Արցախի Նախագահի Հանդիպումը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

1127pakoԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25ին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըս այցելող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:

Խորհրդակցութեանց առանցքը դարձան Արցախի հակամարտութեան լուծում գտնելու գործընթացին առնչուող շարք մը հարցեր: Քննուեցան նաեւ Սփիւռքի եւ Արցախի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի պետականութիւնը ամրապնդելու միջոցները:

Խորհրդակցութեանց ընթացքին յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ նշեալ աշխատանքներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջաններու հայութեան ունենալիք դերակատարութիւնը:

Նախագահ Սահակեանի կ՛ընկերանային խորհրդական Դաւիթ Պապայեան, նախագահական խորհրդական ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Գէորգի Պետրոսեան, Ուաշինկթընի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով եւ հիւպատոս Արտակ Գալստեան:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ատենապետ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը, իսկ անոր մաս կը կազմէին Աւետիք Իզմիրլեան, դոկտ. Վիգէն Եագուպեան ու Պետիկ Գազանճեան:

ՀՅԴ պատուիրակութեան անդամները բարի գալուստ մաղթեցին Արցախի նախագահին եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արցախի պայքարին ու այս տագնապին արդար լուծում մը ապահովելու համար տարուող կուսակցական ու համայնքային գործունէութեանց մասին, միաժամանակ՝ խոստանալով նեցուկ կանգնիլ Արցախի հզօրացման ջանքերուն՝ իրականացնելով Արցախի մէջ ամէնօրեայ կեանքը բարելաւելու նպատակով շարք մը ծրագիրներ:

asbarez.com

Տպել Տպել