49 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն.

zina-420x174Երէկ, 5 դեկտեմբերի երեկոյեան 49 նորագիրներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅԴ-ի Լիբանանի կազմակերպութեան շարքերուն` ՀՅԴ ԶՈՄ-էն եւ ԼԵՄ-էն:

Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ յայտնեց, թէ նորագիրները լաւապէս պէտք է գիտակցին, որ Դաշնակցութեան ազգային, յեղափոխական, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական հասկացողութիւններուն եւ դիմագիծին թարմութիւն տալու կոչուած են իրենք, որպէսզի կարելի ըլլայ կուսակցութեան ջահի փոխանցումը երաշխաւորել:

Ան հաստատեց, որ այս երդումով նորագիրները կը միանան 123 տարուան կեանք ու վաստակ ունեցող կուսակցութեան մը, որուն շարքերուն մէջ եղած են ֆետայիներ, մարտիկներ, հերոսներ, նահատակներ, մտաւորականներ, հայ միտք կերտողներ, պայքարի առաջին գիծերուն վրայ խրոխտ կերպով կանգնողներ, զարթօնք ստեղծողներ, զէնքի, բահի ու գրիչի մարդիկ` ապացուցելով, որ անիկա մեր ժողովուրդի ներկայացուցչական ամբողջական դիմագիծ ունեցող կուսակցութիւն է: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան դիտել տուաւ, որ հայութեան թիւը նկատի ունենալով թերեւս ըսուի, որ դաշնակցականները փոքրաթիւ են, սակայն կուսակցութեան շարքերուն միանալը կ՛ենթադրէ կարգապահութեան գիտակցութիւն, ազգային հարցերու նկատմամբ նպատակասլաց մօտեցում եւ ամբողջական հաւատք ու նուիրում` Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայ դատի նկատմամբ: Ան հաստատեց, որ նորագիրները պէտք է լաւապէս գիտակցին, որ կուսակցական ըլլալ կը նշանակէ վեր բարձրանալ եսէն ու գործել մենքի` հաւաքականի համար, կառչիլ ազգային գերագոյն շահերուն եւ առաջադրանքներուն, հաւաքական վեհ նպատակներուն, որոնք կը մնան անխախտ, եւ որոնցմէ անզիջող կը մնայ Դաշնակցութիւնը:

Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-ամեակին առիթով սերունդը կոչուեցաւ «Զաւարեան սերունդ»:

aztagdaily.com

Տպել Տպել