Երկու Ուղղութեամբ

Apo-PhotԵրկու ճակատ կարելի էր ըսել, բայց Դաշնակցական դաստիարակութիւնը թոյլ չի տար ներազգային հակադրութիւնները իբրեւ պայքարի ճակատներ ներկայացնել:

Այսուհանդերձ, կայ պայքար իշխանափոխութեան, եւ թերեւս առաջին անգամ ըլլալով լաւատեսութիւն ներշնչող զարգացումներ կ՛ուրուագծուին Հայաստանի քաղաքական դաշտին վրայ:

Արդարեւ, անցեալ տարուան ընթացքին տեսանք հասարակական կազմակերպութիւններու աննախընթաց աշխուժութիւն մը, որ անպայմանօրէն քաղաքական նպատակներ հետապնդելու ուղղութեամբ չէր շարժեր: Այսուհանդերձ, այս աշխուժութիւնը քաղաքական դաշտ կը բերէր բոլորովին նոր ուժ մը՝ երիտասարդ, անկաշկանդ եւ յանդուգն, որ կրնար քաղաքական կազմակերպութիւններուն կողքին կամ թիկունքին, նոյնիսկ առաջնորդողի դերով նոր ուժականութիւն ներարկել իշխանափոխութեան պայքարին:

Հիմա, այս պայքարին ճիշդ քաղաքական հունաւորում տալու հնարաւորութիւն ունեցող ընդդիմադիր կուսակցութիւնները միասին աշխատելու, միասին ծրագրելու գործընթացի մը սկսած են՝ Ազգային ժողովին մէջ հետաքրքրական մթնոլորտ մը ստեղծելով:

Ընդդիմադիր պատգամաւորական խմբակցութիւնները, յանձինս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Բարգաւաճ Հայաստանի, Ժառանգութեան եւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի գործիչներուն, վերջին նիստերուն ընթացքին համակարգուած աշխատանքով յաջողած են իրենց վրայ հրաւիրել հանրութեան ուշադրութիւնը, եւ հակառակ քուէարկութեանց ճամբով իշխող մեծամասնութեան արձանագրած «յաղթանակ»ներուն՝ կրցած են քննարկուած հարցերուն շուրջ լայն հասարակութեան մտահոգութեանց արտայայտիչները դառնալու վաւերական յայտ ներկայացնել:

Աւելին, անցեալին իրարու դէմ պայքարող, զիրար հիմնովին մերժող քաղաքական ուժեր, ինչպիսին են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու Հայ Ազգային Կոնգրեսը, արդէն իսկ քանի մը օրակարգերու շուրջ միասնական դիրքորոշումով հանդէս կու գան եւ նոյն դիրքերը պաշտպանելով՝ հետագայ միասնական քայլեր մշակելու մշակոյթը կը խորացնեն:

Այս ճանապարհի շարունակութիւնը կրնայ անկիւնադարձային զարգացումներու դռներ բանալ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտին վրայ՝ քաղաքական ուժերուն եւ հասարակական խմբաւորումներուն միջեւ արուեստականօրէն ստեղծուած խորթութիւններն ու խրամատները վերացնելով:

Իսկական մարտահրաւէրը այս երկու ուղղութեանց՝ քաղաքական ուժերու եւ հասարակական խմբաւորումներու փոխներգործութեամբ հզօրացող արշաւը նպատակասլաց դարձնելն է, հասնելու համար ցանկալի իշխանափոխութեան:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
asbarez.com

Տպել Տպել