«Ազդակ»ի Խմբագրական. Ցամաքային Ճամբու Կառուցումով Սատարել Օդային Ճամբու Բացումին

Stepanakert-Airport-2012-720x421Տարին անգամ մը աշխարհի հայերը իրենց հայեացքները կը սեւեռեն արցախաշինութեան կամ ընդհանրապէս հայրենաշինութեան աշխատանքներէն առաջնային կարեւորութիւն ներկայացնող ծրագիրի մը վրայ: Հայեացքներու համազգային կեդրոնացումը անշուշտ, զուտ ֆինանսական նշանակութիւն չունի: Համաշխարհային ազգ ըլլալու եւ ցանցային կառոյցէ մը ակնկալուած կազմակերպ աշխատանք իրականացնելու կոչուած պետական եւ հասարակական մեքենաներու նպատակաուղղուած եւ համակարգաւորուած բանելու փաստն է, այն ինչ որ կ՛իրականացուի հերթական տարի այս օրերուն:

Այս ծրագիրը կոչուի թելեթոն, ֆոնեթոն թէ ռատիոթոն կամ դասական ձեւի դրամահաւաք, կը հետապնդէ ազգովին առաջնային օրակարգի մը շուրջ համախմբուելու հրամայականի կենսագործումը: Սկզբնական տարիներուն առաւելաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ կամ առհասարակ դասական սփիւռքի մէջ կեդրոնացած, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ցանցը հետզհետէ ընդարձակեց իր տարածքը` իր աշխատանքային հովանոցին տակ ներառելով նաեւ նոր սփիւռքի տակաւ կազմակերպուող համայնքները: Աւելի՛ն. հայրենիքը Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններով արդէն քանիերրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցի համահայկական տարողութիւն նուաճած այս դրամահաւաքին:

Հերթական տարի ծրագիրի մը ընտրութիւնը անշուշտ պատահականութեան հետ կապ չունի: Ռազմավարական առումով որքան ալ հասկնալի ըլլայ Արցախի իրողական անկախութեան իրաւականացման անհրաժեշտութիւնը` եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման համար Արցախը իր կայացած պետականութեամբ եւ պաշտպանողական հզօր համակարգով անփոխարինելի երաշխիք է, ապա Արցախը իր հերթին կը շնչէ, կը զարգանայ, կը բարգաւաճի, կ՛ազատագրուի, կ՛ինքնորոշուի, միջազգայնօրէն իբրեւ անկախ կը ճանչցուի եւ կ՛ինքնապաշտպանուի ամէնէն առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան նեցուկով:

Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախի Հանրապետութիւն այս մէկութեան ամրակայման, անքակտելիութեան եւ փոխկապակցուած անվտանգութեան երաշխիքի առաւել արմատաւորման համար կենսական են առարկայական միջոցները, ճամբաները, կապը ընդհանրապէս: Ճամբաներու հարթումը հին պատմական ժամանակներէն ի վեր թագաւորութիւններու եւ կայսրութիւններու համար առաջնային նշանակութիւն ունեցած է: Պատերազմներու գրեթէ աւարտին յաջորդած ճանապարհաշինութիւնները ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցած են: Այդ ճանապարհաշինութիւնը անշուշտ, որ հետապնդած է աւելի հեռահար նպատակներ, որոնց համար տրամադրուած են հսկայական մարդուժ եւ միջոցներ:

Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի կառուցումը առաջին մեծածաւալ ճանապարհաշինութեան ծրագիրն էր, որ յաջողցուց համայն հայութիւնը: Այժմ Վարդենիս-Մարտակերտը պիտի դառնայ այն երկրորդ մայրուղին, որ էապէս նպաստած պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախի Հանրապետութիւն երկկողմանիօրէն ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող համազգային օրակարգին:

Միջազգային ճանաչումի համար բոլոր բաղադրիչները ամբողջացնող Արցախի Հանրապետութեան համար աւելի քան կարեւոր են մայրուղիները, ենթակառոյցները, պետականութենէ մը ակնկալուած բոլոր բաժանմունքներու կայացումը: Մայրուղիներու կառուցման այս կարեւորագոյն աշխատանքին զուգահեռ Ստեփանակերտը օդային տարածքով պատրաստ է կապուելու նախ «Զուարթնոց»-ին, ապա արտաքին աշխարհին: Կապը ուրեմն առհասարակ, ըլլայ ցամաքային թէ օդային, ռազմավարական գերակայ ուղղութիւն է տուեալ պետութեան համար:

Պարզ է, որ Պաքուն այսօր յայտնուած է միջազգային ճնշումի տակ` ընդունելու համար Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման իրականութիւնը: Գործարկումի առկախումը անշուշտ կապ չունի թեքնիք պատճառներու հետ. զուտ քաղաքական է անիկա Պաքուի համար: Հայկական կողմին համար` ռազմավարական անշուշտ:

Գորիս-Ստեփանակերտէն ետք, Վարդենիս-Մարտակերտը միջազգային ընտանիքը աւելիով կը համոզէ, որ ցամաքային կապի խնդիրները լուծած Ստեփանակերտը աւելի քան պատրաստ է օդային կապը իրականացնելու:

«Հայաստան» հիմնադրամի այս տարուան ծրագիրը կարեւոր է նաեւ ա՛յս իմաստով: Լիբանանահայութիւնը պատրաստ է այս ծրագիրին իրականացման նպաստելով սատարելու Արցախի միջազգային ճանաչումին համար հիմնական քայլ նկատուող Ստեփանակերտի օդակայանի բացումին:

Տպել Տպել