Ակնարկ. Մեկուսացումներ` Առաջադրուած Հակազդեցութիւններու Համար

Rouhani-_kurds-in-Syria-420x143«Ժընեւ-2»-ի հետ կապուած մեկնաբանութիւնները երէկ կտրուկ կերպով սկսան բացասական եւ յոռետեսական երանգներ ստանալ։ Անկախ անկէ, թէ հետագայ ի՛նչ ընթացք կը ստանայ եւ թէ վեհաժողովը որեւէ համաձայնական արդիւնքի հասնելու հնարաւորութիւններ ունի՞, թէ՞ ոչ, փոխադարձ ամբաստանութիւններու ոլորապտոյտին մէջ մտնելը նպաստաւոր որեւէ տուեալ չի կրնար ապահովել խնդիրներու լուսաբանման աշխատանքին։

Պէտք է փորձել կեդրոնանալ հայկական գործօնին հետ ուղղակի-անուղղակի աղերս ունեցող երեւոյթներու հետ, թէկուզ երկարաժամկէտ կտրուածքի վրայ հաւանական ազդեցութիւնները տեսնելու առումով։

Թեհրանին չմասնակցիլը միջազգային վեհաժողովին, աւելի ճիշդը հրաւէրի որոշումին յետս կոչուիլը անշուշտ թէ իր անդրադարձը պիտի ունենար տարածաշրջանին մէջ յայտնուած կարեւորագոյն թնճուկի հանգուցալուծման գործընթացին վրայ։ Սուրիական դիրքորոշումի խստացում, Դամասկոսէն հնչող յայտարարութիւններու համեմատական կարծրացումէն մինչեւ լիբանանեան կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներու դանդաղեցում կրնան կապուած ըլլալ Թեհրանի նկատմամբ Արեւմուտքի կայացուցած վերջին դիրքորոշումին հետ։

Այս մէկը սակայն յայտնապէս չ՛արգելակեր Թեհրանի նոր առաջնորդին հետ կայանալու ընթացքին մէջ եղող, գոնէ յայտարարողական մակարդակի վրայ չափաւորական քաղաքականութեան համահունչ ելոյթները շարունակելու։ Հակառակ ժընեւէն մեկուսացումին, Թեհրանը կը շարունակէ դրական նշաններ դրսեւորել եւ յայտարարել, որ ինք պատրաստ է բոլոր պետութիւններուն հետ բնականոն յարաբերութիւններ մշակելու։ Իսկ այս մէկը բնականաբար տարբերութիւն կ՛ընդգծէ նախորդի օրերուն երկիրներու վերացման մասին յայտարարութիւններուն միջեւ։

Ամենայն հաւանականութեամբ Իրանի գործօնին շրջանցման միջազգային այս փորձը պիտի չնպաստէ տարածաշրջանին մէջ մեծ օրակարգերու լուծման։ Եւ երբ ներսուրիական պատերազմի սկիզբը հանգամանաւոր կեդրոններու կողմէ կը յայտարարուէր, թէ պէտք է քանդել Թեհրան-Դամասկոս առանցքը, լռելեայն աւելցնելով նաեւ Մոսկուան, ապա նոյն այդ ռազմավարական առանցքի կազմաքանդումը նպատակադրողները վստահաբար պիտի գիտակցէին, որ առանց կարեւորագոյն առանցքային այդ կեդրոնին կարելի չէ համալիր լուծում ապահովել տարածաշրջանային հիմնախնդիրին։ Ուրկէ նաեւ կը հետեւի այն մտածումը, որ առաջադրուածը քաոսային իրավիճակի շարունակութեան ապահովումն է, գէթ առայժմ։

«Ժընեւ-2»-էն դուրս մնացին նաեւ Սուրիոյ քիւրտերը,որոնք կ՛ակնկալէին այս մեծ օրակարգի քննարկման ընթացին լսելի դարձնել իրենց իրաւունքները։ Քիւրտերու մասնակցութեան տեղի չտալը, հակազդեցութեան կարգով զիրենք առաջնորդեց ինքնավար Քիւրտիստանի յայտարարութեան։ Պէտք է արձանագրել, որ մինչ այդ, սակայն, Սուրիոյ քիւրտերը ստեղծած էին արդէն իրողապէս ինքնավար Քիւրտիստանը։ «Ժընեւ-2»-ին չմասնակցելու իրականութիւնը երեւութապէս մղած էր ինքնավարութեան հաստատման։

Հիմա եթէ փորձենք դիտարկել այն կշիռը, որուն մէկ կողմը (ապ)արդիւնաւէտ ժողովի մասնակցութիւնն է,իսկ միւս կողմը՝ ինքնավարութիւնը, երկար քննարկումի չ’ենթարկուիր երկրորդին նախապատուութիւնը։ Եթէ Իրանը չհրաւիրելով քաոսային իրավիճակի շարունակութիւնը կ՛ապահովուի, ապա քիւրտերը մասնակից չընելով ինքնավարութեան հաստատումը կ՛ակնկալուի։ Իսկ այս մէկը արդէն տարածաշրջանային նոր քարտէսագծումի նախաբանի հանգամանք կրնայ ստանալ, եթէ բաժանարար ծրագիրներու գոյութիւնը չժխտուի։

Իսկ գէթ քիւրտերուն մասով նոր քարտէսագծումը կը թուի, որ չի բխիր Անգարայի շահերէն։ Ինքնավար Քիւրտիստան Իրաքի մէջ եւ այժմ ինքնավար Քիւրտիստան Սուրիոյ մէջ. կը մնայ ինքնավարութիւն մը երրորդ կարեւոր միջավայրի մը մէջ։

Իրանը մեկուսացնողը կ՛ուզէր քաոսային իրավիճակի շարունակութիւնը։ Սուրիոյ քիւրտերուն դիմաց Ժընեւի դռները փակողը կ՛ակնկալէր ինքնավարութեան հակազդեցութիւնը։ Տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ նոյն կողմը երկարաժամկէտ ծրագիրով կը նախանշէ Թուրքիոյ մասնատումը։

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել