Հալէպի մէջ հրթիռներու եւ հրասանդերու տարափը կը շարունակուի

Հալէպի Նոր Գիւղ շրջան

Հալէպի Նոր Գիւղ շրջան

24 Մարտ 2014ի, Ժամը 16:30ին, մօտաւորապէս կէս ժամուան մէջ Նոր Գիւղի շրջանին մէջ, ճշգրտօրէն Ս.Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (որ ծանօթ է, որ Զուարթնոց եկեղեցի անունով) շրջակայքը եօթ հրթիռ եւ հրասանդ տեղաց:
Անոնք ինկան բնակելի շէնքերու տանիքները եւ տուներու վրայ: Ինկած հրթիռներուն պատճառով հայ երիտասարդ մը, երիտասարդուհի մը եւ տեղացի մայր ու որդի մը վիրաւորուեցան:

Զոհերուն մասին ցարդ յստակացում չկայ:

Հրթիռներէն մէկուն թիրախը Հայ Կաթողիկէ Ս.Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցին էր: Հրթիռը պայթաւ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ…

Հրասանդներէն մէկը ինկաւ հայու մը բնակարանին վրայ եւ հրդեհ մը բռնկեցաւ, շրջանի հայ երիտասարդները փութացին շիջանել կրակը մինչեւ հրշէջ մեքենաներու ժամանումը:

Հրթիռաձգութիւնը նիւթական ծանր վնասներ պատճառեց շրջանի բնակարաններուն, դեռ չխօսած անոր պատճառած վախի, սարսափի ու հոգեկան խանգարումներու մասին…

Լրատուական Գրասենեակ – Հալէպ

24 Մարտ 2014, ՀԱԼԷՊ

Տպել Տպել