Ակնարկ. Մոսկուան Եւ Ուաշինկթընը Կը Յարգեն Խաղի Կանոնները` Ոճային Տարբերութիւններով

Lavrov-Kerry-f-720x404Հինգշաբթի, 23 յունուարին, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները արցախեան տագնապի կողմերուն կոչ ուղղած էին զերծ մնալու բռնութիւններէ եւ կեդրոնանալու տագնապի խաղաղ լուծման ջանքերուն վրայ:

Աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մերի Հարֆ, պատասխանելով Ազրպէյճանի կողմէ հայկական սահմանին վրայ կատարուած վերջին յարձակումին մասին հարցումի մը` ըսած էր, թէ ցարդ ամբողջական տեղեկութիւններ չունի այդ միջադէպին մասին, խոստանալով այդ մասին խորհրդակցիլ պաշտօնատարներու հետ` յաւելեալ տեղեկութիւններ ապահովելու նպատակով:

Այստեղ, տրամաբանութիւնը շատ այլընտրանքային պատասխաններու առիթ չի տար: Կա՛մ այն է, որ իսկապէս Հարֆ իրազեկուած չէ պատահարներէն եւ կա՛մ ալ խուսափած է աւելի մասնակի պատասխան տալէ` պատասխանատուութեան հաւասարեցման կանոնը խախտած չըլլալու համար: Բայց նախքան Հարֆի խուսափողական պատասխան տալը, թէկուզ նոյն կանոնի յարգումով, արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ նման յայտարարութիւն հրապարակելը կացութեան լարուածութիւնը ընդգծելու կը միտի:

Այս կանոնը կը յարգուի նաեւ տագնապի լուծման համար միջնորդութիւն ստանձնած միւս համանախագահող երկրին` Ռուսիոյ կողմէ: Այստեղ սակայն, անկախ Հայաստանի հետ ռազմավարական յատուկ գործընկերութեան հանգամանքէն, Ռուսիան գլխաւոր ուժն է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, որուն հիմնադրոյթներէն է անդամ երկրի մը նկատմամբ կատարուած ոտնձգութիւնները կանխարգիլելը կամ կատարուածը ամբողջ ռազմական դաշինքի բաղադրիչներուն նկատմամբ ընկալելն ու համարժէք արձագանգ ունենալը: Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան պաշտօնական արձագանգումները եւս որոշ խուսափողականութիւն կը կրեն, Հարֆի անտեղեակութիւնը յիշեցնող առաջին յայտարարութեամբ եւ աւելի ուշ Միացեալ Նահանգերու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին յայտարարութեան համահունչ կոչով:

Պաշտօնական Մոսկուայի հրապարակած կոչին մէջ զգուշացման բաժին մը կայ հետագայ դէպքերու լրջագոյն բարդացումին եւ անխուսափելի բացասական հետեւանքներուն մասին: Լարուածութեան հետագայ ծաւալման պարագային «անխուսափելի են բացասական հետեւանքները ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացին համար»: «Կրնայ լրջօրէն բարդանալ իրագործումը այն պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են 2013 թուականի նոյեմբերի 19-ին Վիեննայի մէջ կայացած հայ-ազրպէյճանական վեհաժողովին», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Այս զգուշացումը կրնայ անպայման չմեկնաբանուիլ անշուշտ ռուսական միջամտութեան ահազանգով, մանաւանդ, որ առաջին անգամը չէ, որ զգուշացման բովանդակութեամբ յայտարարութիւն կը հրապարակուի համանախագահող երկրի կողմէ: Երանգային տարբերութիւնը այն է, որ եթէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւններուն միջեւ նմանութիւնն ու մօտեցումը աւելի կը համընկնին, Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի կատարած յայտարարութիւններուն մէջ ընդհանուր մօտեցումն ու պատասխանատուութեան հաւասարեցման կանոնները յարգելու երեւոյթին առընթեր կը նկատուի քանի մը տարբերութիւն:

Ի տարբերութիւն Ուաշինկթընի, Մոսկուան պարզ կը դարձնէ, որ ինք մանրամասնօրէն իրազեկ է պատահարներէն: Տակաւին. Մոսկուան պարզ կը դարձնէ, որ դէպքերու նման լարուածութեամբ զարգացումը կրնայ յանգիլ լրջագոյն բարդութիւններու եւ անխուսափելի բացասական հետեւանքներու:

Այս յաւելուածական զգուշացում-կոչերուն տակաւին կրնայ համընկնող յայտարարութիւն կատարել Ուաշինկթընը, որուն բանբերը ի պատասխան հայ լրագրողին խոստացած էր այդ մասին խորհրդակցիլ պաշտօնատարներու հետ` յաւելեալ տեղեկութիւններ ապահովելու նպատակով, տրուած ըլլալով, որ չէր տիրապետեր պատահարներու ծալքերուն:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել