Տեղեկագիր Քեսապի 21-22 մարտի դէպքերուն

(Ականտեսներու վկայութիւններ)

Քեսապ

Քեսապ

Մարտի լոյս 21-ի գիշերը բռնկեցաւ Քեսապի թրքական սահմանը` ամբողջ երկարութեամբ: Թրքական տասը Պի.ԷՄ.Պէ. հատեցին թուրք-սուրիական սահմանը: Բազմաթիւ հրասայլեր նոյնպէս: Սկսան ուժգին յարձակում գործել սուրիական բանակի դիրքերուն վրայ: Կողմէն սկսան հարուածել յատկապէս Սեւ Աղբիւրի եւ Քեսապի բարձրունքի վրայ գտնուող սահմանային պահակակէտերը: Թրքական հրթիռներ հարուածեցին Քառասուն Հինգ կոչուած բարձրունքի սուրիական բանակի դիրքը, ապա Ֆրընլոքի դիրքը:

Հազարաւոր զինեալներն ու ահագին զինամթերքը թրքական մեքենաններով բերուեցան Սեւ Աղբիւրի սահմանին վրայ: Զինամթերքը, թուրք զինուորները բաժնեցին զինեալներուն: Գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորները տեղափոխուեցան թրքական հիւանդատար մեքենաններով: Այսպիսով յարձակումի ճամբան թրքական կողմը պատրաստեց: Զինեալները չէչէն, աֆղանիստանցի, լիպիացի, թունուզցի եւ շատ մեծ թիւով թուրքմէններ էին: Յարձակումը սկսաւ Քեսապի բարձրունքի կէտէն: Հազարաւոր զինեալներ կայծակի արագութեամբ ներխուժեցին նախ Սեւ Աղբիւր, ճեղքեցին անցան սահմանի պահակակէտը, հասան Տիւզաղաճ եւ Լեղի Ջուր:

Գարատաշէն Քեսապի բարձրունք, մինչեւ Տիւզաղաճ եւ անկէ մինչեւ Նապ ըլ Մըր տասնհինգ քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանը դարձաւ ճակատ: Թրքական կողմը տեւաբար զինամթերքով կը մատակարէր զինեալները: Գործողութիւններու ընթացքը ակնյայտ կը դարձնէր, որ զինեալներու յարձակում մը չէր եղածը, այլ լաւապէս սերտուած, կազմակերպուած եւ մասնագիտականօրէն ուղորդուած եւ ղեկավարուած բանակի մը գործողութիւնը: Նշենք, որ ատկէ բաւական ժամանակ առաջ, այս սահմանէն Թուրքիա իր զօրքը քաշած էր, բայց ամիսներէ ի վեր սահմանի ամբողջ երկայնքին, սուրիական կողմէն լսելի էին երկաթագործական աշխատանքի մեքենաններուն ձայները: Գործողութիւններու ընթացքին ալ Թրքական զօրքը կատարեց մատակարարում զինեալներուն:
Մենք գիշերով անդրադարձած էինք եւ կը հետեւէինք սահմանի ամբողջ երկայնքով կատարուող շարժումներուն, եւ պատրաստ էինք հսկողի մեր դիրքերուն վրայ: Առաւօտուն ժամը հինգի մօտերը սկսաւ յարձակումը: Առաջին պայթումը լսուեցաւ Քեսապի բարձրունքէն, եւ այլեւս չդադրեցաւ, հակառակ սուրիական բանակի զօրաւոր պաշտպանութեան:

Յարձակողները հրետանիի երեք հարուածներով փլեցին Քեսապի բարձրունքի սուրիական սահմնակէտը: Եւ անկէ ետք գործողութիւնները ընթացան շատ արագ: Առին Սեւ Աղբիւրը, սահմանակէտը: Մենք, ի տես այս կացութեան, ըստ նախատեսուածին, վտանգուած շրջաններէն սկսանք պարպել Քեսապի եւ գիւղերուն կիններն ու մանուկները, յարմարագոյն տղաները եւ տղամարդիկ մնացին բանակի օժանդակութեան համար: Մեր ընկերներէն մէկը ձերբակալուեցաւ եւ ազատեցաւ հրաշքով: Զոհ չունեցանք: Կռուողները շատ մարզուած էին, մեր համոզումով յատուկ մարզուած ուժեր էին: Եթէ Քեսապցիներս զգացած չըլլայինք սահմանի վրայ եղած շարժումները եւ ժամանակին պարպած չըլլայինք բնակչութիւնը, պիտի կրկնուէր Ըսլընֆէի ջարդը: Թուրքիոյ սահմանի ամբողջ երկայնքին բոլոր բլուրներուն վրայ արձակազէններ դրուած էին: Անոնք մեզ մէկիկ մէկիկ կ՚որսային, եթէ մենք սովորականին պէս գացած ըլլայինք մեր դաշտային աշխատանքերուն:

Սուրիական բանակը մէկ օր առաջ լաւ կռուած էր ու պաշտպանած ամբողջ սահմանը. Առաջին օրը մտան Սեւ Աղբիւր եւ վտանգեցին Քեսապի մայր ուղին` արձակազէնով: Նոյն ատեն խուժեցին մեծ թիւով Սեւ Աղբիւրէն եւ մտան Քեսապի սիրտը: Բանակը յոգնած էր, Թուրքիոյ կատարածէն ու հարուածէն եւ զինեալներու բազմահազարնոց թիւէն անակնկալի եկած պէտք եղած օժանդակութիւնն ալ կարելի չեղաւ ատենին հասցնել: Նոյն պատճառով թրքական հողէն զինեալներ անդադրում կերպով կը շարունակէին ներխուժել:

Քեսապի մէջ այլեւս բնակչութիւն չկայ: Քեսապ ամբողջութեամբ հայաթափուած է. իր աւանով եւ տասներկու գիւղերով: Հազար հազարաւոր քեսապահայեր, խաղաղասէր եւ աշխատասէր, դարձած են ոչ միայն գաղթական ու անտուն, այլ նաեւ` արմատախիլ, իրենց պատմական բնակավայրէն, ուր ապրած էին հազարաւոր տարիներ, ուր արիւն-քրտինք թափած էին, քարէն հաց քամած էին հաստատութիւններ հիմնած, մշակոյթ կերտած:

Լաթաքիոյ հայութիւնը գրկաբաց ընդունեց գաղթական քեսապահայերը եւ անոնց պատսպարան յատկացուց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հայոց հոգետունը, ճիշդ այն վայրը, ուր պատսպարուած էին քեսապահայերը 1909-ի Աղէտին ատեն:

Գաղութի պատասխանատուները գործակցաբար քեսապի պատասխանատուներուն ձեռնհասօրէն կը հոգան բնաւեր քեսապահայերուն բազմազան պէտքերը:

Բուռն մարտերը տակաւին կը շարունակուին Քեսապի մէջ:
Քեսապահայութեան կը սպասեն անորոշ օրեր:

Ո՞վ կրնայ կանխատեսել գալիք օրերը: Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ հայուն դժբախտութեան պատճառը միշտ նոյնն է` Թուրքը`, ամօ’թ քաղաքակիրթ աշխարհին:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ – ՀԱԼԷՊ

Տպել Տպել