Սպանիոյ Միսլաթա Քաղաքի Քաղաքապետական Խորհուրդը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ամիսներ առաջ «Արարատ» հայկական միութեան կողմէ Սպանիոյ Միսլաթա քաղաքի քաղաքապետարանին ներկայացուած` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը վերջապէս ստացաւ սպասուած արդիւնքը: Բանաձեւին միացած էր Ձախ միութիւն կուսակցութիւնը, որուն բանբերը` Սալուատոր Կարսիա Տէ Լա Մոթա հարցը ներկայացուցած էր քաղաքապետարանի յառաջիկայ նիստի քննարկման: Նիստին ներկայ էին վալենսաբնակ հայեր, սպանացիներ:

Բացման խօսքը արտասանեց Սալուատոր Կարսիա Տէ լա Մոթան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց ցեղասպանութեան փաստը, հետեւանքները` ճանաչումի հարցը դնելով քուէարկութեան: Անոր խօսքին յաջորդեցին Ժողովրդական կուսակցութեան եւ Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահներուն` Կլորիա Ալոնսոյի եւ Մարիա Խոսէ Մարթինես Մորայի ելոյթները, որոնք նախ բարձր գնահատեցին «Արարատ» հայկական միութեան գործունէութիւնը քաղաքին, մարզին եւ երկրին մէջ, ապա իւրաքանչիւրը իր համաձայնութիւնը տուաւ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ մարդկութեան դէմ յանցանքը դատապարտելու առնչութեամբ: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւնը, որուն ժամանակ երեք կուսակցութիւններու անդամները միաձայն կողմ քուէարկեցին` պաշտօնապէս ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այդպիսով, 47000 բնակչութիւն եւ 100-է աւելի ազգութիւն ունեցող այս փոքր քաղաքը դարձաւ առաջին քաղաքը Սպանիոյ մէջ, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են Սպանիոյ երեք նահանգներ` Փայիս Պասքոն, Քաթալոնիան եւ Պալեարեան կղզիները:

Քուէարկութենէն ետք խօսք առաւ «Արարատ» հայկական միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան, որ միութեան, սպանահայութեան եւ ամբողջ հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետարանին` «այդ պատմական օրուան համար»:

Սալուատոր Կարսիա Տէ լա Մոթա խոստացաւ, ինչպէս որ գրուած է բանաձեւին մէջ, հարցը հասցնել Վալենսիոյ եւ Սպանիոյ խորհրդարաններուն` յորդորելով երկու կառավարութիւններուն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ամբողջացնել ցեղասպանութիւնը արդէն ճանչցած երկիրներու շարքը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել