Թրքական Դիւանագիտութեան Շուկայական Հնարքը. «Ամէն Ապրանք Իր Յաճախորդը Ունի»

nazareth1Տնտեսագէտ ըլլալու պէտք չկայ՝ գիտնալու եւ համոզուելու համար, որ շուկայական տնտեսութեան մէջ յաջողութիւնը կը ժպտի ոչ միայն ձեռներէցներուն եւ հնարամիտներուն, այլ նաեւ ճարպիկ խաբեբաներուն ու, մանաւա՛նդ, մրցակցական դաշտի մէջ անողոք պայքարող եւ միջոցներու միջեւ խտրութիւն չդնող պատեհապաշտներուն։

Թէեւ ազատական ու շուկայական տնտեսութեան մէջ եւս պետութիւնները օրէնքով կոչուած են կարգաւորիչ դեր ստանձնելու եւ հակակշռելու մենաշնորհներն ու չարաշահումները, բայց միջազգային հաւանութեան եւ վաւերացման արժանանալով անգամ՝ այդ օրէնքները հազուադէպօրէն իրենց բարոյական նշանակութենէն աւելին կ՛ունենան։

Նոյնինքն շուկայական մրցակցութեան խաղի օրէնքին մէջ կայ ա՛յն հասկացութիւնը, որ օրինական կաշկանդումները շրջանցելու «պատուհանիկներ» միշտ ալ գտնուած են:

Վստահաբար նոյն այդ պատճառով է, որ շուկայի մարդիկ ամենայն ինքնագոհութեամբ չեն յոգնիր իրենց անյաջող ապրանքը աջ ու ձախ ծախու հանելէ, որովհետեւ համոզուած են, թէ «ամէն ապրանք իր յաճախորդը ունի»։

Յատկանշականօրէն, քաղաքական ասպարէզի մէջ եւս, ի զօրու է շուկայական մրցակցութեան յատուկ այդ օրինաչափութիւնը։

Հետեւաբար, քաղաքագէտ ըլլալու ալ պէտք չկայ՝ տեսնելու եւ հասկնալու համար, որ ազատ շուկայական յարաբերութեանց մեր դարուն, հակառակ մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւանց ու ազատութեանց տրուած սկզբունքային կարեւորութեան, քաղաքական «առեւտուր»ի շուկան եւս ինկած է ձեռքը ճարպիկութիւնը, խաբեբայութիւնը եւ պատեհապաշտութիւնը վարքագիծի վերածած դիւանագէտներու, որոնք կատարելագործած են, ըստ «յաճախորդ»ի նախասիրութեանց, իրենց ծախու «ապրանք»ը գովազդելու հնարամտութիւնը։

Դիւանագիտական այսօրինակ «հնարամտութեան» խօսուն օրինակը կու տան թրքական պետութեան վարիչները, որոնք ոչ միայն դեռ չեն քաւած անցեալ դարասկիզբին թէ դարավերջին Թուրքիոյ գործած քաղաքական ոճիրներուն մեղքերը, ոչ միայն կը շարունակեն նորանոր յանցագործութիւններով ծանրաբեռնել արդէն անքաւելի դարձած իրենց «պետական ժառանգութիւն»ը, այլեւ՝ ամենայն շնականութեամբ աշխարհին, մանաւա՛նդ իրենց զոհերուն, դասեր ալ կու տան Իրաւունքի եւ Արդարութեան վեհագոյն արժէքները յարգելու անհրաժեշտութեան մասին։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին անցեալ շաբաթ Հայաստան, Յունաստան եւ Կիպրոս կատարած աշխատանքային իրերայաջորդ այցերուն հետեւողը վստահաբար ապշահար մնաց՝ ի տես եւ ի լուր թրքական դիւանագիտութեան գլխաւոր պատասխանատուին շուկայական հնարամտութեան։

Պր. Տաւուտօղլու ասպարէզ իջաւ՝ իր անյաջող կամ փտած ապրանքը յաճախորդին ախորժելի դարձնելու համար սուտ ու խաբեբայ գովազդի ամբողջ զինանոցը ճարպիկօրէն ի գործ դնող վաճառորդի «ձեռներէցութեամբ»։

Ամէնուր եւ բոլորին ուղղեց կոչ՝ գործելու ի խնդիր տարածաշրջանի խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ բարգաւաճման, երբ բոլորին համար ալ աւելի քան պարզ ու բացայայտ է, որ աշխարհի այս գօտիէն ներս դերակատար ոչ մէկ ուժ թրքական պետութեան չափ պատասխանատու է շրջանային եւ միջպետական հակամարտութեանց հրահրումին մէջ։
Մասնաւորաբար Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ պր. Տաւուտօղլու հնչեցուց այն մեղադրանքը, թէ իբր Սեւ Ծովեան տարածաշրջանի այսպէս կոչուած համագործակցութեան յառաջխաղացքը խանգարող միակ «բացակայ օղակ»ը Հայաստանն է:

Նախ որեւէ յառաջխաղացք չկայ Սեւ Ծովեան համագործակցութեան ճակատին վրայ, իսկ յետոյ՝ այդ համագործակցութեան սուր կարիքը զգացող Հայաստանին մեղադրեալի աթոռին կը փորձէ նստեցնել ա՛յն Թուրքիան, որ քսան տարիէ ի վեր շրջափակման տակ կը պահէ Հայաստանը, դեռ առանց խօսելու պատմական Հայաստանի երկու երրորդին հայաթափման եւ բռնագրաւման ծառայած անոր ցեղասպանական ոճիրին մասին։

Բայց թրքական պետութեան հաշուարկներով՝ իրեն արտօնուած են նման իրաւախախտումները, նոյնիսկ իրաւախախտում չեն նկատուիր «անտառի օրէնք»ով առաջնորդուող իր քայլերը, որովհետեւ միջազգային շուկայի վրայ «մեծ պահանջարկ» կը վայելեն «թրքական ապրանքներ»ը։

Գաղտնիք չէ, որ Սուրիոյ հրկիզման մէջ յանցանքի եւ պատասխանատուութեան ծանրագոյն բաժինը կրող թրքական պետութիւնը, ի տես Մ. Նահանգներու եւ Եւրոպայի կողմէ հնչող թրքական գործօնի վտանգաւոր «ներգործութիւն»ը հակակշռելու եւ չափաւորելու տրամադրութեանց, շրջադարձ կատարած է դէպի Սեւ Ծովեան համագործակցութեան դաշտը՝ հաւանական իր յաճախորդները շարժման մէջ դնելու եւ Արեւմուտքի ճնշումները դիմագրաւելու ռազմավարութեամբ։

Թրքական պետութիւնը անշուշտ հրաժարած չէ «չափաւոր իսլամականութեան» իր հինցած ու փճացած «ապրանք»ին համար յաճախորդ գտնելու նկրտումներէն։ Ձեռք քաշած չէ նոյնիսկ Մ. Նահանգներու եւ Եւրոպայի քաղաքական շուկայէն, ուր բացայայտուած է կեղծիքը թրքական այդ ապրանքին, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ Քաղաքական Իսլամի ծայրայեղական բորբոքումի ետին բոլորն ալ կը տեսնեն թրքական գործօնին սադրովի դերակատարութիւնը։ Աւելի՛ն. նոյնինքն Եւրոպան ու Ամերիկան վերադարձնելու համար թրքական գործօնին վրայ վերստին գրաւ դնելու քաղաքականութեան, Անգարա կը փորձէ տարածաշրջանէն ներս «գնորդներ» գտնել ինչպէս Իսլամական Աշխարհի չափաւորական ու աշխարհիկ ճակատը ղեկավարողի, այնպէս ալ արագ ու ապահով զարգացում ապրող տնտեսութեան տէր երկրի իր յաւակնութեանց։

Թրքական դիւանագիտութեան «շուկայական» այսօրինակ նկրտումներուն դէմ քաղաքական կարծր հակադարձութիւն ցուցաբերելէ կը խուսափին նոյնիսկ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Իսրայէլի տարողութեամբ մեծապետական թէ շրջանային ազդեցիկ ուժերը, որոնք իրենց կարգին կը շարժին «շուկայական խաղի օրէնքներով»։

Ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը դեռ չէ գտած ազդեցութեան գօտիներու դասաւորման ու սահմանագծման իր վերջնական քարտէսը։

Եւ այնքան ատեն, որ վաղուան աշխարհաքաղաքական քարտէսը Իրաւունքի ու Արդարութեան վրայ կառուցելու յանձնառութիւնը միայն սկզբունքային եւ բարոյական «ապրանք»ի անհրապոյր նշանակութիւնը ունի շուկային վրայ, թրքական դիւանագիտութիւնը պիտի շարունակէ իրաւախախտումներով գործելու եւ անպատիժ մնալու իր պատեհապաշտութիւնը։

«Գաղափարաբանութեան վախճանը» նախատեսող արեւմուտքի տեսաբանները խորքին մէջ «կ՛աւետէին» գալուստը աշխարհակարգի մը, ուր քաղաքական ոճիրներն ու իրաւախախտումները վերջին հաշուով շուկայական «ապրանք» են եւ իրենց «գնորդ»ը կը գտնեն, եթէ շուկայական օրէնքով հրամցուին:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

asbarez.com

24/12/2013

Տպել Տպել