«Ազատ Օր»ի Խմբագրական. «Ազատ Օր» 70 տարեկան

azador70Առաջին հերթին մաղթանքներու օրեր կրնան ըլլալ յոբելենական տարեդարձներու թուականները, բայց մանաւանդ մամլոյ դաշտէն ներս իւրաքանչիւր տարեթիւ որ կþաւելնայ օրաթերթի մը երկար ճանապարհին վրայ, յաղթանակ մը կը նշանաւորէ։ Յաղթանակ, որ կը պատկանի բոլորին անխտիր՝ թերթի ընթերցողներուն, բաժանորդներուն, վարչական պատասխանատուներուն, աշխատակազմին, նուիրատուներուն եւ բարեկամներու այն լայն շրջանակին, որ թիկունք կը կանգնի հայ մամուլին։
Այսօր կը նշենք յունահայ գաղութի երկարամեայ օրաթերթ՝ «Ազատ Օր»ի 70ամեակը։ Հայ մամուլի այն ներկայացուցիչին 70ամեակը, որ Յունահայ գաղութին մէջ կազմաւորուեցաւ, հասունցաւ, 70 տարիներու ճանապարհ կտրեց, հաւատարիմ մնալով իր կոչումին՝ գօտե- պնդելու, խրախուսելու, սփոփելու ու ի հարկին՝ ահազանգելու:

Յունահայոց միակ օրաթերթը, 70-ամեայ իր անխափան հրատարակութեան երկար երթի ընթացքին, աներկբայօրէն ծառայեց գաղութի կարիքներուն եւ իր կարգապահութեամբ մեծապէս սատարեց մեր գաղութի գործունէութեան ծանօթացման ու վարկի բարձրացման:

Յունահայ գաղութը յաջողեցաւ պահպանել իր օրաթերթը՝ առանց ընկրկումի, առանց զիջումներու:
Բարոյական եւ նիւթական գերագոյն զոհաբերութեան գնով մեր գաղութը կրցաւ պահպանել, մինչեւ այսօր, իր ծաւալուն օրաթերթը: Եւ ոչ միայն պահել, այլ շէն-ցընել, ընդարձակել, գունազարդ դարձնել, յունարէն յաւելուածներ աւելցնել, մանկապատանեկան էջեր հրատարակել, կուսակցական եւ ազգային հարցերու քննարկման առիթներ ստեղծել, բոլորին հասնիլ՝ երիտասարդին, պատանիին, աշակերտին ու հայ կնոջ արտայայտութեան բեմ դառնալով, իւրաքանչիւրին որպէս ընկեր, իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի որպէս հարազատ անդամը։

«Ազատ Օր»ի ընտանիքին մաս կազմած սերունդները տեսիլք, հեռատեսութիւն ու լաւատեսութիւն ունեցող սերունդներ եղան, որոնք սիրով ու յանդգնութեամբ տարին իրենց աշխատանքը։ Դժուար երթ մը անկասկած, բայց նաեւ որքա՜ն ապրում, որքա՜ն թարմութիւն, որքա՜ն ստեղծագործական հեւքով լեցուն մթնոլորտ։

Ելեկտրոնային հաղորդակցութեան, համացանցի արագութեան այս տարիներուն հարց պէտք է տանք թէ հայերէնով տեղեկատուութիւնը ունի՞ արդեօք իր արժանի տեղը հասարակական մեր կեանքէն ներս։ Անմիջապէս ըսենք, որ հայերէնով տեղեկատուութիւնը մտային եւ հոգեկան կապը կþամրապնդէ հայ հաւաքականութիւններուն միջեւ, մէկ ամբողջականութիւն դարձնելով տարածուած հայ ժողովուրդը ու հաւաքական կեանք ստեղծելով։ Նաեւ զօրաւոր ազդակ է՝ հայերէն լեզուն կենսունակ պահելու։ Իսկ իբր խմբագրական մասնագիտական աշխատանք՝ հայութիւնը յուզող հարցերը այժմէականացնելու, հանրային կարծիքը արթուն պահելու գործիք է հայ թերթը, նոյնքան արժէքաւոր՝ որքան համահայկական նշանակութեան մեր կռուանները՝ եկեղեցիները, դպրոցներն ու ակումբները։

Իսկ միջազգայնօրէն գերյագեցած տեղեկատու դաշտին մէջ, հայկական լրատու միջոցին գոյութիւնը իր տպագիր, ելեկտրոնային, համացանցային, հեռահաղորդման ու ամէն տեսակի երեսներով¤ կարեւոր այն ազդակն է, որ հայկական կամ միջազգային նիւթը հայուն պիտի մատուցէ իր եզակի՝ հայկական մօտեցումով։

Յունահայ գաղութը ԱԶԱՏ ՕՐի սիրահարն է, որովհետեւ թերթի 70ամեայ հրատարակութիւնը ապահոված է ինք՝ մեր գաղութը, իր տասնեակ գրողներով, թղթակիցներով, աշխատակիցներով, հաւատարիմ բաժանորդներով, ընթերցողներով, որոնք փաստած են, թէ կանգուն պահել թերթը, կը նշանակէ ապահովել ապագայ սերունդներու ժառանգը. փոխանցելով սէրն ու տեսիլքը՝ հայ մամուլի նորանոր սպասաւորներուն։

azator.gr

Տպել Տպել