Այնճարի Մէջ. «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» 9-րդ Հատորի Շնորհահանդէս

KINETSON2Երէկ՝ ուրբաթ, 15 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան Համար» 9-րդ հատորի շնորհահանդէսը:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան, որ ողջունեց ներկաները եւ յատկապէս Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆ. Էդիկ Մինասեանը, Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեանը, «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» 9-րդ հատորի խմբագիր, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը, Այնճարի հոգեւոր պետերը, քաղաքապետը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ ձեռնարկին ներկայ եղող հայրենակիցներն ու ԼԵՄ-ականները:

Լիբանանեան, հայաստանեան եւ Դաշնակցութեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, փրոֆ. էդիկ Մինասեան հանգամանօրէն ներկայացուց հատորը իր երեք գլուխներով եւ մանաւանդ բարձր գնահատեց խմբագիրին բծախնդիր ու գիտական աշխատանքը, որ մեծ ներդրում է հայոց պատմութեան 1897-1914 ժամանակաշրջանի ուսումնասիրութեան համար:

Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան անդրադարձաւ հատորի կարեւորութեան՝ նշելով, որ անիկա կը լուսաբանէ բազմաթիւ հարցեր, որոնք անորոշ էին վերջին շրջանի պատմութեան մէջ: Ան հատորը նկատեց գիտական մեծ ուսումնասիրութիւն, որ կատարուած է գիտական մօտեցումով եւ մեծ բծախնդրութեամբ:

Զոյգ պատմաբաններու խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ հատորի գինեձօնը՝ մասնակցութեամբ Այնճարի հոգեւոր պետերուն:Yervant-Pamboukian1

Մհեր Յովհաննիսեան Այնճարի հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներուն նուիրեց յոյժ կարեւոր հատորներ, իսկ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անունով Յակոբ Այնթապլեան յատուկ շքանշանով պատուեց հատորի խմբագիր Երուանդ Փամպուքեանը՝ իր երկար տարիներու ազգային-կուսակցական բեղուն գործունէութեան համար:

Դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբի նախագահ տոքթ. Կարօ Փիլաւճեան հայրենի պատմաբաններուն նուիրեց մարմինի հրատարակութիւններէն հատորներ, իսկ փրոֆ. Էդիկ Մինասեան կեդրոնին նուիրեց Արցախի քարտէսագիրքը եւ այլ հրատարակութիւն մը:

Ձեռնարկի աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց հատորի խմբագիր, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, հայրենի պատմաբաններուն եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին:

Ան յայտնեց, որ ՀՅԴ արխիւը շատ հարուստ է մեծաթիւ արխիւային փաստաթուղթերով, եւ այդ փաստաթուղթերուն հրատարակութիւնը մեծապէս կը լուսաբանէ հայոց պատմութեան վերջին ժամանակաշրջանը:

Ձեռնարկին առիթով տեղի ունեցաւ յեղափոխական գիրքերու ցուցադրութիւն եւ վաճառք՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի գրատարածին կողմէ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել