Հայ Դատի Շաբաթավերջը 1400 Հոգի Մէկտեղեց Հայկական Հարցին Շուրջ

1203haytad-1024x682ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցնող շաբաթավերջին, Հոլիվուտի «Լոզ» պանդոկն ու անոր կից գտնուող «Ռոյ Տոլպի» սրահը Հայկական Հարցով մտահոգ աւելի քան 1400 հոգիի ժամադրավայրը հանդիսացաւ՝ շնորհիւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած խորհրդաժողովին ու տարեկան ձեռնարկին:

Շաբաթավերջի միջոցառումները սկսան Ուրբաթ օր, Հայ Դատի խորհրդաժողովով, որ ի մի բերաւ արուեստագէտներ, մտաւորականներ, իրաւագէտներ, քաղաքական մարզի մասնագէտներ եւ պաշտօնատարներ, որոնք երեք օրերու վրայ երկարած նիստերու ընթացքին Հայկական Հարցին առնչուող շարք մը քննարկումներ կատարեցին:

Քննարկումները կեդրոնացած էին չորս նիւթերու վրայ՝ «Շարժապատկեր եւ արուեստներ», «Հայրենիք-Սփիւռք», «Արեւմտեան Հայաստան» եւ «Անդրազգային արդարութիւն»: Տեղի ունեցան նաեւ երկու աշխատանիստեր, որոնք նուիրուած էին հայութիւնը դէպի քաղաքական կեանք մղելու ջանքերուն եւ արդի ճարտարագիտութիւնը ի նպաստ Հայ Դատին օգտագործելուն:

Կիրակի օր տեղի ունեցաւ համացանցային աննախընթաց հանրային քննարկում մը՝ Միջին Արեւելեքի, Հայաստանի, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ, Հարաւային Ամերիկայի, Քանատայի ու Ամերիկայի ու Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Հայ Դատի Շաբաթ օրուան տարեկան ձեռնարկին ընթացքին մրցանակներ շնորհուեցան Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիին («Տարուան անձնաւորութիւնը»), Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին («Խրիմեան Հայրիկ»), հռչակաւոր մարզիկ Ճերի Թարխանեանին («Ժողովուրդի ախոյեան»), Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշաճեանին («Տարուան օրէնսդիրը»), Արա Սիւտճեանին («Վահան Քարտաշեան») եւ Մանաս Պուճիքեանին («Ժառանգութիւն»):

Յիշեցնենք, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկի հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Կալեան ընտանիքը: «Բարեսիրութիւնը հիմնաքարերէն մէկը եղած է Կալեան ընտանիքին, ներառեալ՝ տէր եւ տիկին Չարլի եւ Ճուլիա Կալեանները, տէր եւ տիկին Քարլօ ու Ճիզելլա Կալեանները, տէր եւ տիկին Էնճըլօ եւ Լոռի Կալեանները եւ Մանիք Կալեանը», նշուած էր այս մասին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Տպել Տպել