ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Ղովմի Կուսակցութեան

ghovmi_tashnagՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ այցելեց Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին սպառնացող ապահովական մարտահրաւէրները, որոնք կը դրսեւորուին ահաբեկչական տարբեր արարքներով եւ պայթումներով, որոնցմէ վերջինն էր Հարեթ Հըրէյքի պայթումը:

Հանդիպումին ներկաները դատապարտեցին Հարաւային արուարձաններու պայթումը, որուն պատճառով զոհուած են քաղաքացիներ. անոնք այդ արարքը նկատեցին երկչոտ քայլ մը, որ թիրախ կը դարձնէ երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն եւ Ղովմի կուսակցութիւնը անհրաժեշտ նկատեցին, որ քաղաքական բոլոր ուժերը այս զգայուն եւ վտանգաւոր հանգրուանին ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները եւ ամէն ջանք ի գործ դնեն, ամրապնդելու համար Լիբանանը, հիմնուելով ազգային առաջնահերթութիւններուն շուրջ երկխօսութիւն եւ փոխըմբռնում կատարելու միջոցներուն վրայ:

Անոնք կոչ ուղղեցին կազմելու կառավարութիւն մը, որ կը ներառէ քաղաքական բոլոր ուժերը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ տիրող սուր լարուածութիւնը մեղմացնել ու երկփեղկումը հարթել, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան սահմանադրական աշխատանքները կատարել` Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն տրամադրելով ապահովական հովանի մը:

Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն կողմէ Լիբանանի կացութիւնը տարբեր դիտանկիւններէ քննարկուի եւ բոլոր մօտեցումներն ու տեսակէտները ծառայեցուին լիբանանեան պետութեան հզօրացման, յատկապէս` լիբանանեան բանակին, որ կարեւոր նուաճումներ կ՛արձանագրէ` ամէն իմաստով ամրապնդելով երկրին անվտանգութիւնն ու քաղաքացիներուն ապահովութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել