«Հայրենիք»ի խմբագրական. Արցախեան հիմնահարցի աղաւաղում Հարաւային Տոքոթայի Մէջ

hayreniqՓետրուարը կը նկատուի Ատրպէյճանի քարոզչական մեքենայի եւ լոպիինկի ամենաբեղուն ամիսը:

Այս մէկը, յստակօրէն նշմարելի է վերջերս, յատկապէս երբ այդ նոյն ամսուան աւարտին կը նշուի Խոճալուի դէպքերու տարելիցը:

Պարզումեկին սխալ վերլուծումներով, նաեւ դէպքերու աղաւաղուած եւ սուտ ու փոյթ եզրակացութիւններով կը ներկայացուի ու կը մեկնաբանուի պատահածը…ջարդարար նկատելով հայը, իսկ ջարդուող` ազերին:

Զարմանալի բեմագրութիւն…կամ իր հողին վրայ պայքարած Արցախցիին համար “ցենար“ (սենարիօ) պիտի ըլլար այս մէկը:

Պաքուի այս տարուան ընտրած թիրախներէն մէկը, հեռաւոր եւ “մոռցուած“ Հարաւային Տաքոթա նահանգն է, ուր ազերի լոպին իր “փեթրոտոլար“ներով կը փորձէր հակահայ յերիւրածոյ յօդուածով (թիւ 1020) մը քուէարկել ոչ թէ միայն յանձաւոր, այլ ցեղասպան նկատել հայորդին, որ այդ թուականներուն կը նշէ այլ

սպանդ մը` Փետրուար 28, 1988-ին Սումկայիթի մէջ կատարուած ջարդերը:

Յստակ էր թէ ինչ պատահած էր Ատրպէյճանի այս քաղաքի հայութեան: Կրկնութիւն պիտի ըլլայ նկարագրել ազերի “Օմոն“ականներու կատարած բարբարոսութիւնները:

Սակայն Խոճալուի պարագային, տեղին է վերստին ներկայացնել պատահածն ու դէպքերու իրադարձութիւնները, մանաւանդ որ Ատրպէյճան յայտարարած է թէ Խոճալուի ցեղասպանութեան ճանաչումը միջազգայնացնելու նպատակով, ամէն գնով յաւելեալ ջանք պիտի թափէ:

Հետաքրքրական բաղդատական մը ընել Արցախի եւ Հարաւային Տաքոթայի միջեւ: Բնութեան գիրկին մէջ բազմած գեղեցկութիւններ…իրարմէ մղոններ հեռու:

Կարելի է բաղդատել մէկ կողմէն Սիու Ֆօլզն ու Ռափիտ Սիթին եւ միւս կողմէն Ստեփանակերտն ու Շուշին…Նաեւ բաղդատել Պէտլանծն ու Գանձասարի շրջանը եւ անշուշտ Պապիկն ու Մամիկը` Ռաշմոր լերան ամերիկացի նախագահներու արձանին հետ:

Բնականաբար, պատմութիւն կերտած Միացեալ Նահանգներու հսկայ կոթողային դիմանկարներու հսկողութեան տակ…անհանդուրժելի եւ անընդունելի պիտի ըլլայ նման աղաւաղում:

Այս տիտաններու նահանգէն ներս, տեղւոյն ծերակուտականները պէտք է որ քաջատեղեակ ըլլան թէ Արցախի ազատագրութեան ուժերը շղթայազերծած էին զինուորական գործողութիւն մը` ապահովելու համար շրջանի միակ օդակայանը, որ այդ օրերուն կը գտնուէր Խոճալուի մօտ: Հետեւաբար, այս ռազմագիտական բնոյթ ունեցող յարձակումը կատարուած էր չէզոքացնելու ազերի թշնամի դիրքերը, ուրկէ ծանր հրթիռներով հետեւողական ձեւով յարձակումներ կը կատարուէին եւ կուրօրէն կը ռմբակոծուէին մերձակայ հայկական շրջաններ:

Տեղւոյն ինքնապաշտպանութեան ուժերը դիտմամբ, բաց ձգած էին անցք մը, որպէսզի տեղւոյն անմեղ բնակչութիւնը, կարելիութիւնը ունենայ փախչելու եւ ամենայն ապահովութեամբ հեռու մնալու զինուորական գործողութիւններու շրջաններէն: Պատմական ստոյգ փաստերը ցոյց կուտան թէ անմեղ բնակչութեան վրայ կրակոցները կատարուած են Աղտամէն երկուքուկէս եւ Խոճալուէն ինը մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող շրջանի մը մէջ, որ այդ օրերուն ազերիներու հակակշիռին տակ կը գտնուէր:

…Եւ այս բոլոր հաստատ տեղեկութիւններուն քաջատեղեակ եղան Հարաւային Տաքոթայի ղեկավարները` Ճորճ Ուաշինկթընի, Թոմըս Ճէֆըրսընի, Թէոտոր Ռուզվելթի եւ Ապրահամ Լինքըլնի հովանիին տակ…դէմ քուէարկելով ազերիներու առաջադրած յօդուածին:

hairenikweekly.com

26/02/2014

Տպել Տպել