Հայեւթուրք Երկխօսութեան Խաբկանքն Ու Իրականութիւնը

Նազարէթ Պէրպէրեան

Նազարէթ Պէրպէրեան

Տուէք մեզ որեւէ հաւաստիք, որ միանալով ձեզ հետ՝ դրանով մենք չենք ապահովի միայն ձեր հանգստութիւնը՝ թէ Հայկական Հարցը յաջողաբար խեղդեցիք եւ որ այդ հարցից այլեւս վտանգ չկայ օսմանեան գերիշխանութեան եւ նրա վաղեմի աշխարհակալ փառքին, այլ դրանով ձեռք կը բերենք թիւրք ինտելիգենցիայի մի արժանահաւատ ուժը, որ կարող է բարեփոխել մեր ժողովրդի դրութիւնը,- եւ մենք յեղափոխականին վայել աւիւնով կը վազենք ձեր շարքերը ամրապնդելու։

Բայց ե՞րբ կը լինի այդ…
Քրիստափոր Միքայէլեան
(«Միութիւն թիւրքերի հետ», 1900 թուական)

Թէեւ չորս տարի անցած է տխրահռչակ Հայեւթուրք Արձանագրութեանց ստորագրութենէն ասդին եւ, անոր բանալի կէտերուն շուրջ, ստորագրող երկու կողմերը իրե՛նք թափ տուած են իրերամերժ մեկնաբանութեանց, այսուհանդերձ՝ հայեւթուրք երկխօսութեան ուրուականը կը շարունակէ թեւածել հորիզոնին վրայ…

Որոշապէս Արձանագրութեանց ստորագրումին կնքահայրութիւնը ստանձնած մեծապետական ուժերը ամէն առիթ կ՛օգտագործեն, նաեւ այս օրերուն, որպէսզի ոչ միայն յիշեցնեն Արձանագրութեանց վաւերացման օգտակարութիւնն ու անհրաժշտութիւնը, այլեւ՝ գովազդեն երկխօսութեամբ «անցեալի կնճռոտ հարցեր»ուն լուծում գտնելու քաղաքական «իրատեսութիւն»ն ու «ողջմտութիւն»ը։

Իսկ գզրոց դրուած փաստաթուղթը ստորագրող Հայաստանն ու Թուրքիան, յատկապէս երբ կ՛իյնան Արձանագրութեանց «շոգեկառք»ը վերստին շարժման մէջ դնելու մեծապետական ճնշումներու սաստկացումին տակ, ոչ մէկ պարագայի տրամադրութիւն ցոյց կու տան կատարուած «փորձ»ը ձախաւեր հռչակելու եւ անոր վրայ գիծ քաշելու…

Ընդհակառակն՝ թէ՛ վարչապետ Էրտողանի, թէ՛ նախագահ Սար-գսեանի իշխանութիւնները «ամենայն հոգածութեամբ» կը վերահաստատեն երկխօսութիւնը շարունակելու իրենց… պատրաստակամութիւնը՝ անշուշտ հակառակորդ կողմին վրայ նետելով Արձանագրութեանց ձախողեցման պատասխանատուութիւնը։

Պարզ աչքով ալ տեսանելի է, որ պետական իշխանութիւններու մակարդակին վրայ, մեծապետական ուժերը ըլլան անոնք թէ պաշտօնական Անգարան ու Երեւանը, բոլորն ալ շահագրգռուած են եթէ ոչ այնքան խնդրայարոյց Արձանագրութեանց վաւերացումով, որքան հայեւթուրք երկխօսութեան… պահպանումով, ի հարկին՝ երեւութապէ՜ս։
Միջազգային թատերաբեմին վրայ այդ շահագրգռութիւնը նկատելի էր նոյնիսկ 2009ի Արձանագրութիւններէն առաջ։
Երրորդ հազարամեակի առաջին տարիներուն արդէն, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու ուղղակի օրհնութեամբ եւ որոշ չափով Ռուսիոյ Դաշնութեան անուղղակի քաջալերանքով՝ կեանքի կոչուեցաւ նոյնքան տխրահռչակ TARCը, այսպէս կոչուած Թուրք եւ Հայ հաշտութեան յանձնաժողովը, որ ոչ-պաշտօնական խօսակիցներու մէկտեղումով առաջին փորձ մը կատարեց մեր ժամանակներու կշռոյթով հայեւթուրք երկխօսութիւն սկսելու համար։

