«Ազդակ»ի Խմբագրական. «Մեծ Կաշառք»-ը Կրօնական Դպրոցներու Փակման Դիմաց Եւ Խորքային Պետութեան Ճշդած Սահմանները

azdakՆերթրքական հարթութեան վրայ արձանագրուող մագլցումներու քաղաքական մեկնաբանութիւնը պարզ չէ, չըսելու համար, որ բաւական բարդ է: Հարցը անշուշտ կը վերաբերի «Մեծ կաշառք» գործողութեան շարժառիթին, ապրող հոլովոյթին, «Մեծ կաշառք»-ին եւ «Կեզի այգի»-ին յառաջացուցած մակընթացութիւններու տարբերութիւններուն, տեղ-տեղ անոնց հետապնդած նպատակներու համատեղման եւ շատ աւելի` անոնց ուղղակի հակասումին:

Մեծ հարցականներ կը ստեղծէ ի՛նք` ֆեթհուլլահ Կիւլեն: Իսլամական վարչակարգի հոգեւոր աղբիւրն է, միաժամանակ, աշխարհիկ կարգերու լուռ եւ երբեմն ուղղակի աջակցութիւնը վայելողը: Թրքական օրուան վարչակարգէն փախուստ տուած, սակայն հեռակառավարումով Թուրքիոյ նկատառելի գերատեսչութիւններ ղեկավարողը: Վարչակարգին խորքային հանգամանքը ունեցած ըլլալու համոզումը սփռողը եւ ուժային կառոյցներու կողմէ մերթ ընդունելի եւ մերթ մերժելի նկատուողը: Վարչակարգի ամբողջական իսլամականացման ջատագովը եւ Արեւմուտքի մէջ հսկայական կառոյցներու եւ առեւտրական ընկերութիւններու սեփականատէրը:

Հակասական այս երեւոյթները ինքնին կ՛առաջնորդեն «Մեծ կաշառք»-ի հսկայածաւալ գործողութիւններու շարքի ձեռնարկման եւ անոր հետ կապուած զարգացման երեւոյթներու տարատեսակ մեկնաբանութիւններու:

Նախ փորձենք ճշդել, թէ ի՛նչ ժամանակահատուածի զուգադիպեցաւ «Մեծ կաշառք»-ի ձեռնարկումը: Կիւլենի շարժումին կողմէ լուրջ նախայարձակումը սկսած է այն պահուն, երբ իշխող կուսակցութեան շարքէն դուրս եկած է Հաքան Շուքուրը: Ան յայտարարած էր, որ անընդունելի կը նկատէ Ֆեթհուլլահ Կիւլենին ուղղուած իր կուսակիցներու վիրաւորանքները եւ դուրս կու գայ կուսակցութենէն: Ճիշդ այս հրաժարականին ալ յաջորդեցին 17 դեկտեմբերին սկսած «Մեծ կաշառք» գործողութիւնները, որոնք ամբողջ աշխարհի հայեացքը սեւեռեցին Թուրքիոյ վրայ:

Վիրաւորանք հասցուած էր Կիւլենին, երբ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը որոշում կայացուցած էր փակելու Կիւլենի շարժման յատուկ դպրոցները: Այնուհետեւ, բացայայտումներ, գայթակղութիւններ, հարցապնդումներ, փախուստներ եւ մեծածաւալ գայթակղութեան մը դիմաց ստեղծուած իրավիճակի բոլոր երեւոյթներու պարզումը:

Իսլամականութեան եւ ժողովրդավարութեան համակարգումի խորհրդանիշի հռչակ վայելող Ֆեթհուլլահ Կիւլենի վառած կանաչ լոյսի պահը հետեւեալ երեւութական տրամաբանութիւնը ունի: Կիլեն կը տիրապետէր Էրտողանի գլխաւորած կառավարութեան բոլոր ներքին ծալքերուն: Այդ տեղեկութիւններու բացայայտումը կը սպասէր յարմար պահուն: Այդ պահը առերեւոյթ իր հովանաւորած կրօնական դպրոցները փակելու Էրտողանի կայացուցած որոշումն էր:Այլապէս կարելի էր հանգիստ դիտել կաշառքի եւ Կիւլենի շարժման միաժամանակեայ զարգացումները:

Արեւմուտքի բարիքներն ու շնորհները վայելող իսլամական այս առաջնորդը հաւանաբար միայն ներթրքական ներշնչումներ չունէր Էրտողանի հեղինակութիւնը հարուածելու: Միացեալ Նահանգներէն թրքական քաղաքական եւ տնտեսական դաշտին վրայ ազդեցութեան գործօններ բանեցնող այս իսլամական առաջնորդին առած քայլը, Թուրքիոյ նախագահութեան գլխաւոր թեկնածուին դէպի նախագահական պալատ տանող ճամբան յստակօրէն կը նեղցնէ:

Բնապահպանական, գաղափարախօսական, կարծիքի ազատութեան առաջադրանքներով ծայր առած շարժումի զանգուածայնացումը եւ հիմա ալ կաշառազերծման կարգախօսերով կատարուող բացայայտումներու յառաջացուցած իրավիճակը կը նախանշեն թրքական պետական եւ հասարակական գետիններու անհանգիստ վիճակը: Տակաւին շարժումները չեն անցնիր ինքնութեան խնդիրներու սահմանը, ինչ որ կրնայ կտրուկ շրջադարձով եւ բեկումնայնութեամբ յատկանշել Թուրքիոյ ընդհանուր կացութեան փոփոխութիւնները: Վերջին գործողութիւններու ծայր առած օրերուն, թէեւ հերքուած, այնուամենայնիւ պէտք չէ մտահան ընել Անգարայի մէջ ամերիկացի դեսպանին վերագրուած այն յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, «շուտով ականատես պիտի ըլլանք կայսրութեան մը փլուզումին»:

Ֆեթհուլլահ Կիւլեն առիթով մը մերժեց իրեն վերագրուող պետութեան մէջ պետութիւն ըլլալու հանգամանքը: «Մեծ կաշառք»-ի ձեռնարկատէրը ենթադրաբար գիտէ, որ հակառակ իսլամաժողովրդավարութեան անյաջող սինթեզներուն, Թուրքիան կը շարունակուի ղեկավարուիլ խորքային պետութեամբ, ուր գերիշխող է աշխարհիկ կարգերու անուան տակ թուրք ազգայնականութիւնն ու ռազմականութիւնը: Մնացեալ կարգախօսային բաղադրիչները բնապահպանութենէն մինչեւ խօսքի ազատութիւն, ապակաշառեցման գործողութիւններէն մինչեւ եւրոպականացման ուղիներ, իսլամականութենէն մինչեւ ժողովրդավարութիւն կամ անոնց համատեղման փորձերը, բոլորը իրենց սահմանները ունին, գծուած` խորքային պետութեան ճարտարապետներուն կողմէ: Եթէ ֆեթհուլլահ Կիւլենը այդ սահմանազանցումը կատարէ, «Մեծ կաշառք»-ի գործողութիւնները կը փոքրանան եւ Կիւլենի դպրոցները կը փակուին ամուր կղպանքներով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել