Ակնարկ. Կեդրոնացեալ Օրակարգ Եւ Միաւորուած Ընդդիմութիւն

azdakՀայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երէկուան արտահերթ նիստին քննարկումները թէժ էին: Մէկ կողմէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը բուռն կերպով կը պաշտպանէր «կազփրոմ»-ի հետ կայացած համաձայնագիրը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը, միւս կողմէ ընդդիմադիր ուժերը առուվաճառքի եղանակն ու արդիւնքները լուսարձակի տակ առնելով կը հաստատէին, որ իշխանութիւնները իրենց այս քայլով խնդրոյ առարկայ կը դարձնէին Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը:

Ընդդիմադիր ուժերուն եւ քաղաքացիական շարժումներու կոչերուն անսալով Ազգային ժողովի առջեւ համախմբուած էր բողոքող ցուցարարներու նկատառելի համրանք, որ կը պահանջէր պատգամաւորներէն չվաւերացնել Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն չբխող այս համաձայնագիրը: Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը միացեալ կեցուածք կ՛որդեգրէր նաեւ համաձայնագիրի վաւերացման քուէարկութիւնը անվաւեր նկատելու եւ պատրաստուելու` բողոքարկելով Սահմանադրական դատարան դիմելու քայլերուն շուրջ:

Համաձայնագիրի պատմականին, եղելոյթին եւ յարակից մանրամասնութիւններուն անդրադառնալէ աւելի, այս պահուն հայեացքները պէտք է կեդրոնացնել Ազգային ժողովէն ներս թէ դուրս արձանագրուած միաւորումին վրայ:

Տարեփակի ներհայաստանեան իրադարձութիւններուն վերլուծում կատարողները ընդհանրապէս իբրեւ հիմնական բացթողում կը խօսէին ընդդիմութեան անմիաւորումին, ուժերու ջլատումին, համախոհութեան բացակայութեան, միացեալ գործողութիւններ չկարենալ ձեռնարկելու եւ առհասարակ ընդդիմադիր դաշտի փոշիացումին մասին:

Երէկուան պատկերը թէ՛ Ազգային ժողովի նիստին եւ թէ՛ Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ չկայացած միաւորումին հակառակ ուղղութեամբ մտածելու նախադրեալները պարզեց դիպաշարին հետեւողներուն մօտ:

Կարեւորը ա՛յս է այժմ: Չէ բացառուած, որ բողոքը տեղ չհասնի: Ամենայն հաւանականութեամբ համաձայնագիրի վաւերացման օրինականութիւնը հաստատուի եւ «Կազփրոմ»-ը ստանայ այն ինչ որ որոշած էր ստանալ Երեւանէն: Կարեւորը ա՛յն է, որ ընդդիմութիւնը երկար տատամսումներէ, անյաջող փորձերէ եւ ենթակայական պատճառներով համախոհութեան եւ համակարգաւորուած աշխատանքի չյանգելու երեւոյթներէն ետք, այժմ ուժերը համախմբած է յստակ օրակարգի կէտի վրայ եւ կը յայտարարէ, թէ յանուն արդարութեան եւ երկրի ինքնիշխանութեան անսասան պահպանման, պայքարը պիտի շարունակէ:

Այստեղ սակայն, ոչ թէ ուքրանական մայտանի նմանակումն է, որ շարժիչ գործօն պիտի հանդիսանայ ընդդիմութեան միաւորումի կայացման համար:

Օրակարգը պէտք չէ շեղել եւ արեւմտամէտութեան ու ռուսամէտութեան ճամբարներու սահմանագծումներ կատարելով ընդդիմադիր եւ քաղաքացիական շարժումները այլ հարթութիւն տեղափոխելու փորձ կատարել:

Միաւորումը յստակօրէն կեդրոնացած է տուեալ համաձայնագիրը չվաւերացնելու համար դրսեւորուած կամքին վրայ: Այս համաձայնագիրը յստակ է, որ չի բխիր պետութեան եւ ժողովուրդին շահերէն: Իշխանական թէ ընդդիմադիր դաշտէն հնչող եւ օրակարգի փոփոխութեան միտող որեւէ մօտեցում պէտք չէ յաջողի շեղել շարժումը իր ճշդած նպատակէն:

Տարեփակին, ընդդիմադիր դաշտը միաւորուելու նախադրեալներ կը պարզէ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել