Ակնարկ. Արեւելեան Գործընկերութեան Ծրագիրի Ձախողութեան Թրքական Պատճառները

Eastern-partnership2Վարագոյրը իջաւ այնքան սպասուած Վիլնիուսի վեհաժողովին վրայ: Երեւանը չնախաստորագրեց ընկերակցութեան համաձայնագիրը: Թէեւ յայտնի էր արդէն, որ ստորագրութիւններու արարողակարգի ծրագիրին մէջ, երբ չէր յայտնուած Հայաստանի անունը, պարզ է , որ նախաստորագրութիւն չէր նախատեսուած:

Պահ մը, Ուքրանիոյ մերժումը` շարունակելու ընկերակցութեան գործընթացը, երկրորդ գիծ մղեց Հայաստանի` Մաքսային միութեան միացման որոշումով Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան նախաստորագրութեան չեղեալ համարումը: Վիլնիուսի ժողովը ամբողջ իր քննարկումներով, մեկնաբանութիւններով եւ քաղաքական յայտարարութիւններով առաւելաբար կեդրոնացած էր Ուքրանիոյ կարգավիճակի ճշդորոշման հարցերուն վրայ: Մոլտաւիական տատամսումները պահ մը նաեւ այն տպաւորութիւնը ձգեցին, որ Վրաստանը առանձին պիտի մնար Արեւելեան գործընկերութեան պաշտօնապէս ընկերակցող երկիրներուն մէջ, մանաւանդ որ նոյնիսկ Ազրպէյճանը, հակառակ անոր որ այդ աղիւսակին մէջ չէր ներառուած, առիթով մը յայտարարեց, որ այդ ուղղութեամբ ընթանալու մտադրութիւն չունի:

Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համատեղ յայտարարութիւնը անշուշտ որեւէ իմաստով համազօր չէ այն փաստաթուղթին, որուն համար տարիներէ ի վեր բանակցութիւններ կը վարուէին: Այնտեղ ընդհանուր սկզբունքներու շուրջ շեշտադրուող եզրեր են, որոնք հռչակագրային բնոյթ ունին աւելի քան ընթացակարգային իրաւական նշանակութիւն ունեցող եւ հանգրուան ամրագրող համաձայնագիր:

Քաղաքական իւրայատուկ տեսաբանութիւն պէտք չէ ձեւակերպել` հաստատելու համար, որ Հայաստանի` Մաքսային միութեան միանալու որոշումը Մոսկուայէն Երեւան հասած ուղղահայեաց թելադրանքներու արդիւնք է:

Բայց հիմա ունինք այն ինչ ունինք: Երեւանը երկարատեւ բանակցութիւններէ եւ պատրաստ ըլլալէ ետք չէ ստորագրած Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրը: Ուքրանիա, նմանատիպ պատճառներով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը դուրս բերաւ մեկուսացումէ եւ իր վրայ կեդրոնացուց Վիլնիուսի ամբողջ ուշադրութիւնը:

Ճիշդ է, որ նման իրավիճակի գոյառման համար պատասխանատուութեան բաժին կայ արտաքին գերատեսչութեան վրայ: Կայ նաեւ հանգամանքներու բացատրութիւն, թէ որեւէ իշխանութիւն նման ժամանակահատուածի եւ նման պայմաններու մէջ ի՞նչ այլ քայլ առնելու հնարաւորութիւններ ունէր: Պատճառահետեւանքային կացութիւններու մասին կարելի է եւ պիտի խօսուի անպայման տակաւին շատ: Մինչ Եւրոպական Միութեան շրջանակներու կողմէ ինչպէս Քիեւի, այնպէս նաեւ Երեւանի համար կայ յստակ մօտեցում իշխանութիւններն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը այս հարցին մէջ տարանջատելու` ընդգծելու համար, որ ժողովուրդները միանշանակ կողմ են դէպի Եւրոպա սուրալու, մինչ իշխանութիւնները ռուսական պարտադրանքներու տակ կ՛արգելակեն այդ ընթացքը, դէմ դուրս գալով ժողովուրդի կամքին:

Քաղաքացիական հասարակութիւնները, յայտնաբար աշխատանքային թիրախ պիտի շարունակեն մնալ եւրոպական կառոյցներուն համար, պետականին առընթեր անշուշտ: Եւ եւրոպական նորմերու տարածումն ու որդեգրել տալու վարքագիծը կը թուի թէ աշխուժ թափ պիտի ստանայ Հայաստանի մէջ գործող եւրոպական զանազան ոլորտներու վերաբերող կառոյցներուն մօտ:

Ինչ կը վերաբերի պատասխանատուութիւններու ճշդումին, այստեղ պէտք է բանի քաղաքական հետեւեալ տրամաբանութիւնը եւս: Մանաւանդ միջազգային եւ յատկապէս եւրոպական հանրային կարծիքին հայկական կողմը ունի տուեալներ պատասխանատուութիւնը բեռցնելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջափակած կողմին վրայ: Եւրոպական քաղաքական եւ հասարակական շրջանակները պիտի իմանան, որ Հայաստանի դէպի Եւրոպա դուրս գալու եւ առեւտուրը համապարփակ ու խոր տարողութեամբ կայացնելու համար հիմնական ուղին Թուրքիայէն կ՛անցնի: Այդ ուղին փակ է քաղաքական պատճառներով: Նոյն Եւրոպան, որ այսօր չյաջողեցաւ իրականացնել Արեւելեան գործընկերութեան ընկերակցութեան համալիր ծրագիրը, Մոսկուային առընթեր պիտի փնտռէ նաեւ դէպի Եւրոպա ընթանալ ուզողներուն դիմաց սահման փակող կողմին պատասխանատուութիւնը: Պատասխանատուութիւն մը, որ նաեւ իր քաղաքականութեան ձախողութեան գլխաւոր պատճառներէն է:

«Ա.»

Տպել Տպել