Խմբագրական. «Ազատութիւն»-ը Կանխած Է «Մայտան»-ը 26 Տարիով

Karabagh_Ukraine-720x315 (1)Ուքրանիոյ քաղաքական դաշտին վրայ արձանագրուող դիպաշարը ընդհանուր առումով ռուսամէտ եւ արեւմտամէտ արեւելումներու բախումներով կարելի է բնութագրել: Այս մէկը անշուշտ շատ ընդհանուր բնութագրում է. միջանկեալ պէտք է նկատի ունենալ ժողովուրդի երկու հատուածներու բեւեռայնացման հանգամանքները` սկսած պատմական դաւանական բաժինէն, լեզուական տարբերութենէն, անցնելով մշակութային, հասնելու համար քաղաքական սուր հայեացքներու: Այստեղ համաուքրանական յղացքը արդէն մշուշապատուած է եւ տարանջատումը հետզհետէ կը խորանայ:

Ուքրանական պատկերներու մեկնաբանութիւնը բազմագործօնային բացատրութիւններ եւ հիմնաւորումներ կ՛ենթադրէ անշուշտ: Այս գործընթացները տակաւին երկար ժամանակ պիտի զբաղեցնեն միջազգային, տարածաշրջանային գործընթացները մեկնաբանողներուն ուշադրութիւնը: Անիրատեսական չէ արձանագրելը, որ մինչեւ իսկ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ է, չըսելու համար երկրի բաժանումը:

Այս արագակշռոյթ զարգացումներուն մէջ փորձենք կեդրոնանալ «Մայտան»-ի հայկական տարբերակի յառաջացման հաւանականութեան շուրջ մեր հայրենիքին մէջ ծաւալող քննարկումներուն վրայ:

Անշուշտ «Մայտան»-ի աշխուժացումը հետեւեցաւ Վիլնիւսի մէջ ընկերակցութեան համաձայնագիրը Քիեւի կողմէ չնախաստորագրելու յանկարծակի որոշումին: Պարզ էր ռուսական գործօնին ուղղակի միջամտութիւնը եւ ճնշումը: Զուգահեռը այստեղ Երեւանի կեցուածքի շարժառիթը լոյսին բերելու առումով յստակ կը գծուի: Մոսկուան, աւելի կանուխ, Երեւանէն պահանջելով Մաքսային միութեան անդամակցութեան մասին որոշումի հրապարակումը նախաբանը կատարեց Ուքրանիոյ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագրի գործընթացը առկախելու:

Ուքրանական եւ հայկական ներքաղաքական դաշտերու կառուցուածքը եւ մանաւանդ ժողովուրդներու այս հարցերը ընկալելու եւ հակազդեցութիւն ունենալու մօտեցումները բաւական կը տարբերին իրարմէ: Եւ ճիշդ պիտի չըլլար հայկական դաշտին վրայ ուքրանական տարբերակի պատճէնահանումը ակնկալելը Երեւանի մէջ: «Ազատութիւն» հրապարակի մայտանացման առաջադրանքի իրականացման հաւանականութեան քննարկումը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի յայտնուէր հայ քաղաքական մտքի այսօրուան վերլուծումներուն մէջ:

Բայց. պէտք չէ մոռնալ, որ Մայտանի վրայ հսկայական լուսարձակներ բանալ տուողը Արեւմուտքն է, որ ի վերջոյ ռուսական ազդեցութեան գօտիի փոքրացման նպատակը կը հետապնդէ: Ռուսական գաղութարարութեան դէմ բացուած համաարեւմտեան այս համազարկը կը ճշդէ նաեւ քարոզչաքաղաքական ալիքի բարձրացման եւ տարածաշրջանին վրայ տարածման կշռոյթներն ու տարողութիւնները:

Այս ալիքէն անմասն չի մնար մեր երկիրը: Ուր անշուշտ կայ հարստապետութեան եւ ժողովուրդին միջեւ խորացած վիհ, ուր կայ նաեւ ռուսական գաղութարարութեան դէմ արտայայտուելու նկատառելի տրամադրութիւն, ուր կայ անշուշտ համակարգային փոփոխութեան պահանջ:

Միաժամանակ սակայն մեր երկիրն ու ժողովուրդը փաստը տուած են, որ համազգային ռազմավարական եւ անվտանգութեան էական նշանակութիւն ունեցող հիմնահարցերն են, որոնք կրնան մէկ մարդու նման ոտքի կանգնեցնել հայ ժողովուրդը հայրենիքի մէջ թէ հայրենիքէն դուրս: Ուքրանիայէն օրինակ առնելու յորդորները պէտք չէ մտահան ընեն, որ մեր մայտանը` «Ազատութիւն» հրապարակը ամբողջ աշխարհին ուշադրութեան կիզակէտը գրաւեց, երբ տակաւին հիւսիսի բեւեռը կայսրութեան հանգամանքը կը վայելէր թէ՛ իրողապէս եւ թէ՛ իրաւական առումով: Քաղաքագիտական տեսաբանութիւնը նոյնիսկ այնպիսի վերլուծումներ կատարեց, որ Խորհրդային Միութեան փլուզման առաջին ճեղքերը երեւցան Ղարաբաղի հարցով հայութեան պոռթկումներով: Յիշելը օգտակար է նաեւ, որ երբ մեր երկիրը ներքաշուեցաւ ուքրանական օրինակով ստեղծուած իրավիճակի մէջ , մեր սահմաններուն ուղղութեամբ շատ արագ զարգացան ոտնձգութեան գործողութիւնները հակառակորդին կողմէ:

Արցախի ինքնորոշման թէ երկրի անկախացման պահանջներով օրին, ուժեղ Հիւսիսի դէմ դուրս եկած մեր ժողովուրդը դասեր տուած է այլոց: Մեր երկիրն ու ժողովուրդը գիտեն ճշդել պահը փողոց դուրս գալու իրողապէս համաժողովրդային տարողութեամբ: Արեւմտամէտ թէ ռուսամէտ արեւելումներու խնդիրը կամ Վիլնիւսը ընդդէմ Մաքսային միութեան երկուութիւնները արեւմտեան աշխարհի ճշդած օրէնքներով ընթացող գործընթացներն են, որոնց ներքաշուելու կամ մասնակցելու որոշումը կրնայ կայացնել մեր ժողովուրդը, որ փաստը տուած է թէ ազգային հիմնախնդիրներուն նկատմամբ ինչ տեսակ պահուածք կ՛որդեգրէ: «Ազատութիւն»-ը կանխած է «Մայտան»-ը 26 տարիով: Ռուսամէտ-արեւմտամէտ բախումը պատճէնահանելը անպայման չի բխիր մեր երկրի ու պետութեան շահերէն: Մենք դասեր առնելէ աւելի, դասեր ունինք տալիք այս իմաստով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել