Ակնարկ. Սեւ «Փի. Ար.»` Անմարդկայնօրէն Տեղահանուածներու Ժառանգորդներուն Նկատմամբ

Gul-Erdogan-Davutoglu-420x283Անգարայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախապատրաստուելու պաշտօնական ազդանշանը տրուած է: Դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ընդհանուր հաւաքին առիթով թէ՛ նախագահ Կիւլին եւ թէ՛ վարչապետ Էրտողանին ցուցմունք-ուղերձները շատ համահունչ են իրարու եւ գրեթէ նոյն բովանդակութիւնը ունին:

Այսպէս. նշելով, որ շուտով կը լրանայ Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակը, եւ հաւանականութիւն կայ, որ Թուրքիան բացասական լոյսի տակ միջազգային օրակարգ գայ, Կիւլ կարեւոր նկատած է համապատասխան աշխատանքներու կատարումը: Ան մասնաւորապէս, յանձնարարած է ընել ամէն կարելին, որպէսզի թրքական պետութիւնը կրկին աշխարհի աչքին փայլի եւ դրական լոյսի տակ երեւի:

Մինչ վարչապետը, իրեն յատուկ ոճով եւ կշռոյթով միեւնոյն ուղերձը փոխանցած է: Ան խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած հայկական սփիւռքի նախաձեռնութիւններուն մասին: Թուրքական «Տիւնիա պիւլթենի» լրատուական կայքի փոխանցմամբ` Էրտողան նշած է, թէ հայկական սփիւռքը կը պատրաստուի 1915 թուականը միակողմանի ներկայացնելու եւ վերածելու քաղաքական արշաւի: «Այդ սեւ քարոզչութեան առջեւ մենք ամուր պէտք է կանգնինք», ըսած է Էրտողան:

Ըստ անոր, Թուրքիոյ մէջ փորձեր եղած են սրբագրելու պատմութիւնը, այլ կերպ ներկայացնելու, սակայն թուրք ժողովուրդը սուտ պատմութեան մոլորութեան մէջ չէ ինկած:

Եթէ նախագահն ու վարչապետը ուղղակի հարիւրամեակին ակնարկելով յանձնարարութիւններ կը կատարեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներուն, ապա այդ ոլորտը ղեկավարող արտաքին գործոց նախարարը տարբեր ոճ եւ մարտավարութիւն որդեգրած է: Ան Երեւանի Սեւծովեան համաժողովէն ի վեր կը շարունակէ կեդրոնանալ հայ-թուրք յարաբերութիւններու վերաձեռնարկման հաւանական ուղիներուն վրայ` չմոռնալով անշուշտ Պաքուի բաժինը: Տաւութօղլու իր աճպարարական ըսելաձեւերուն մէջ չի մոռնար նաեւ սփիւռքը` թրքական սփիւռքի նշանաւոր տեսութիւնը տարբեր առիթներով կրկնելով:

Թրքական ներիշխանական դերերու բաշխումի պատկերը մօտաւորապէս հետեւեալը կը պարզէ. մինչ Կիւլ-Էրտողան Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը կը վերածեն Թուրքիոյ դիմագիծը միջազգային հարթութեան վրայ պայծառացնելու առիթի, թուրք արտաքին գործոց նախարարը «թրքական սփիւռք»-ի տեսութեան գործնականացման բեմագրութիւններ կը սեւագրէ: Պարզ է տրամաբանութիւնը: Հայկական այսօրուան սփիւռքը շառաւիղն է Օսմանեան կայսրութեան նախկին քաղաքացի հայերու. ուրեմն անոնք «անմարդկայնօրէն տեղահանուած»-ներու ժառանգորդներն են, որոնց իրաւունք կը տրուի վերադառնալու իրենց երկիրը: Աւելի՛ն. ոչ միայն վերադառնալու, այլ վերատիրանալու իրենց ինչքերուն, կալուածներուն, կամ հատուցում ստանալու այդ բոլորին դիմաց: Բնականաբար, անմարդկայնօրէն տեղահանուածներու ժառանգորդները նախ եւ առաջ պէտք է վերականգնեն իրենց քաղաքացիութիւնը եւ վերջին հերթին իրաւականօրէն հաստատեն, որ իրենց իրաւունքները լրիւ ստացած են, այս պարագային զիրենք անմարդկայնօրէն տեղահանածներու ժառանգորդներուն կողմէ:

Էրտողանի համոզումով Թուրքիոյ դէմ սեւ «Փի. Ար.» իրականացնողները Տաւութօղլուի բանաձեւումով անմարդկայնօրէն տեղահանուածներուն ժառանգորդներն են:

Երկու այս մօտեցումներուն առանքներուն մէջ կը թուի, թէ Անգարա պիտի շարունակէ իրականացնել սեւ «Փի. Ար.» անմարդկայնօրէն տեղահանուածներու ժառանգորդներուն նկատմամբ: Իսկ այս մէկը Կիւլ- Էրտողան-Տաւութօղլու եռեակին համոզումով պիտի պայծառացնէ Թուրքիոյ դիմագիծը միջազգային հարթութեան վրայ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել