Նախագահ Հոլանտի Թուրքիա մօտալուտ այցելութեան մասին՝ CCAF-ի ազգային խորհուրդի հաղորդագրութիւնը

0213CCAF1 (1)Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի՝ CCAF-ի Նոյեմբեր 23ի ազգային խորհուրդի նիստին, որ տեղի ունեցած է Փարիզի մէջ, քննարկուած է յառաջիկայ Յունուար 27ին եւ 28ին նախագահ Հոլանտի Թուրքիա կատարելիք այցելութեան հարցը:

Այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ CCAF կ՚ըսէ, թէ այս զարգացումը տեղի կ՚ունենայ Փարիզի եւ կրօնամէտ-պահպանողական թրքական իշխանութիւններու մերձեցումի ծիրէն ներս, նաեւ կը յաջորդէ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններուն մէջ նոր գլուխի մը հաստատումին Ֆրանսայի կողմէ Հոկտեմբեր 22ին տրուած հաւանութեան:

CCAF ժողովրդավարական արժէքներու պաշտպանութեան մտահոգութեամբ՝ ցաւ կը յայտնէ այս զարգացման համար եւ կը թուէ Թուրքիոյ ներկայի իշխանութիւններուն առընչուող բացասական այն բոլոր երեւոյթները, որոնք խոտոր կը համեմատին այդ արժէքներուն: Կը շեշտէ նաեւ թէ Անգարայի այսօրուան իշխանութիւնները Հայոց բնաջնջումի եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու վերացման նախաձեռնութեան մը մեղսակիցներն են, կը շարունակեն ժխտողականութիւնը եւլն.: CCAF կը յիշէ նաեւ այդ պետութեան՝ խորհրդային պատին անկումէն եւ Հայաստանի անկախացումէն ետք Ազէրպայճանի հետ ձեռք ձեռքի կիրարկած շրջափակումի քաղաքականութիւնը, Երեւանի ուղղուած պատերազմի եւ այլ անվերջ սպառնալիքները…:

Իրաց այս ցաւալի կացութեան մէջ CCAF ֆրանսական իշխանութիւններուն կը թելադրէ տնտեսական շահերու համար չզոհել Հայերը եւ մարդկային իրաւունքները: Նաեւ զգօնութեան կը հրաւիրէ Ֆրանսան՝ պարտքերը վճարելու Թուրքիոյ կարողութիւններուն նկատմամբ, աւելցնելով որ այդ երկրին արտաքին պարտքերը վերջին տասը տարիներուն իսկական «պայթում» մը արձանագրած են:

«Այդ երկրին նկատմամբ որեւէ թուլութիւն կրնայ աղէտաբեր հետեւանքներ ունենալ Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներուն համար» կ՚ըսէ CCAF, յայտարարելով, որ որոշած է նախագահ Հոլանտի Թուրքիա այցելութեան նախօրեակին բողոքի ցոյցեր կատարել ամբողջ երկրին մէջ: Այս ցոյցերուն առընչուող մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին յետագային:

CCAF-ի ազգային խորհուրդը կը յիշեցնէ նաեւ որ կառավարութիւնը խոստում մը կատարած է ժխտողականութեան դէմ օրինագիծի մը եւ ոչ մէկ իրաւաբանական խոչընդոտ կրնայ ցոյց տրուիլ որպէս պատճառաբանութիւն ներկայի անշարժութիւնը եւ անկարողութիւնը արդարացնելու համար: Կոչ կ՚ընէ ֆրանսական իշխանութիւններուն ամենէն կարճ ժամանակէն օրէնսդրական միջոցներ հաստատելու՝ ցեղապաշտութիւն եւ բրտութիւն պարփակող ժխտողականութեան այդ փորձանքին դէմ պատնէշ կանգնեցնելու համար: Մանաւանդ, որ 2015ի սեմին կը գտնունք: CCAF կ՚աւելցնէ նաեւ որ հանգանակութեան մը ձեռնարկած է այս առթիւ, քանի որ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումը կը վերաբերի համայն մարդկութեան եւ բոլորին մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է: Այս շրջածիրին մէջ, կը յիշեցնէ, որ Հանրապետութեան նախագահը, Փարիզի քաղաքապետը եւ Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահը յանձնառու եղած էին մայրաքաղաքին մէջ Հայկական յիշողութեան եւ քաղաքակրթութեան մեծ կեդրոն մը բանալու:

Հաղորդագրութեան վերջաւորութեան կ՚ըսուի, թէ հարիւրամեակի յայտագիրը մօտ օրէն պիտի հրապարակուի:

Նոյնպէս, 2015ի յատուկ կայքէջ մը պիտի ստեղծուի ի մօտոյ: Կ՚ընդգծուի նաեւ թէ CCAF-ի ազգային խորհուրդը Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ սերտ կապի մէջ կը մնայ վերոնշեալ ոգեկոչման միջազգային համակարգման համար:

Հուսկ, կը նշուի թէ փառաւոր ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ 2014 Յունուար 29ին, CCAF-ի ճաշով, մասնակցութեամբ բարձրաստիճան քաղաքական անձնաւորութիւններու, արուեստագէտներու եւ ֆրանսացի լրագրողներու: Այս մասին եւս մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդուին յետագային:

Տպել Տպել