Ակնարկ. «Հայրենադարձութեան» Հրաւէր՝ Դաւութօղլուի Կողմէ Սփիւռքահայութեան

g_imageԹուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի երեւանեան այցելութեան առիթով եւ անոր ընթացքին՝ շրջանառության մեջ դրուեցան տարբեր «տեղեկութիւն»ներ։ Հիմնականին մէջ բոլորին աղբիւրը թրքական ԶԼՄ-ներն էին։ Փաստօրէն, շրջանառութիւնը կ՛ընթանար հետեւեալ կերպով. Անգարայի համապատասխան գերատեսչությունները կ՛ընտրէին թեմա, կը տրուէր պատուէր ընտրուած թեմայի արձագանգումին համար.անպաշտօն խօսափողները կու տային լրատուության մեկնարկի ազդանշանը եւ սկիզբը թրքական լրատուադաշտը կը հեղեղուէր թիրախային նշանակէտ ճշդած լրատուութիւններով։ Նոյնքան արագ կ՛արձագանգէր հայկական տեղեկատուադաշտը։ Մինչ ազրպէյճանականը հասկնալի պատճառներով կամ կը լռէր այդ բոլորի մասին, կամ խնամքով անուշադրութեան կը մատնէր եւ կամ ալ շատ զուսպ ու ժլատ լրատուութիւն կը թողարկէր։

Փաստօրէն խաղի կանոնները կը թելադրէր Անգարան. եւ հակառակ անոր, որ հայկական կողմէն բազմիցս հնչեցին, որ Անգարայի անունէն հրապարակուած տեղեկատուութիւնը քաղաքական խաբկանքի գործողութիւններու շղթայի արտացոլացումն է լրատուական դաշտին մէջ, այսուհանդերձ հետաքրքրաշարժ ըլլալու մղումով կամ զգայացունց տեղեկութիւն թողարկելու փորձութեան չդիմանալով հայկական շատ մը լրատուամիջոցներ, ընդ որում թէ՛ հայաստանեան եւ թէ՛ սփիւռքեան, ներքաշուեցան այս խաղին։

Մի քանի օրինակ։ «Դավութօղլուի այցելութիւնը Երեւան կապուած է նախագահներ Ալիեւ եւ Սարգսեան Վիեննայի հանդիպումի արդիւնքէն»։ Այս, մէկ կողմէ Պաքուն հանգստացնելու համար էր, միւս կողմէ նաեւ հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու, որ հայկական կողմը արդէն համաձայնած է իր ուժերը հեռացնել արցախեան երկու տարածքներէն, որու համար ալ Դաւութօղլուն զիջած է այցելելու Երեւան։

Մինչեւ իր որոշելը, Դաւութօղլուն արդեն հայտարարած էր , որ Երեւան-Անգարա յարաբերություններու վերաձեռնարկման նախապատրաստական աշխատանքները կը գտնուին իրենց վերջին փուլին մէջ։ Ասոր յաջորդեց դարձեալ թրքական աղբիւրներու կողմէ թողարկուած խանդավառ լրատուութիւնը այն մասին, որ իբրեւ թէ կ՛ականազերծուի սահմանի թրքական կողմը, այն ալ եւրոպական ֆինանսաւորումով։

Կը ստացուի այնպէս, որ Թուրքիան կը ստեղծէր խաբկանք, որ իբրեւ թէ հայկական կողմը համաձայն էր հեռացնելու իր ուժերը արցախեան երկու տարածքներէ, որուն դիմաց Տաւութօղլուն ոչ միայն համաձայնած է գալ Երեւան, այլ նաեւ ապաշրջափակել Հայաստանի հանրապետութիւնը։

Կը թուէր, թէ խաբկանքի այս քաղաքականութեան առանցքային խնդիրներու հանգոյցը կը վերաբերէր արցախեան հիմնահարցին։ Թուրք լրագորղներու հետ Երեւանի մէջ կայացած փակ հանդիպումէն սպրդած լուրը շեղեց թեմայի ուշադրության կեդրոնը։ Եւ ահա Հիւրիյէթ թերթը հրապարակեց Երեւանի մէջ սպասուած զգայացունց յայտարարութիւնը։ Դաւութօղլուն հայերու 1915-ի տեղահանութիւնը որակած է անմարդկային, խուսափելով անշուշտ թրքական կառավարութեան պատասխանատուութենէն։ «Թուրքիան չէ աջակցած այդ քայլին» ըսելով Դաւութօղլուն մշուշի մեջ ձգած է թէ ի վերջոյ ո՞վ է անմարդկայնօրէն տեղահանել հայերը։

Անգարա-թրքական ԶԼՄներ համակարգուած այս տեղեկատուութենէն դուրս, դիտարժան է Դաւութօղլուի հանդիպումը հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեանի հետ։ Հարցազրոյցի ճամբով հանրային խորհուրդի նախագահը կ՛անդրադառնայ Դաւութօղլուի հետ կայացած խօսակցութեան։ Խօսակցութեան ընթացքին Դավութօղլուն նշած է , որ իրենք յատուկ քաղաքականութիւն պիտի վարեն սփիւռքահայերու հետ` առաջարկելով, որ վերադառնան իրենց հայրենիք, ուրկէ գաղթած են իրենց պապերը ։

Այս հաստատումին կարելի է յղում ընելով որոշ դիտարկում կատարել, որովհետեւ անիկա վերարտադրուած է հարցազրոյցի կարգով հանրային խորհուրդի նախագահին կողմէ։ Այս հաստատումը կը կապուի Հիւրիյէթթի հրապարակումի բովանդակութեան։ Կը ստացուի այն միտքը, որ օրին հայերը անմարդկային ձեւով տեղահանուած են Թուրքիայէն, որու համար պատասխանատուութիւն չունի այսօրուան կառավարութիւնը, որ իր արտաքին հարցերու գերատեսչութեան ղեկավարի ճամբով կը նախաձեռնէ «մարդասիրական» եւ «խաղաղասիրական» գործողութեան,տեղահանուած հայերու ժառանգորդներուն խոստանալով վերադարձնելու իրենց տուները։

Հայերու այս «հայրենադարձութիւն»ը իրականացնելու համար Դաւութօղլուն ըսած է , որ Անգարան պիտի վարէ յատուկ քաղաքականութիւն Սփիւռքի հետ։ Մէկ կողմ ձգելով թրքական լրատուամիջոցներու բարձրացուցած աղմկարարութիւնը, ամփոփենք Դաւութօղլուի հայաստանեան եւ սփիւռքեան ուղղութիւններով վարած քաղաքականութեան փոխանցած ուղերձը։ Հայկական ուժերը կը հեռանան արցախեան երկու շրջանէ, որու դիմաց Անգարան կը բանայ սահմանը. իսկ սփիւռքեան որոշ շրջանակներ կը համաձայնին սկսելու երկխօսութիւն՝ վերատիրանալու համար իրենց կալուածներուն, տուներուն եւ ինչքերուն։ Այլոց կատարած անմարդկային տեղահանութեան դիմաց այս մէկը Անգարայի ստանձնած փոխհատուցման քաղաքական «ժեսթ»ն է։ Կը թուի, թէ Հայաստանի հանրապետութեան եւ Սփիւռքի ուղղութիւններով երկկողմանի բանակցութիւններու աշխուժացման ազդանշանը կը տրուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին…։

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել