Ակնարկ. Հայկական Նուրբ Կշռադատումներու Հանգրուանը

Berkin Elvan funeralԹուրքիոյ տարածքին, 32 տարբեր քաղաքներու մէջ, վերաբռնկած մարդաշատ ցոյցերը ունին երեւութական շարժառիթ։ Յունիսի շարժումին, Թուրքիոյ ոստիկանութեան հարուածներուն տակ մահաքունի մէջ ինկած պատանիի մահը շատ արագ վերաբռնկեցուցած է քաղաքացիական անհնազանդութեամբ բնորոշուող թրքական շարժումը։ Բաղադրիչները այս շարժումին, հիմնական ուղղուածութիւն մը ունենալով հանդերձ բազմազան են։

Պէտք չէ մտահան ընել այն, որ թուրք պատանիի մահուան դիմաց նման ժողովրդային արձագանգումը կ՛ընդգծէ երեւութական շարժառիթին տակ արմատաւորուած պայթունավտանգ ենթահող մը։ Այստեղ է արդէն, որ շարժումին ներգրաւուած ուժերու տարբաղադրման փորձը կը համոզէ, որ բնապահանութեան, մարդկային իրաւունքներու, ձախակողմեան գաղափարախօսութեան, մշակութային ժառանգութեան պահապնման հետամուտները, իշխանափոխութեան առաջադրանքով հետզհետէ կը կազմեն վարչակարգի փոփոխութիւնը պահանջող ուժերու համախմբան նախաձեւաւորումը։

Եւ այս առումով, վարչապետ Էրտողանի դիպաշարի բնութագրումը կը տեղաւորուի քաղաքական տարմաբանութեան մէջ։ Էրտողան դէպքերու վերաբռնկեցումն ու համատարածումը կը կապէ 30 մարտի ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան հետ, զանոնք նկատելով առեւտրական ընկերութիւններու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ հրահրուած գործողութիւններ։

Ընտրարշաւի այս եղանակի կայացման պատասխանատուութիւնը բարդելով առեւտրական ընկերութիւններու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ուսերուն, վարչապետ Էրտողան թափանցիկ ձեւով մատնացոյց կ՛ընէ իսլամականութեան հոգեւոր – աշխարհիկ ուղղութիւններուն համատեղման գաղափարախօսութեան հիմնադիր եւ ԱՄՆ հաստատուած Կիւլենը եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ետին կանգնող ուժերը։ Ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու աշխատելաձեւը, ճշդած առաջադրանքներն ու քաղաքացիական շաժրումներու վրայ ազդելու հնարաւորութիւնները ընդհանրապէս մաս կը կազմեն արեւմտեան մշակոյթին եւ կը կիրարկուին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Աւելի յստակացնելու համար , Էրտողան, առանց ուղղակի վերագրումի, իսլամական վարչակարգի փոփոխութեան շարժումին ետին կը տեսնէ ԱՄՆէն Թուրքիոյ հաստատութիւններն ու կառոյցները հեռակառավարող Կիւլենն ու ընդհանրապէս Արեւմուտքը։ Պատասխանատուութեան հաւասարեցման յայտարարութիւն է պարզապէս Էրտողանի կատարածը։

Առաջադրուածը փոփոխութի՞ւնն է, թէ իշխանութեան թուլացումը, աւելի պարզ կը դառնայ մինչեւ նախագահական ընտրութիւններ։ Յունիսի դէպքերէն ետք կանգ չէ առած Էրտողանով յատկանշուող Անգարայի իշխանութիւններուն վարկաբեկման ուղղուած գործողութիւններու շարքը։ Կը թուի սակայն, որ խորքային պետութեան որոշման կեդրոնները սանձերը թուլցնելու եւ ամրացնելու հաւասարկշռման խաղը կը շարունակեն պահել իրենց ձեռքը։

Համացանցի կարեւորագոյն ծառայութիւնները փակելու Էրտողանի սպառնալիքը կը յիշեցնէ արաբական գարնանային հովերէն ազդուած երկիրներու ղեկավարներուն հակազդեցութեան քայլերը։ Այստեղ եւս դէպքերու հրահրման պատճառները դուրսէն ներածուած ըլլալու հաստատումին կը կապուին ուղղակիօրէն։

Ներթրքական այս իրադարձութիւններու պարունակին մէջ հայկական գործօնի նկատմամբ ամփոփ դիտարկում կատարելէ առաջ պարզապէս հարկ է նշել, որ ներքին սրացող ճգնաժամի արտահանման փորձ կը կատարէ նոր օսմանականութեան ճարտարապետական համակարգը’ Խրիմի մէջ համաթուրանական գաղափարախօսութեան կարգախօսին տակ տեղւոյն թաթարներուն անվտանգութիւնը ապահովելու աշխուժ յայտարարութիւններով։

Թրքական նորագոյն իրադարձութիւններուն մէջ «Նոր զարթօնք»-ի երեւումը ձախակողմեան ուժերու եւ քաղաքացիական շարժումին օղակներուն մէջ այս առումով միակ տեսանելի իրողութիւնը չէ։ Ազգայնական թրքական ուժերու ընտրացանկերուն վրայ հայ անուններուն յայտնուիլը, որքան ալ զանգուածային յենարան չունենայ, այսուհանդերձ հայ տարրին այդ ուղղութեան վրայ եւս արձանագրուելու երեւոյթը կ՜ընդգծէ։ Եւ կայ երրրորդ հիմնական բաժինը, որ կը վերաբերի աւանդական համայնքին’ գործող մեծամասնութեան ի նպաստ հաւանական դիրքորոշումին։

Հայկական գործօնին յաւելեալ աշխուժացումը գուցէ այս հանգրուանին այնքան ալ առաջադրելի չէ։Մանաւանդ, որ տակաւին այս շարժումներուն մէջ ծայր չեն առած ինքնութեան խնդիրները։Այդ պահը արդէն ճակատագրորոշ տարողութեամբ ուրի՜շ հանգրուան է։

«Ա.»

www.aztagdaily.com

Տպել Տպել