«Ազդակ»ի Խմբագրական. Փակել Կառավարելի Քաոսի Հանգրուանը

azdakԼիբանանեան քաղաքական բեմը մակընթացութիւններու եւ տեղատուութիւններու միջեւ յայտնուած կացութեան մէջ կը գտնուի: Այսպէս, եթէ մէկ կողմէ քաղաքական թնճուկներու հանգուցալուծման միտող յայտարարութիւններ կը կատարուին, միւս կողմէ ապահովական հարթութիւնը անգամ մը եւս կ՛ենթարկուի նոր ցնցումներու: Կառավարութեան կազմութեան ուղղութեամբ դրական նախադրեալներ փոխանցող երեւոյթները կը շատնան, առանց անշուշտ իրողական տուեալներ ճշդելու: Տրամագծօրէն հակադրուած բեւեռներու միջեւ յայտարարողական մակարդակի վրայ փոխասացութիւնները մտածել կու տան, որ տեղաշարժի սկիզբը մօտալուտ է:

Բայց լիբանանեան դիպաշարին հետեւելու փորձառութիւն կուտակած որեւէ մարդու մտքին մէջ կը մրճահարուի թերահաւատութիւնը, որ մետասաներորդ պահու պատրուակ-պատճառային անմիջական հետեւողականութեամբ կրնայ կտրուկ փուլ գալ լաւատեսութիւն կոչուող լիբանանեան խաւաքարտէ դղեակը, եթէ մանաւանդ արտալիբանանեան կեդրոններու մէջ աշխատող կանաչ լոյսերը վերածուին կարմիրի: Այս հանգրուանին կը թուի, որ նարնջագոյն լոյսը դէպի կանաչի անցում կատարելու կարգավիճակին մէջ է եւ ոչ թէ դէպի կարմիր:

«Ժընեւ-2»-ը հետզհետէ տեսանելի կը դառնայ: Յատուկ լուսարձակ կը խլէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, տարածաշրջանային կարեւոր ուժ նկատուող Իրանի գործօնը դրական դերակատարութիւն պէտք է ունենայ սուրիական տագնապի հանգուցալուծման ընթացակարգին մէջ:

Այս մէկուն գուցէ նախանշային իմաստ պէտք է տալ` հիւլէական թղթածրարի հարցով նոր բանակցութիւններու վերաձեռնարկման մօտալուտ ըլլալը նկատի ունենալով: Այս պարունակին մէջ ալ պէտք է դիտարկել Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերահաստատումը, թէ ժամանակը չէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու:

«Ժընեւ-2»-ի տեսանելիութեան զուգահեռ, Լիբանանի նախկին վարչապետին սպանութեան հարցով միջազգային դատարանի նիստերու սկիզբին հետ կապուող երեւոյթներու մեկնաբանութիւնը կարիքը ունի հետագայ ուղղուածութիւններու ձեւաւորման: Ուշագրաւը այն է, որ նախապէս ամբաստանութեան սլաքներու հասցէատիրոջ հետ կառավարութիւն կազմելու պատրաստակամութիւնը կը հրապարակուի այժմ` քաղաքական համեմատական լաւատեսութեան նոր երանգ ապահովելով:

Ապահովական գետինը համապատասխան չէ քաղաքական մակարդակի վրայ արձանագրուող նոր երեւոյթներուն: Հերմելի պայթումէն մինչեւ Արսալի հրթիռակոծումն ու հիւսիսի վառօդի տակառներուն պայթուցիկութեան չափը մտածել կու տան երկրին ու քաղաքացիներու կեանքերուն սպառնացող լուրջ վտանգներու մասին:

Մինչ, Մոսկուա-Ուաշինկթըն հրադադարի համաձայնութեամբ եւ ՄԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ քիմիական զինաթափումի գործողութիւններու սկիզբով սուրիական տագնապը հիմնական ձեւափոխում կ՛ապրէր: Կառավարական եւ հակակառավարական ուժերու բախումը կը վերածուէր ծայրայեղ կրօնականութեան կողմէ իրականացուող լայնածիր գործողութիւններու բանակին դէմ եւ ապա ներընդդիմադիր ընդհարումներու եւ նոյնիսկ ներծայրայեղական հակամարտութիւններու:

Ծայրայեղականութեան արմատաւորումն ու կայացումը յայտնապէս մտահոգած են Արեւմուտքը: Իրաքի իշխանութիւններուն սանձազերծած մաքրազտման գործողութիւնները մտածել կու տան այս ուղղութեամբ համալիր ծրագիրի մասին:

Այս տրամաբանութեան մէջ կարելի է դիտարկել նաեւ զսպիչ հանգամանքները` Լիբանանը սուրիական տարբերակով չքաոսացնելու: Իրանի գործօնի դրական հանգամանքը տեսնելու կամ իրանամէտ ուժերու հետ կառավարութիւն կազմելու ուղղութեամբ պատրաստակամ ըլլալու: Լիբանանը ծայրայեղականութեան դիմաց դարպասելու նպատակով մինչեւ այս գործիքներու պտուտակներուն ամրացումը, չէ բացառուած, որ այս երկիրը ցնցեն այլ պայթումներ: Կառավարելի քաոսի այս հանգրուանը փակելը անհրաժեշտ է, իսկ այդ հանգրուանին համար նոյնքան անհրաժեշտ` կառավարութեան կազմութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել