«Ազատ Օր»ի Խմբագրական – Հակահայ թրքամոլութեան երեք զոհ՝ Գուրգէն Մարգարեան, Հրանդ Տինք, Սեւակ Պալըքճը

gourgen-hrant-sevag_20-2-14Տարբեր էին երեք հայերու սպանութեան թուականները, բայց մէկ էր անոնց սպանութեան առիթ տուած հակահայ թրքամոլութեան կիրքը։ Փետրուար 19, 2004ին, Պուտափեշտի մէջ, Գուրգէն Մարգարեան քնացած պահուն կը սպաննուէր ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի կացինէն։

19 Յունուար 2007ին Պոլսոյ մէջ, իր հրատարակած թերթի խմբագրատան առջեւ կը սպաննուէր Հրանդ Տինք, իսկ թրքական բանակին մէջ ծառայութեան ժամանակ, 24 Ապրիլ 2011ին, թուրք զինակիցի մը կողմէ կը սպաննուէր Սեւակ Պալըքճը։ Երեք գազանային սպանութիւններ, որ սուգի կը մատնէին համայն հայութիւնը ու երեւութապէս կը ցնցէին «քաղաքակիրթ» արեւմուտքը՝ նոյն այդ Եւրոպան, որ չի վարանեցաւ երբեք ինքզինք հռչակելու մարդոց իրաւունքներու պաշտպան, սակայն միշտ մեղսակից ու առաջատար մնաց արդարութիւնը ոտնակոխող խախտումներուն առջեւ։

Տաս տարի անցած է Եւրոպայի ծոցին մէջ եւ միջազգային հանրային կարծիքի սահմռկած աչքերուն առջեւ պարզուած Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան դէպքէն։ Աւելի կարճ է ժամանակը, սպանութեան դէպքի յաջորդած գայթակղութեան, երբ հայ սպան սպաննած ազերի ոճրագործը դատուեցաւ, բանտարկուեցաւ եւ ցմահ ազատազրկման վճիռ ստացաւ, բայց քիչ չանցած, օր-ցերեկով եւ միջպետական կաշառքով՝ ազատ արձակուեցաւ եւ «հերոսացաւ» իր երկրին մէջ։ Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած ամօթալի համաձայնութիւն մըն էր այս, որ անգամ մը եւս կþապացուցանէր միջպետական կեղտոտ խաղերն ու շահերը։ Քաղաքակիրթ մարդկութեան ճակտին դրոշմուած ամօթի ու կեղծիքի թագ մըն էր Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակումը, որ երբեք կարելի չէ մոռնալ կամ ներել։

Մինչեւ այսօր, միջազգային հանրութիւնը աններելի կողմնակալութիւն ցուցաբերած է Ատրպէյճանի ռազմական սպառնալիքներուն, յարձակումներուն ու խախտումներուն առջեւ, իր պահապան թեւերուն տակ պահելով անտառի օրէնքով առաջնորդուող յարձակողապաշտ այս երկիրը։ ԵԱՀԿի եւ ՆԱԹՕի պէս միջազգային կառոյցներ՝ դեռ բանակցութիւններու սեղան կը շարունակեն նստիլ պետական ահաբեկչութիւն կիրարկող այս երկրին ու բռնատէր իր նախագահին հետ, որ ոչինչ կը հասկնայ քաղաքակիրթ մարդոց յարիր՝ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներէն։

Ժողովրդային առածը կþըսէ թէ հոն ուր խօսքը չ’անցնիր՝ ուժն է որ արդարութիւնը կը պարտադրէ։ Եւ այս մէկը՝ մարդոց եւ ոչ թէ անտառային օրէնքին հիմամբ։

azator.gr

Տպել Տպել