Ցեղասպանութեան Եւ Հայրենահանման 100-ամեակ

Hagop-BalianՀայաստան, Եւրոպա, այլ տեղեր, ժողովներ կը գումարուին: Հասկցանք, որ Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման 100-ամեակը միշտ ցանկացուած միասնականութեամբ պիտի նշուի: Դրական:

Հարիւր տարի ետք, գործուած ցեղասպանութիւնը որպէս այդպիսին ճանչնալու համար խօսքի աճպարարութիւնները կը շարունակուին, ամէնէն պատկերալիցը Միացեալ Նահանգներու նախագահին գիւտն է, որ ցեղասպանութիւն չըսելու համար, կը գործածէ «ՄԵԾ ԵՂԵՌՆ» բանաձեւումը:

Ամէնուրեք, մասնաւորաբար հզօրներու քաղաքական ակումբի անդամները, մէկ դարու «հնութիւն» ունեցող իրադարձութիւններուն մասին խօսելու համար (յոգնակի, քանի որ տեղի ունեցած է ցեղասպանութիւն եւ հայրենահանում), կը խուսանաւեն, յանուն ՌԵԶՈՆ Տ՛ԷԹԱ-ի, վարագուրելու համար ճշմարտութիւնը, ոճիրը, անոնց հունով ներկայացող ԻՐԱՒՈՒՆՔ-ը:

Անգարայի անշեղ տեսակէտը այն է, որ ցեղասպանութիւն չէ եղած: Երբեմն ալ, առանց ծիծաղելի ըլլալէ վախնալու, դեռ կ՛ըսուի, որ հայերը ջարդած են թուրքերը, կը հնարեն փաստեր, երբեմն կը գտնեն հասարակաց գերեզմաններ, կամ կ՛ըսեն, որ պատերազմի ժամանակ էր եւ երկուստեք եղած են զոհեր: Երբեմն պէտք է յիշել գիտնալ. ոչ թուրք դիւանագէտ մը չէր վարանած շնականօրէն ըսելու, որ հայերը ցեղասպանութեան չէին ենթարկուած, քանի որ աշխարհի վրայ դեռ հայեր կային:

Այս գիտակցօրէն հրապարակուող խարդաւանանքը մենք ալ դիւրացուցած ենք եւ կը շարունակենք դիւրացնել, քանի որ Հայկական հարցը սեղմած եւ բանտարկած ենք «Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ-ճանչցնել»-ու զսպաշապիկին մէջ` զանց առնելով այդ ոճիրին իսկական դրդապատճառը, որուն հետեւանքը բաց վէրքի պէս է, եթէ կամաւոր կոյր չենք եւ չեն: Դրդապատճառը` ՀԱՅՈՑ ԱՆՅԻՇԱՏԱԿ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ ԲՆԱՎԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ ԷՐ. ՀՈՂԸ:

Դիւանագիտական խայտառակ ճապկումները, որոնք ալ ըլլան դերակատարները, վերջ պէտք է գտնեն: Անվարան դիմակազերծ պէտք է ընել շահախնդրուած մեծ ու պզտիկ զեղծարարները, նոյնիսկ երբ անոնք Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կրծօն կու տան, հայոց բարեկամի պարեգօտ ալ կը հագնին, եւ այդ կրծօնով բաւարարուող հայերը յաղթանակ կը պոռան: Հայաստան եւ սփիւռք, այդ կրծօն տուողները պատիւներու կ՛արժանանան, մենք ալ մեր սովորական մանրքաղքենիական երջանկութիւնը կ՛ապրինք: Ինչո՞ւ չենք հասկնար եւ չենք ըսեր, որ` Ցեղասպանութեան ճանաչումը սոսկ մխիթարական պարգեւ է, եթէ այդքանն ալ տուող ըլլայ:

Դադար պէտք է տալ պատմութեան ծաղրանկարային մեկնաբանութեան, զաւեշտին: ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՔԵՐԾՈՒԱԾ Է, ԿԸ ՄՆԱՆ ԱՒԵՐԱԿ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ, ԽԱՉՔԱՐԵՐ` ՀՈՂԻՆ ԿԱՄ ԲՈՒՍԱԾ ԽՈՏԻՆ ԵՒ ՏԱՏԱՍԿԻՆ ՏԱԿ, մնացած են նաեւ կրօնափոխ եղած հայու բեկորներ` ՍՏՈՅԳ ՄԱՀԷ ՓՐԿՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: Այս վերջինները տեսանելի եւ ապրող ԻՍԿԱԿԱՆ վկաներ են, ուղեղ չարչարելով փաստերու փնտռտուքէ առաջ եւ վերջ:

Այս անգամ պիտի չըսենք` «ԱՊՐԻԼ 24-ին», նոր տարազով պիտի ըսենք, կ՛ըսենք` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ-ին: Առանց տեսակարար փոփոխութեան` Հայկական հարցի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ:

Ի՞նչ Կը Պահանջէինք Եւ Ի՞նչ Պէտք Է Պահանջել
Եղաւ ժամանակ, երբ կը գործածէինք ընդհանուր տարազով «պահանջատիրութիւն» բառը: Այժմ, եթէ մեր խօսքը եւ գործը օղակ չփոխեն` «պահանջատիրութեան» տալով իսկական եւ ազգային ապագայի վրայ բացուող բովանդակութիւն, պիտի շարունակենք տեղքայլ ընել եւ ճառ զարդարել սին բառերով:

Մեզ լսողները, ամէնուրեք, դիւանագէտի պէս քաղաքավար են, մանաւանդ` «աւանդաբար» բարեկամ համարուածները, բայց այն տպաւորութիւնը կը ստացուի, որ կարծէք յոգնած եւ ձանձրացած են մեր «պահանջներ»-էն, քանի որ ըստ անհատի, կազմակերպութեան եւ աշխարհագրական գօտիի, անոնք կը տարբերին: Տեղ մը Ցեղասպանութեան ճանաչում է, ուրիշ տեղ Հայոց ցեղասպանութեան որպէս այդպիսին ժխտումը քրէական յանցանքի օրէնքի պահանջ է, կամ` հայոց անհատական կալուածներու վերադարձ (ինչ որ կը փորձեն ընել հիմա անոնք, որոնք տեղւոյն վրայ կը գտնուին), անորոշ եւ ընդհանուր տարազով մը` հատուցում: Առարկութիւններ կան:

Ո՞վ կը պահանջէ. Հայաստանի Հանրապետութի՞ւնը, եկեղեցի՞ն, հայրենահանուածներու ժառանգնե՞րը (իսկ ուղղակի ժառանգորդներ երբ չկան, ո՞վ, ի՞նչ պիտի պահանջէ):

Հայոց պահանջները, ի վերջոյ, տեսակա՞ն են, բարոյակա՞ն: Նոյնիսկ այդ սահմաններուն մէջ անոնք կը խանգարեն միջպետական յարաբերութիւնները, փաստերը բազմաթիւ են, եւ անոնք ցոյց կու տան նոյնիսկ մեզի բարեկամ համարուածներուն «մէկ քայլ առաջ երկու քայլ ետ»-ի սովորական պարը: Միջպետական յարաբերութիւնները յստակ սիւնակներու տակ են. տնտեսական` հետզհետէ աւելի շեշտուող եւ զինուորական, որ նեցուկն է նոյն այդ տնտեսականի: Բարոյականի սիւնակ չկայ` հակառակ մարդկային իրաւանց գծով եղած առատաբանութիւններու, որոնք կը ծառայեն միայն, վերջին հաշուով, զանգուածները զբաղեցնելու եւ լրատուամիջոցներուն կեր հայթայթելու: Երկու սիւնակներուն եւ երրորդ չեղած սիւնակին մէջ Հայկական հարցը հազիւ թէ փշրանք է, քանի որ շատ բան չունինք նժարին վրայ դնելու, մանաւանդ ինչ որ ունինք, կը ներկայացուի սիրողական կերպով:

Ի՞նչ ունինք տալիք` փոխան առնելիքի պահանջի: Բանա՞կ, որուն վրայ կարենան հաշուել մեր հաւանական բարեկամները: Միջազգային շուկայի վրայ կարեւորութիւն ներկայացնող տնտեսութի՞ւն: Համրա՞նք, որ համարուի հիւթալի շուկայ: Ճիշդ է, մեզի հետ են` Ճշմարտութիւնը, Իրաւունքը, Արդարութիւնը, բայց հաւատացող պէտք է, եւ այդ հաւատքին համար յանձնառութիւն ստանձնող եւ այդ յանձնառութեան ետին կանգնող: Բայց այս վերջինները նիւթական եւ անմիջական բաներ չեն եւ նկատի չեն կրնար առնուիլ ոչ զգացական տրամաբանութեան մէջ, որ հանդէսներու ծափով-երգով աղմուկ չէ:

Հակառակ այս բոլոր հաստատումներուն պէտք է հաւատալ, որ բոլոր մարդիկ չեն գործեր սոսկ նիւթական ազդակներու ճնշման ներքեւ, անոնք ըլլան նիւթական թէ զինուորական: Պատմութեան մեծ դէմքերը ՄԵԾ են, քանի որ պայքարած են գաղափարներու եւ արժէքներու համար: Այսօր ոչ ոք կը խօսի հաւատաքննչական ատեաններու (ոչ միայն կրօնական) դահիճներու մասին, ոչ ոք կը յիշէ այս կամ այն բռնակալի զինուորներուն անունները, բայց կը շարունակենք ներշնչուիլ Մարկոս-Աւրելիոս իմաստուն կայսրով, Պղատոնով, Կալիլէով:

99-ամեակ կամ 100-ամեակ, հայերը կրկին պիտի խօսին, աղմկեն, ոգեկոչեն յիշատակը մէկուկէս կամ երկու միլիոն զոհերու (ոգեկոչման նոր ձեւ է սրբադասումը), նաեւ Հայաստանը (ոչ հանրապետութիւնը), բզկտուած, բռնագրաւուած, քերծուած Թուրքիոյ կողմէ, որ ոչինչ կ՛ուզէ լսել տրորուած ազգի մը իրաւունքին մասին, Թուրքիան, անցեալին եւ այսօր, նեցուկովը բոլոր անոնց, որոնք բացարձակ արժէքներու համակարգին մէջ արձանագրած են հաւասարակշռութիւններու պահպանումը® որպէսզի իրենք անհանգիստ չըլլան: Բայց պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ անարդար հաւասարակշռութիւնները միշտ փուլ եկած են, նոյնիսկ եթէ անոնց յաջորդած են նոր անարդարութիւններ (ցարէն ետք խորհրդայինը):

«Հայկական Հարց»-ն Է Առաջնահերթութիւնը
«Հայկական հարցը» պարզ է, բնական, արդար:

Հարկ է որ միջազգային համայնքը վերջ տայ «Ցեղասպանութիւնը փաստելու, ճանչնալու եւ դատապարտելու» խաղին:

Ո՞ւր են Արեւմտահայաստանի հայ բնակիչները: Փա՞ստ: Առասպե՞լ է հայերով բնակուած Արեւմտահայաստանը: Ո՞ւր են այդ հայերը:

Այս մտածումները եզրակացնելու համար ներազգային ճակատի վրայ պարտք պէտք է համարենք կարգ մը հարցումներ ուղղել մենք մեզի, կողմնորոշուիլ, առաջարկել եւ առաջ երթալ` ծէսերէն եւ հանդիսութիւններէն անդին ոստում կատարելով:

Կը խօսինք միութեան-միասնականութեան մասին: Ներազգային ընդհանուր զօրաշարժ գոյութիւն ունի՞, մի՞թէ տիրական մեծամասնութիւն չեն նման զօրաշարժէ դուրս մնացողները, որուն անմիջականօրէն տեսանելի երեւոյթը Հայաստանէն տեղի ունեցող եւ շարունակուող արտագաղթն է: Այսօր ղեկավարող եւ յաջողող գաղափարախօսութիւն կա՞յ ընդհանուր զօրաշարժի համար: Ի՞նչ կը պակսի, ո՞ր ուժականութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, Ցեղասպանութեան ոգեկոչումէն անդին, ՀԱՅՈՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ՊԱՀԱՆՋՈՎ ՀՐԱՊԱՐԱԿ ՊԻՏԻ ԳԱ՞Յ, ԿՐՆԱ՞Յ ԳԱԼ, ՊԻՏԻ ՈՒԶԷ՞ ԳԱԼ: Այս հարցումին յստակ պատասխան պէտք է տալ: Ըստ այնմ կազմակերպութիւն պէտք է յառաջացնել` դրական կամ բացասական պատասխանի պարագային:

Եկեղեցին, կալուածագրերով ներկայացող անհատներ, հայրենակցական միութիւններ, ԱԶԳԱՅԻՆ կառոյցներ են, բայց ԻՐԱՒԱԶՐԿՈՒԱԾ ԱԶԳԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ:

Եթէ Հայաստանի պետութիւնը չստանձնէ այդ պահանջատիրական ներկայացուցչութիւնը, հրամայական անհրաժեշտութիւն է ստեղծումը ՄԷԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ, որուն կը տրուի պատշաճ անուանում (պատմութեան մէջ նախընթացներ եղած են), օրինակ` Արեւմտահայաստանի աքսորական կառավարութիւն, որուն համար ներկայութիւն, մասնակցութիւն եւ յանձնառութիւն անհրաժեշտ են` առանց խեղդուելու հանգամանք, իրաւասութիւն, նախապատուութիւն եւ երեւելիութիւն ձեռք բերելու ժամանակավրէպ համարուելիք խաղերու մէջ: Ունենալ ՄԷԿ ԿԱՌՈՅՑ, որ հաւաքական կամք արտայայտէ, եւ միջազգային համայնքը, թերեւս նաեւ` Թուրքիան, գիտնան, թէ որո՛ւ հետ պիտի խօսին:

Թերեւս անկարելին կը պահանջուի: Բայց այդ կրնայ ըլլալ վաղուան յաջողութեան միակ ուղին: 2015-ի ապրիլէն առաջ այդ հրաշքը կրնա՞յ պատահիլ: Կրնա՞նք այդ ապագայակերտ հրաշքը իրականացնել: Լուռ մեծամասնութիւնը դեռ ունի՞ այնքան ուժ, որ դիւանակալութիւններուն այդ հրաշքը պարտադրէ, ազգի իրաւասութիւններու առաջնահերթութիւնը իրականացնելով, որպէսզի մեր պատմութիւնը ճահճացումէ դուրս գայ:

Վստահ եղէ՛ք, որ 2115-ին այս մասին ո՛չ օտար եւ ո՛չ ալ հայ խօսող պիտի մնայ:

Ընդդէմ Դրամի Եւ Կեղծիքի Տեւող Չարիքին
Բայց պէտք է շարունակել պայքարը արդարութեան համար, որպէսզի մարդկութիւնը տեւէ եւ տիեզերքի հրաշք մոլորակին վրայ հրաշք կեանքը վերջ չգտնէ:

Դրամի կուտակման եւ անոր խելագար ցանկութեան ներկայ դարը, Չինաստանէն մինչեւ Եւրոպա, արաբական աշխարհ եւ Ամերիկաներ, պիտի մարսէ իր նախորդի ողբերգութիւնները, ցեղասպանութիւնները (նաեւ` մեր կրածը), Հիրոշիման, Նակազաքին, Ֆուքուշիման: Այդպէս է միջազգային հաւասարակշռութիւն կոչուած կեղծիքը, որ կը պատրաստէ համամարդկային, համամոլորակային, չեմ համարձակիր ըսել` տիեզերական աւերածութեան աղէտները: Կը կարծենք, որ խելագար սպառումը մեր մղձաւանջային հոգեվիճակներուն դէմ դարման է, ճկոյթի ետեւ թաքնուելու խաղ:

Նոր հասնող սերունդները պիտի ընդունի՞ն, պիտի շարունակե՞ն իրենց նախորդներու համատարած չարիքները, պիտի ըլլա՞ն խամաճիկները անոնց ստեղծած հակամարդկային եւ անբնական համակարգին եւ վերջ տան Հոպզի սարսափելի խօսքին, որ` «Մարդը մարդուն գայլն է»:

Այսինքն մեծ ու պզտիկ գայլերը գառագեղ պիտի դրուի՞ն:

Երբեմն կ՛ըսեմ եւ կը կրկնեմ իմաստասէր Ռընէ լէ Սենի այնքան երազային բառերը` «Ուրիշին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»:

Ո՛չ Մալթհիւս, ո՛չ Մարքս, ոչ Մաօ, ոչ միլիառատէրեր, ո՛չ բիրտ ուժի կռթնած մեծ ու պզտիկ չարագործներ, անոնք ըլլան անհատներ թէ պետութիւններ:

Պիտի կարենա՞նք հայոց հայրենահանման եւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը դարձնել համամարդկային կարգախօս` պաշտպանելու համար ոչ միայն հայը, հայութիւնը, այլ` մարդկութիւնը եւ կեանքը:

Շատ կը սիրենք եւ շատ կը գործածենք ճառ զարդարող «մարտահրաւէր» բառը:

Հայկական պզտիկ համարուող հարցը կրնա՞նք միջազգայնացնել եւ դարձնել համամարդկային տեսիլքի մեկնակէտ:

Այս կ՛ըլլայ իսկական մարտահրաւէր` մարդկութեան համար® եւ մեզի համար:

Այս ընելու համար հարկ է դուրս գալ թաղամասային-գաւառական ինքնագոհութեան խցիկէ եւ ըսել, որ անպատիժ ոճիր կամ ցեղասպանութիւն սրբուած չըլլալով արդարութեամբ, հրաւէր է նոր ոճիրներու:

9 նոյեմբեր 2013, Պիքֆայա

Յ. ՊԱԼԵԱՆ
aztagdaily.com

Տպել Տպել