Ազդակի Խմբագրական. Յաղթահարե՛լ Ժամանակի Պարտադրած Փորձութիւնը (ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակին Առիթով)

LEM1ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը արդէն քառասուն տարուան փորձառութիւն ունի, իբրեւ կառոյց, իբրեւ գործունէութիւն եւ իբրեւ կայացած միաւոր առ հասարակ` իրեն կապուած տարբեր բաժանմունքներով:

ԼԵՄ-ի հիմնադրութիւնը զուգադիպած է լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն եւ բնականաբար անոր գործունէութեան կարեւոր բաժինը պիտի վերաբերէր պատերազմէն բխած անմիջական երեւոյթներու, հետեւանքներու եւ իրականութիւններու: ԼԵՄ-ը բնականաբար իբրեւ դաստիարակչական միաւոր, ապագայ դաշնակցական մարդը կազմաւորելու համար ստեղծուած կառոյց էր: Դաստիարակութիւնը սակայն կուսակցութեան պարագային զուտ տեսաբանութիւն չէ, լոկ գիտելիքի ամբարում չէ, այլ անոր զուգահեռ եւ անոր չափ անհրաժեշտ գործնական բաժին է, աշխատանքի դաշտ է , բարոյական կենդանի օրինակներէ վարակուիլ է եւ իր հերթին վարակելն է:

Պատերազմական արհաւիրքի մթնոլորտին մէջ գործի գուրայով կլանուած ԼԵՄ-ը անցաւ ինքնակազմակերպական դժուարին բայց դարբնող ու կերտող ճամբաներէ: Այնքան մը, որ ԼԵՄ-ի առաքելութիւնը այդ օրերուն նոյնացաւ ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան հասկացողութեան հետ եւ ԼԵՄ-ականի կերպարը հայ մարդու մտապատկերին մէջ ուրուագծուեցաւ յաղթական կանգնած երիտասարդով` զէնքը ձեռին, հայահոծ թաղամասերը պաշտպանող, ժողովուրդի կարիքներուն փութացող, վիրաւորուող, նահատակուող, հերոսացող: Եւ իբրեւ այս բոլոր հանգամանքները ներառած կերպար` գաղութին յենարան նկատուող, իբրեւ հպարտանքի առիթ եւ վստահելի հասցէ:

Պատերազմները ընդհանրապէս յոռի բարքերու կուտակումներ կը յառաջացնեն յատկապէս երիտասարդ տարրերուն մօտ: Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հաւաստիութեան եւ դրական հիմքի վրայ նման կերպարներ կերտելը արգասիքն էր Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան պատասխանատու մարմիններուն կողմէ աշխատանքին ապահոված ճիշդ մեկնարկին, գաղափարախօսական առանցքին, բարոյական արժեհամակարգին, գործադաշտի սահմաններու յստակեցումին եւ մանաւանդ ժողովուրդին բազկերակին համաժամանակ` աշխատանքի կշռոյթներուն կազմակերպումին:

Նոյն ժամանակահատուածին, արժէքային այս բաղադրիչները յաւելեալ բիւրեղացում ապրեցան, երբ Հայ դատի աշխատանքները սկսան յատկանշուիլ յեղափոխական աւանդներու վերադարձ կատարող երեւոյթներով: Գործունէութեան ամբողջ պարունակ մը, որ յատկանշուած էր միայն զոհողութեամբ, ուր աղմկարարութիւնը զիջած էր լուռ աշխատելաեղանակին, ուր ցուցադրականութիւնը հեռացած էր բեմէն` իր տեղը տալով լուսարձակներէ հեռու գործելաոճին, ուր նպատակաուղղումը դէպի յաւելեալ զոհողութիւն էր փոխան յաւելեալ դիրքերու գրաւումին:

Բարոյագաղափարախօսական այս ուղեգիծը տակաւին նոր հանգրուաններ կը նուաճէր, երբ արցախեան շարժումը Ստեփանակերտ-Երեւան ուղղութենէն կայծակնային անցում կը կատարէր դէպի սփիւռքեան շրջաններ` իր գուրային մէջ ներգրաւելով մեր գաղութներու երիտասարդական միութիւնները: ԼԵՄ-ը առաջիններէն էր, որ իր ամբարած փորձառութեան, պատերազմական պայմաններէն կուտակած կենսափորձով մասնակցութիւն ունեցաւ հայ ժամանակակից պատմութիւնը հարստացուցած այս ազատամարտին:

ԼԵՄ-ականի կերպարի առաջնային գիծերը այս կարեւոր հանգրուաններուն ձեւ ու մարմին կը ստանային: Հասկնալի է անշուշտ, որ երիտասարդութեան համար աշխատանքի այս հարթութիւնը ամէնէն գրաւիչն էր. երիտասարդական տարիքի համար ամէնէն առաջադրուածը գուցէ: Բայց նաեւ աշխատանքի տեսակին առընթեր գաղափարական պատրաստուածութեան անշրջանցելի հրամայականի ճիշդ գործադրութիւնն էր, որ յաջողեցաւ կերտել ԼԵՄ-ականի այս կերպարը:

Հիմա համեմատաբար խաղաղ են պայմանները: Եւ ԼԵՄ-ը իր քառասնամեայ գործունէութեան վերջին տասնամեակին, աշխատանքի նոր ուղենիշերու որդեգրման անհրաժեշտութեան առջեւ է: Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը, Արցախի անկախութեան ճանաչումը, Միջին Արեւելքի մէջ թրքական գործօնի աշխուժացման դէմ դնելը, եւ տակաւին գաղութի վերականգնման աշխատանքներուն նոր թափ հաղորդելն ու տարբեր ոլորտներու ղեկավարման մէջ գործօն մասնակցութիւն բերելը կը կազմեն վերջին շրջանին ԼԵՄ-ի գործունէութեան առջեւ բացուող աշխատանքային դաշտի բաժանումները:

Համաշխարհային մակարդակի վրայ տիրող ապագաղափարականացման հոսանքներէն ազդուած է նաեւ երիտասարդութիւնը: Մեր պարագային` հայ երիտասարդութիւնը: Աւելի մասնակիացնելով` կուսակցութեան համաերիտասարդական շարժումը: ԼԵՄ-ը իր շարքերուն մէջ ունի կարողականութիւնը նոր թափ հաղորդելու համաերիտասարդական մեր շարժումին: Գաղութային բնոյթի աշխատանքներէն անդին դէպի հայրենիք գործուղումները, Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայոց հետ կապուած աշխատանքային ծրագիրները եւ տակաւին Միջին Արեւելքի մեր երիտասարդական միաւորներուն հետ ստեղծուող ցանցային յարաբերութիւնները հանգամանալից այդ դերակատարութիւնը կը յուշեն:

Ժամանակը ամէնէն ազդեցիկ չէզոքացնող գործօնը կրնայ նկատուիլ, եթէ ճիշդ չհասկցուի ժամանակի ճշդած եղանակին հետ վարուելու կերպը: Ժամանակներն ու պայմանները միշտ կը փոխուին: Կը յաջողին այն միաւորները, որոնք փոփոխուող աշխարհին ու պայմաններուն հետ կը յաջողին վերամշակել մեթոտաբանութիւնը, բայց մանաւանդ կը յաջողին պահել խորքը, գաղափարն ու նպատակը: ԼԵՄ-ը կը յաջողի՛ յաղթահարել ժամանակի պարտադրած փոփոխութիւններու փորձութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել