15 Մարտ 1921. Թալէաթ փաշայի ահաբեկման խորհուրդը (Ինչո՞ւ մեծ ոճրագործի մը անմեղ ահաբեկիչը կը դատուի, բայց մէկուկէս միլիոն անմեղներու ցեղասպանը ո՛չ…)

tehlirian_14-3-1493 տարի առաջ, Մարտ 15ի օրը, Պերլինի մէջ գործուեցաւ իւրօրինակ ահաբեկչութիւն մը, որ խտացուց արիւնի եւ արհաւիրքի ամբողջ պատմութիւն մը եւ խորհրդանշեց ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին արդար ցասումը, վրէժը եւ պահանջատիրութիւնը։

15 Մարտ 1921ին, Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղամասի Հայտէնպէրկ փողոցին մէջ, օր-ցերեկով, Սողոմոն Թեհլիրեան անունով 25ամեայ հայ երիտասարդ մը ահաբեկեց Մեհմեթ Թալէաթ փաշան՝ Օսմանեան Կայսրութեան իթթիհատական կառավարութեան ներքին գործոց նախարարը եւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն։

Ժամանակաշրջանի միջազգային քաղաքականութեան տխրահռչակ դէմքերէն էր Թալէաթ, որ իբրեւ թրքական պետութիւնը կառավարող Իթթիհատական Եռապետութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութիւնը մխրճեց անհեռանկար ու կործանարար Աշխարհամարտին մէջ, այլեւ աշխարհասասան պատերազմի թոհուբոհէն «օգտուելով»՝ հրահանգեց գործադրութիւնը հայ ժողովուրդի բնաջնջման թուրք պետական ծրագրին։
Ինչպէս Իթթիհատական ղեկավարութեան բոլոր անդամները, նոյնպէս եւ Թալէաթ Պոլսէն փախուստ տուաւ՝ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին չարաչար պարտութիւն կրած թրքական պետութեան յանցագործութիւններուն համար անձնապէս հաշուետուութեան կանչուելու եւ դատուելու անխուսափելի պարտաւորութենէն փախուստ տալու նպատակով։
Թալէաթ հաստատուեցաւ Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղամասը, ծպտուեցաւ ու ինքնաթուղթ փոխեց, որպէսզի ոչ ոք գտնէ իր թագստոցը եւ կարենայ այդպէ՛ս՝ օրէնքէ ու արդարադատութենէ խոյս տուած, «վայելել» իր յանցագործ կեանքին մեղաւոր պտուղները։

Մեծ հաւանականութեամբ Թալէաթ թերեւս կարենար խուսափիլ Դաշնակիցներու եւ մինչեւ իսկ իր իշխանութեան հետեւանքով ծանր կորուստ կրած թուրքերու հետապնդումներէն կամ «արդարադատութենէն»։ Բայց Թալէաթի ձեռքերուն վրայ մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու ցեղասպանութեան արիւն կար եւ դեռ չէր չորցած բիւրաւոր հայ նահատակներու՝ հայ մայրերու եւ երեխաներու, հայ կոյսերու եւ ալեհերներու արիւնը։

Եւ յանուն հայ ժողովուրդին ու մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն՝ Դաշնակցութիւնը գտաւ Թալէաթին եւ Սողոմոն Թեհլիրեան հասաւ Պերլին ու հրէշի բնակարանին առջեւ գետին փռեց հայ ժողովուրդի ցեղասպաններու ոհմակին թիւ 1 ներկայացուցիչին։

talaat pasha_14-3-14Թալէաթի «երգը շատոնց երգուած էր»…

1919ի աշնան արդէն, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, տրուած էր որոշումը թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան պատասխանատուներու մահապատիժին։

Արմէն Գարոյի եւ Շահան Նաթալիի գլխաւորութեամբ կազմուած էր յատուկ Մարմին՝ ծրագրելու, կազմակերպելու եւ գործադրելու համար Դաշնակցութեան որոշումը։

Այդպէ՛ս կեանք առաւ թրքական պետութեան գործադրած հայասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուները ահաբեկելու «Նեմեսիս» (յունական դիցաբանութեան Վրէժի չաստուածին անուան հետեւողութեամբ) գործողութիւնը։
Եւ ճակատագրի դասաւորումով մինչ այդ աշխարհին եւ նոյնիսկ հայութեան համար անյայտ դաշնակցականի մը՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի վստահուեցաւ իրագործումը Հայկական Արդարահատուցման։
Եւ հայ ժողովուրդի արդարադատ՝ վրիժառու բազուկը խորհրդանշող անունը դարձաւ Սողոմոն Թեհլիրեան։
Ազգային Հերոսի դափնեպսակին արժանաւորապէս տիրացած դաշնակցական ահաբեկիչը ծնած էր 2 Ապրիլ 1896ին, Արեւմտեան Հայաստանի Դարանաղեաց (Կամախ) գաւառի Վարի Բագառիճ գիւղը, Երզնկայի մերձակայքը։ Թրքական իշխանութեանց կողմէ երկրէն աքսորուած եւ Սերպիա հաստատուած Խաչատուր Թեհլիրեանը տարիներով պանդխտութեամբ հոգաց ապրուստը Երզնկա մնացած իր կնոջ եւ հինգ զաւակներուն, որոնց կրտսերն էր Սողոմոն։ Սողոմոն իր ուսումը ստացաւ Երզնկայի նախ Բողոքականաց, ապա՝ Եզնիկեան վարժարաններուն մէջ, իսկ 1912ին աւարտեց տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանը, ուր իր առաջին ծանօթութիւնը ունեցաւ դաշնակցական գործիչներու հետ եւ փարեցաւ Դաշնակցութեան։
1913ին Սողոմոն եւս մեկնեցաւ Սերպիա՝ հօր ու անոր միացած ընտանիքին մօտ, որպէսզի տարի մը ետք անցնէր Գերմանիա՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Բայց 1914ին պայթած Առաջին Աշխարհամարտը լրիւ փոխեց նաեւ 18ամեայ Սողոմոնի կեանքի ուղին։ 1914ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, ան անցաւ Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չտրուեցաւ Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան յաջողեցաւ, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալ ծնողքին գրաւոր թոյլտուութիւնը իր կամաւոր արձանագրումին համար։

Այդպէ՛ս, Հոկտեմբեր 1914ին, Սողոմոն հասաւ Թիֆլիս եւ միացաւ Սեպուհի վաշտին, որ մաս կը կազմէր Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող Կամաւորական Առաջին Գունդին։ Երեք տարուան կամաւորական ծառայութիւնը ամբողջապէս թրծեց Սողոմոն Թեհլիրեան դաշնակցական մարտիկի կերպարը։

Արեւմտահայաստանի ժամանակաւոր ազատագրութեան հետ, Սողոմոն հնարաւորութիւնը՛ունեցաւ այցելելու նաեւ Երզնկա, որուն քարուքանդ վիճակն ու ամայութիւնը խորապէս ցնցեցին զինք այնքան ծանրօրէն, որ իր կենսագիրներէն Կարօ Գէորգեանի վկայութեամբ՝ «ուշաթափ կþիյնայ գետին։ Արդարեւ, Երզնկայի եւ շրջակայքի ամբողջ հայութեան հետ, նաեւ իր գերդաստանին 85 անդամները-մայրը, երկու եղբայրներուն կիներն ու զաւակները եւ մօտիկ ազգականները-սպաննուած էին 1915ին։ Իսկ իրենց տունը դարձած էր թրքական հանրակացարան»։

1919ի Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհ. Ժողովէն ետք եւ «Նեմեսիս» ի գործադրութեան նախնական փուլին, Թեհլիրեան ուղարկուեցաւ Պոլիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի որոշումով 1920ի Ապրիլին կատարեց ահաբեկչական իր առաջին գործողութիւնը՝ մահապատիժի ենթարկելով Պէշիկթաշի տխրահռչակ մատնիչ՝ թաղապետ Յարութիւն Մկրտիչեանը, որ գլխաւոր մեղսակիցը եղած էր 24 Ապրիլ 1915ի հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան։

Ահաբեկումէն ետք ան պարտաւորուիեցաւ անցնիլ Փարիզ, ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն սորվեցաւ։ Բայց քանի մը ամիս ետք կանչուեցաւ Ուաշինկթըն, Մ.Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի կողմէ, որ կը ղեկավարէր «Նեմեսիս»ի գործադրութիւնը։

Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ճշդումը կատարուած է վիճակաձգութեամբ եւ այդպէս է, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին վիճակուեցաւ Թալէաթի ահաբեկումին գործադրութիւնը։

Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան 1920ի Դեկտեմբերին ուղեւորուեցաւ Ժընեւ, ուրկէ անցաւ Պերլին (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման ծրագիրը։

Ջարդարար պարագլուխը – Ալի Սալէհ Պէյ անցագրով ու ծպտուած – կ’ապրէր Պերլինի Հայտէնպէրկ փողոցին վրայ։ Թեհլիրեան, իբրեւ ուսանող, սենեակ մը վարձեց Թալէաթի տան ճիշդ դիմացը, ուրկէ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ցեղասպան ճիւաղին շարժումներն ու կենցաղը՝ իրենց յետին մանրամասնութեամբ։

15 Մարտ 1921ի առաւօտեան ժամը 10ին, երբ Թալէաթ իր բնակարանէն դուրս գալով կը յառաջանար մայթէն, Թեհլիրեան հանդիպակաց մայթէն փողոցը կտրեց, դէմ առ դէմ մօտեցաւ ջարդարարին եւ ատրճանակի մէկ գնդակով գետին փռեց զայն։ Անցորդները յարձակեցան Թեհլիրեանի վրայ եւ փորձեցին խոշտանգել զայն՝ առանց գիտնալու, թէ ինչո՛ւ օր-ցերեկով բարեհամբոյր տեսքով այդ երիտասարդը ահաբեկած եւ անշունչ գետին փռած էր անծանօթ անցորդը…

Շահան Նաթալի կը վկայէ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին յանձնարարած էր ահաբեկումէն ետք փախուստ չտալ եւ յանձնուիլ գերմանական իշխանութեանց, որպէսզի աշխարհով մէկ դատուէր եւ իր հետ դատավարութեան ենթարկէր Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրը։ Թեհլիրեան ձերբակալուեցաւ եւ աղմկալից դատավարութեան արժանացաւ։ Գերմանական դատարանը հաստատեց, որ ահաբեկումի ենթարկուած «զոհը»՝ Թալէաթ իսկութեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դահիճ էր ու, աւելի՛ն, դահճապետ էր, որուն ուսերուն կը ծանրանար ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու պետական յանցագործութեան ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը։

Փաստօրէն Սողոմոն Թեհլիրեան կրկնակիօրէն պատմութիւն խտացնող խորհրդանիշ դարձաւ 15 Մարտ 1921ի իր Քայլով եւ Ցեղասպան Թուրքը խորհրդանշող Թալէաթի ահաբեկումով։ Նախ՝ մարմնաւորեց հայոց Արդար Դատավճիռը գործադրող բազուկը։ Ապա՝ խորհրդանշեց միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութեան։

Նոյնինքն Ցեղասպանութիւն բառը իր ժամանակակից իմաստով յղացած ու գործածութեան յանձնած Ռաֆայէլ Լեմքինի հետեւողութեամբ (որ իբրեւ կրտսեր դատապաշտպան ու իրաւաբան մասնակցեցաւ Թեհլիրեանի դատավարութեանէն), Թալէաթի ահաբեման խորհուրդը յիշեցնելով, հարց ու տանք բոլորին.

– Ինչո՞ւ մեծ ոճրագործի մը անմեղ ահաբեկիչը կը դատուի, բայց մէկուկէս միլիոն անմեղներու ցեղասպանը ո՛չ…

Ն.

azator.gr

Տպել Տպել