«Ազդակ»ի Խմբագրական. Պուտափեշթի Մարդասպանը Եւ Պաքուի «Հերոս»-ը

Khempakragan_1Տասը տարի առաջ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն մասնակցելու առիթով Պուտափեշթ ժամանած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած պահուն կացինահար ըլլալով կը սպաննուէր ազրպէյճանցի Սաֆարովի կողմէ: Այնուհետեւ դիպաշարը ծանօթ է բոլորին: Ձերբակալութիւն, դատավարութիւն, ահաւոր ճնշում Պաքուի կողմէ Հունգարիոյ դատաիրաւական հաստատութիւններուն վրայ, վճիռ, ցկեանս բանտարկութիւն: Երկու տարի առաջ ազրպէյճանահունգարական գործարքներու եւ լուռ համաձայնութիւններու իբրեւ արդիւնք մարդասպանը կը յայտնուէր ազատութեան մէջ եւ կ՛արժանանար Պաքուի կողմէ հերոսի կոչումին:

Ազրպէյճանական կողմին մէջ արձանագրուած վերաբերումները, արարքները, ճնշումները, գործարքներն ու ատելութեան դրսեւորումներու գագաթ նուաճած օրինակները պարզ են եւ գուցէ նաեւ ակնկալելի Պաքուի իշխանութիւններէն:

Խնդիրին դիտարկումը փորձենք հայկական եւ ազրպէյճանական դաշտերէն տեղափոխել միջազգային հարթութիւն` նկատելու համար քանի մը կէտեր:

Սաֆարովի անասնային յարձակումը գործուած էր ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձի շրջանակներուն մէջ: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յաչս ՕԹԱՆ-ին պարզ տրամաբանութեամբ յստակ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ, որ նման զինուորական պաշտօնատար ուղարկած է միջազգային մակարդակի վրայ իրականացուող վարժողական ծրագիրին: Եթէ տակաւին չենք ուզեր խօսիլ սաֆարովներու գազանային դրսեւորումներուն պատճառ հանդիսացած հայատեաց քաղաքականութեան մասին եւ պահ մը կ՛ուզենք կեդրոնանալ ազրպէյճանցի սպայի հոգեկան անհաւասարակշռուածութեան վրայ: Նոյնիսկ այս պարագային Պաքուի համապատասխան բաժանմունքները պատասխանատու կը նկատուին նման փորձարկումներու ինքնատիրապետումէ հեռու սպայ ուղարկած ըլլալով: ՕԹԱՆ-ը այս առումով չունեցաւ համարժէք արձագանգ:

Հունգարական դատաիրաւական հաստատութիւնները առաջին փուլին արտառոց որեւէ որոշում չտուին: Պարզ էր. կատարուածը մարդասպանութիւն էր, այն ալ ամէնէն քստմնելի եւ դատապարտելի բնոյթով, որուն համար ալ դատական ընթացակարգէն ետք կար վճիռ: Առաւելագոյն պատժաչափ: Խնդիրը հետագային էր: Լուռ, լուսարձակներէ հեռու, կարելի է բնորոշել նոյնիսկ թաքուն բանակցութիւններ Պաքուի եւ Պուտափեշթի միջեւ յանգեցան գործարքի: Պուտափեշթը կ՛արտայանձնէր մարդասպանը, մարդասպանութիւնը քաջալերած պետութեան: Պուտափեշթը կրնար յենիլ անշուշտ միջպետական յարաբերութիւններով սահմանուած արտայանձնումի օրէնքին վրայ` նման գործողութիւն կատարելու համար: Արտայանձնումի դիմումը գաղտնի պահելու, բանակցութիւնները թաքուն ձեւով կատարելու եւ արտայանձնումը յանկարծակի բացայայտելու հունգարական կողմին պահուածքը կը շեշտէ գործարքային ուղղութիւնը այս բոլորին մէջ: Հունգարական քաղաքական դաշտը նոյնիսկ չէր իմացած այս մութ համաձայնութեան ծալքերուն մասին: Հայկական կողմին կը մնար առկախել դիւանագիտական կապերը Պուտափեշթի հետ:

Շարունակենք Պուտափեշթի լուռ մեղսակցութեան փաստի համոզման տրամաբանութիւնը: Հունգարական իշխանութիւնները անպայման համոզուած էին, որ իրենց արձակած դատավճիռը` ցկեանս բանտարկութիւնը վերջ պիտի գտնէր արտայանձնումի թոյլտուութեան օրը: Որեւէ երաշխիք չկար հակառակը փաստելու: Արտայանձնումի օրէնքը բնականաբար միջպետական յարաբերութիւններ յարգող կողմերուն կը վերաբերի. անոր իմաստը այն է, որ դատավճիռին գործադրութեան աշխարհագրական միջավայրն է, որ կը փոխուի եւ ոչ թէ դատավճիռը: Ազրպէյճանի նման երկիրներն են, որոնք ոչ միայն կը խախտեն եւ կ՛ոտնակոխեն օրէնքը, այլեւ միջազգային օրէնքի շահագործումով մարդասպանը կը վերածեն հերոսի: Պուտափեշթը բոլոր տուեալները ունէր բողոքագիրներ ուղարկելու Պաքուին, իր կայացուցած որոշումին կայծակնային բեկանումին մասին բացատրութիւն պահանջելու, անգամ դիւանագիտական կապերը առկախելու Պաքուի հետ® եթէ նախապէս կայացած չըլլար գործարքը:

ՕԹԱՆ-ի իրաւական բաժանմունքներէն անկախ լուռ մնաց նաեւ միջազգային ընտանիքը. ի վերջոյ միջազգային յարաբերութիւններու ընդհանուր շրջագիծին մէջ կայացած օրէնքի կոպիտ խախտում էր կատարուածը:

Այստեղ է բուն խնդիրը: Արտայանձնումի օրէնքի շահարկումով մարդասպանը կը վերածուի հերոսի: Ազրպէյճանին հարազատ է այս վարքագիծը: Բայց երբ Պաքուն կը գտնէ իրեն հետ գործարքի գացող Պուտափեշթի նման կողմեր, երբ ՕԹԱՆ-ը չ՛առկախեր Ազրպէյճանի մասնակցութիւնը իր կազմակերպած ռազմափորձերուն եւ երբ միջազգային ընտանիքը հաշիւ չի պահանջեր արձանագրուած կոպիտ խախտումին համար, Պաքուն վերստին կը փորձէ սրել իր կացինը:

Հայկական կողմը այս բոլորի նկատառման հարկադրանքին առջեւ է:

aztagdaily.com

Տպել Տպել