Առանց մանրամասնութեանց մէջ մխրճուելու, հանրայայտ է, որ TARCի նախաձեռնութիւնը իրեն յանձնարարուած դերը կատարեց եւ անցաւ պատմութեան։ Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան փաստին շուրջ պատմաքաղաքական քննարկումներ ծաւալեցան, կողմերը իրենց հակադիր տեսակէտներուն վրայ անզիջող մնացին, միջազգային դատական ատեանի մը իրաւարարութեան դիմում կատարեցին, բայց վճռահատող եզրակացութեան մը չյանգեցան։

Այդպէ՛ս, ոչ պաշտօնական խօսակիցներով, դրուեցաւ սկիզբ մը, պետական իշխանութեանց մակարդակին վրայ, հայեւթուրք երկխօսութեան «յառաջընթաց»ին։ Միշտ մեծապետական ուժերու հովանիին տակ, Թուրքիան եւ Հայաստանը ներկայացնող դիւանագէտներու եւ քաղաքական խորհրդականներու մասնակցութեամբ, խորհրդապահական շփումներով եւ գաղտնի բանակցութիւններով, պատրաստուեցաւ ենթահողը 2008ի Մայիսին Մոսկուայի մէջ հրապարակ նետուած Հայաստանի նորընտիր նախագահ Սերժ Սարգսեանի «ֆութպոլային դիւանագիտութեան», որուն անմիջապէս ընդառաջեց Թուրքիոյ նախագահ Կիւլը՝ Երեւան այցելելով եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ հաւաքականներուն միջեւ ոտնագնդակի մրցախաղին ներկայ գտնուելով…

Փաստօրէն, 2009ի Արձանագրութեանց ստորագրութեամբ պսակուած այդ «շրջադարձ»ով՝ առաջին քայլը նետուեցաւ հայեւթուրք երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութեանց միջեւ բացայայտ ու պաշտօնական երկխօսութեամբ փոխարինելու քաղաքականութեան կնճռոտ ճամբուն վրայ։

Հայաստանի իշխանութիւնները ստացան այն «բաւարարութիւն»ը, որ Թուրքիոյ կողմէ հաստատուած շրջափակման վերջ տալու, ցամաքային սահմանը բանալու եւ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւններ ունենալու Հայաստանի պահանջները թրքական իշխանութեանց օրակարգին վրայ բերուեցան միջազգային օրհնութեամբ եւ ճնշումով։

Իսկ Թուրքիոյ իշխանութիւնները գործնապէս ամրապնդեցին իրենց պետութեան միջազգային վարկանիշը, իբրեւ շրջանէն ներս իր հարեւաններուն հետ «Զերօ խնդիրներ» ունեցող եւ, ընդհակառակն, շրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան սատարող յուսալի մեծ ուժի։ Թուրքիա ստացաւ նաեւ Հայաստանի հետ իրողապէս առկայ, բայց 1920ականներուն պատերազմով իր պարտադրած սահմաններուն ի նպաստ միջազգային, իրաւական ճանաչում ապահովելու նպաստաւոր մթնոլորտ մը, առանց որեւէ զիջում կատարելու հայ ժողովուրդին դէմ իր գործադրած ցեղասպանութիւնը ուրանալու քաղաքականութենէն։

Հետեւաբար, հայեւթուրք երկխօսութեան միայն խաբկանքը ստեղծելու կամ պահպանելու նպատակին կը ծառայեն պետական մակարդակով յառաջ մղուող, երբեմն թէժ կրակի վրայ դրուող, երբեմն ալ մեղմ կրակի վրայ պարզապէս «տաք» պահուող շփումներն ու բանակցութիւնները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իշխանութեանց միջեւ, մեծապետական ուժերու ուղղակի թէ անուղղակի մասնակցութեամբ կամ պատուէրով։

Ուշագրաւ է, որ վերջին շաբաթներուն յատկապէս թրքական իշխանութեանց կողմէ շեշտակի ճիգ կը թափուի վերստին աշխուժացնելու իբր թէ հայեւթուրք երկխօսութիւնը խրախուսելու քայլերը։ Պաշտօնական Անգարան կը փորձէ, Հայաստանի սպասումներուն եւ պահանջներուն իբր թէ արձագանգելով, որոշակի հեռաւորութիւն պահել Պաքուի հակահայ, այլեւ ռազմաշունչ ելոյթներէն…

Դժուար չէ բացատրել Թուրքիոյ այսօրինակ «մեղմացման» տուն տուող իսկական պատճառները, որոնք անշուշտ կապ չունին ի նպաստ Հայաստանի կամ Հայ Դատի թրքական… «հոգեփոխութեան» հետ։

Սուրիական հարցին մէջ իր միջամտութեամբ, սադրանքներով ու, մանաւանդ, Քայիտայի ծայրայեղականներուն առջեւ դռներ բանալով՝ Թուրքիա այնքան չափը անցուց եւ համը փախցուց, որ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգները սկսած են երկմտիլ ու հեռաւորութիւն պահել թրքական ծուղակէն։

Միջազգային թատերաբեմի վրայ այսպէ՛ս վարկաբեկուած թրքական իշխանութիւնները, հասկնալիօրէն, Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բնականոնացման ու հայեւթուրք երկխօսութեան պատրանքը դարձեալ կեանքի կը կոչեն, որպէսզի նաեւ այդ «խաղաթուղթով» փորձեն հակակշռել եւ դարմանել իրենց բաժին ինկած վարկազրկումը։

Նաեւ ներքին ճակատի վրայ նկատելի է Անգարայի այսօրուան իշխանութեանց վարկանիշին անկումը, որուն խօսուն ապացոյցներն են թուրք մտաւորականներու եւ քաղաքական որոշ շրջանակներու հետզհետէ աւելիով յանդուգն դարձող եւ բարձրաձայն արտայայտուող դժգոհութիւնները՝ թրքական պետութեան հակահայ վարքագիծին նկատմամբ։
Հայոց Ցեղասպանութեան թրքական ուրացումը դատապարտող, Հրանդ Տինքի ձայնը արեան մէջ խեղդողներուն արդար պատիժ պահանջող, իսլամացուած հայերու ազգային իրաւունքներու վերականգնման տէր կանգնող եւ, ընդհանրապէս, հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական հետքերուն բնա-ջնջման դէմ ծառացող այդ ձայները նոր խմորումներու առջեւ կանգնեցուցած են թրքական պետութիւնը։

Այդ ձայները դեռ անհրաժեշտ ուժգնութիւնը չունին, բայց անպայման ապագայ ունին, որովհետեւ այլապէս իր անցեալէն վախցող հասարակութեան մը հիւանդագին վիճակին դատապարտուած պիտի մնայ թրքութիւնը։

Իր անցեալին համար ամչցող հասարակութիւն մը չի կրնար ապահովել վաղուան իր սերունդներուն բազմակողմանի զարգացումը։

Բացառուած չէ, անշուշտ, որ պաշտօնական Անգարան փորձէ իբրեւ սոսկ խաղաթուղթի գործածել նաեւ իր ներքին ընդդիմադիրները։

Հայ ժողովուրդը դառնագոյն փորձառութեամբ սորված է, որ Օսմանեան կայսրութեան անկումի օրերէն, թրքութիւնը վարժուած է ֆէսը գլխարկով, իսկ Սուլթան Համիտը Թալէաթ փաշայով կամ Քեմալ Աթաթուրքով փոխարինելու.. ինքնախաբէութեան։

Այսօր ալ վտանգը մեծ է, որ այլամերժութեամբ եւ հայատեացութեամբ սնած թուրք սերունդներուն մէջ պաշտօնական Անգարան գտնէ դիմայարդարում կամ հանդերձանք փոխող, բայց էապէս քաղաքական միեւնոյն մոլեռանդ ու կոյր ամբոխը կազմող զանգուածը, որուն միջոցաւ խափանէ իսկական երկխօսութիւնը հայութեան հետ։
Այդ վտանգին դէմ յանդիման կանգնած է հայ քաղաքական միտքին նաեւ այսօր։

Ինչպէս որ 1900ին, «Թիւրքերի հետ միութեան» հրամայականը շեշտելով հանդերձ, Քրիստափոր միաժամանակ ահազանգ կը հնչեցնէր թրքութեան մէջ արմատ նետած այլամերժութեան անբուժելի արատին դէմ, այնպէս եւ այսօր, ողջունելով հանդերձ հայեւթուրք երկխօսութեան նպաստող յուսադրիչ ձայները թուրք ընդդիմախօս մտաւորականութեան, հայ քաղաքական միտքը զգուշաւորութեամբ պիտի նետէ իր քայլերը, որպէսզի աւելորդ անգամուան մը համար դարձեալ թրքական ծուղակին մէջ չյայտնուինք ազգովին։

asbarez.com

Տպել Տպել