆ. Էդիկ Մինասեան՝ մանրամասնելով նշեալ իւրաքանչիւր գլուխներու հիմնական խորագիրները։

Մինասեան դիտել տուաւ, որ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւններու վերաբերող բաժինը գրեթէ նորութիւն է այդ շրջանի պատմագրութեան մէջ։ «Այս հատորը իբրեւ աղբիւրագիտական սկզբնաղբիւր բացառիկ նշանակութիւն ունի ոչ միայն ՀՅ Դաշնակցութեան, այլ՝ հայոց պատմութեան, հայկական ազատագրական շարժման եւ Եւրոպայի հայ ուսանողութեան պատմագրութեան համար։ Փամպուքեան կատարած է մէկ ամբողջ հիմնարկի մը աշխատանքը», ընդգծեց փրոֆ. Մինասեան՝ առողջութիւն մաղթելով հատորներու խմբագիրին, որպէսզի ան կարենայ շարունակել տարուած անգնահատելի աշխատանքը։ Դոկտ. Մինասեան նաեւ խիստ բարձր գնահատեց Փամպուքեանի ձեռագիրներ վերծանելու, անոնց շարուածքէն հեղինակին ինքնութիւնը կռահելու եւ նիւթերու տեսակաւոր, գիտական դասաւորումով խմբագրումի յատկութիւնները։

Ապա խօսք առաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան, որ անդրադարձաւ հատորի նիւթերուն, անձնանուններու եւ տեղանուններու յիշատակութեան պայմաններուն եւ առաւելութիւններուն։ Յովհաննիսեան բովանդակութեամբ հարուստ, 560 էջերէ բաղկացած եւ 2012-ին լոյս տեսած այս հատորի տեղեկութիւնները, յատկապէս անձնանունները եւ ծածկանուններու պարզաբանումները խիստ շահեկան նկատեց՝ նկատի ունենալով, որ համանուն անձերու մասին այլ տեղ (խորհրդային թէ այլ աղբիւներու մէջ նշուած տեղեկութիւնները ամբողջական չեն, Թուելով 1933-1934-ին (Ս. Վրացեանի) ՀՅԴ դիւանի եւ ապա Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրած հատորները՝ Մհեր Յովհաննիսեան յայտնեց, որ այդ աշխատանքներու հրատարակութիւնը զգալի պահանջ մըն էր՝ այդ ժամանակաշրջանի (պատմագրական) «բաց»-ին բերումով։ Ան թուեց հատորի իւրաքանչիւր բաժինին մէջ նշուած կարգ մը անուններ, որոնք այլապէս, տարբեր ժամանակներու մէջ, այլ մօտեցում ցուցաբերած են ՀՅ Դաշնակցութեան նկատմամբ, ինչպէս՝ Ստեփան Շահումեանը, որ 1901-ին շնորհաւորական նամակ կը յղէ ՀՅԴ-ին՝ զայն նկատելով ընկերվարութեան յառաջամարտիկ, մինչ ան (Շահումեան) հետագային տարբեր մօտեցում ունեցած է ՀՅԴ-ի նկատմամբ։ Նմանապէս՝ Լիպարիտ Նազարեանցը, որ որոշ ատեն սերտ կապի մէջ եղած է Եւրոպայի հայ ուսանողներու հետ։ Յովհաննիսեան աննախընթաց որակեց 20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն գծով նշուած տեղեկութեանց, արխիւներու, փաստերու գիտական հետազօտութիւնը։ Ան նաեւ խիստ կարեւոր նկատեց Եւրոպայի հայ ուսանողներու կազմակերպած ցոյցին մասին տեղեկութիւնները՝ Պաքուի կալանաւորներու ազատագրման պահանջով։ «Փաստաթուղթերը կը նշեն, որ այս օրինակով կարելի է հետազօտել բազմաթիւ այլ աղբիւրներ», ընդգծեց Մհեր Յովհաննիսեան՝ նշելով, որ ցարդ լոյս տեսած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» հատորները կարելի է օգտագործել համացանի միջոցով, ուր անոնք զետեղուած են թուայնացումէ ետք։

Օրուան երրորդ բանախօսն էր լեզուաբան, հայագէտ Յովիկ Պերթիզլեան, որ առաւելաբար կեդրոնացաւ Փամպուքեան խմբագիրի, պատմաբանի առանձնայատկութիւններուն վրայ։ «Պատահական չէր, որ ՀՅԴ Բիւրոն Երուանդ Փամպուքեանին վստահեցաւ «Նիւթեր»-ու խմբագրութիւնն ու հրատարակութիւնը», ըսաւ ան՝ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով Փամպուքեանի կենսագրական կէտերը՝ պատմաբան եւ քաղաքական գիտութեանց շրջանաւարտ՝ Պելճիքայէն։ Փամպուքեան երկար տարիներ վարած է Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնը՝ միաժամանակ հիմնարկին մէջ դասախօսելով հայոց պատմութեան նիւթին մասին։ Ան երկար տարիներ եղած է նաեւ «Ազդակ»-ի տնօրէնը, եւ իր օրով է, որ թերթը սկսաւ լոյս տեսնել ութ էջերով։

«Ան առաջիններէն էր, որ յաջողած է համագործակցութիւն ապահովել եւ հայրենի դասախօսներ հրաւիրել հայագիտականի դասընթացքներուն», ըսաւ Պերթիզլեան՝ նշելով, որ Փամպուքեանի գիտական աշխատանքներէն մէկը եղած է նաեւ Արշաւիր Շիրակեանի գիրքին յառաջաբանը, ուր ան Ցեղասպանութեան գիտական հիմնաւորումը կատարած է։ «Ան արժանաւոր յաջորդը եղաւ Սիմոն Վրացեանի եւ Հրաչ Տասնապետեանի», ընդգծեց Պերթիզլեան՝ շնորհաւորելով Փամպուքեանը եւ նշելով, որ «Նիւթեր»-ու 10-րդ հատորը արդէն իսկ հրատարակութեան գրեթէ պատրաստ վիճակին մէջ է։

Իր կարգին, խօսք առաւ «Նիւթեր»-ու խմբագիր Երուանդ Փամպուքեան, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, յատկապէս իր խոր գոհունակութիւնը յայտնելով հայրենի պատմագէտ Մհեր Յովհաննիսեանին, որուն ճիգերով «Նիւթեր»-ու բոլոր հատորները ձեռնտու եւ օգտագործելի պիտի ըլլան համացանցի վրայ։ «Արխիւային հարուստ տեղեկութիւններ կան, սակայն աշխատողի պակաս կայ», ընդգծեց Փամպուքեան՝ միաժամանակ վստահեցնելով, որ «մեր ժողովուրդի ազատագրական կարեւոր շրջանի մասին ամբողջական տեղեկահաւաք կայ, որ անաչառ կերպով կարելիութիւն պիտի ընծայէ բոլոր պատմագէտներուն, որ իրազեկ դառնան ամբողջ տեղեկութեանց եւ ապա դատին», Աւարտին ան մակագրեց իր գիրքը ներկայ ընթերցողներուն։

aztagdaily.com

Տպել Տպել