Նամակ Աւստրալիոյ Արտաքին Գոծոց Նախարարին

UN-GENERAL ASSEMBLY-ARMS TRADE TREATY-FINLAND-AUSTRALIAՍիտնի. Աւստրալիոյ Հայ Դատի Գրասենեակը Երեքշաբթի 25 Մարտ 2014-ին նամակ մը ուղարկած է Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Ճուլի Պիշոպին որուն մէջ կը պահանջէ Աւստրալիոյ կառավարութենէ պէտք եղած քայլերը արնել կասեցնելու , Քեսապի մէջ, Ալ-Քաիտայի եւ անոր նման ծայրայեղ իսլամական կազմակերպութիւններու գործած արարքները:

Նամակին մէջ գրասենակը յիշածէ «ներկայիս կատարուած արարքները եւ յատկապէս Թուրքիոյ կառավարութեան ունեցած հսկայ ներդրումը կու գայ Հայ ժողովուրդին անգամ մը եւս յիշեցնելու 1915-1923 շրջանի Օսմանեան Թուրքիոյ կատարած անմարդկային ոճիրները»:

Գրասենեակը նաեւ կոչ ուղեց Աւստրալիոյ կառավարութեան«կատարել իր մարդկային եւ բարոյական պարտականութիւնները եւ իբր ՄԱԿ-ի ապահովական խորհուրդի անդամ Հայ ժողովուրդի ձայնը հասանելի դարձնել միջազգային ատեաններէն ներս»:

Հարցազրոյցի մը ընթացքին Գրասենեակի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան ըսաւ «Հայ ժողովուրդը ընդհարապէս եւ Հայ դատի գրասենեակները յատկապէս պէտք է անյապաղ աշխատին կասեցնելու համար մարդկային եւ միջազգային օրէնքներու խախտումները որ կը կատարուին մեր հայրենակիցներուն հանդէպ »: «Արտաքին գործոց նախարարութեան յղուած նամակը մեր նախատեսած աշխատանքներուն առաջին քայլն է » աւելցուց ան:

Կրնաք ընթերցել Աւստրալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Ճուլի Պիշոպի Աւստրալիոյ Հայ Դատի Գրասենեակի յղած նամակը անգլերէնով հետեւեալ կայքէջէն՝
http://www.armenia.com.au/news/Australia-News/English/33024/ANC-Australia-requests-government-support-for-Armenians-of-Kessab

armenia.com.au

Տպել Տպել